Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան Պատգամը

ՅԱՐՈՒՑԵԱԼ ՔՐԻՍՏՈՍ ՄԻՇՏ ՄԵԶԻ ՀԵՏ

 

Քրիստոսի աշակերտներ տակաւին չէին համոզուած թէ՝ խաչուած ու թաղուած Յիսուսը յարութիւն էր առած մեռելներէն: Անորոշութեան ու յուսահատութեան մատնուած աշակերտներուն յայտնուելով յարուցեալ Քրիստոս կ’ըսէ՝ «ես եմ, մի՛ վախնաք» (Ղկ 24. 36), վստահեցնելով միաժամանակ թէ՝ «միշտ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ աշխարհիս վախճանը» (Մտ 28. 20):

 

Մի՛ վախնաք, որովհետեւ ձեզի հետ եմ:

 

Ահա դարերէն եկող ու դարերուն գացող պատգամը յարուցեալ Քրիստոսի:

 

Ա՛յս է իմաստը քրիստոնէական հաւատքին. ա՛յս է ուժը քրիստոնէական կեանքին: Արդարեւ, Բեթղեհէմի ճամբով Աստուած մեզի հետ եղաւ: Երկինք համբառնալէ առաջ յարուցեալ Քրիստոս դարձեալ վստահեցուց թէ միշտ մեզի հետ պիտի ըլլայ՝ մինչեւ իր երկրորդ գալուստը:

 

Քրիստոսի ու անոր հետեւող մարդուն փոխ-յարաբերութիւնը ա՛յս հայեցակէտով դիտելով, Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ՝ «Անգամ մը որ Քրիստոսի միանալով մկրտուեցաք, այլեւս Քրիստո՛ս է որ կ’ապրի ձեր մէջ» (Գղ 3. 27): Ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել Քրիստոսի ներկայութիւնը մարդուն մէջ. ի՞նչ են Քրիստոսի հետ ըլլալու պայմանները:  Հետեւինք Առաքեալի ցուցմունքներուն:

 

1. «Եղէք նո՛ր մարդ» (Եփ 4. 24): Առաքելական թուղթերը կարեւորութեամբ կը շեշտեն քրիստոնէական հաւատքի այս առաջնահերթ պայմանը: Քրիստոսի մտերմութեան մէջ ապրած, անոր ուսուցումներուն ունկնդիր եղած ու հրաշքներուն ականատես դարձած աշակերտները իրենց գոյութենական փորձառութեամբ զգացած էին թէ իրենք Քրիստոսով դարձած էին նոր արարած: Անոնք Քրիստոսի առաքելութեան մէջ վկայած էին մարդը վերամարդացնելու սրբազան նպատակ մը:

 

Եւ իրաւա՛մբ, Քրիստոս իր թաղումով թաղած էր հին մարդը եւ յարութեամբ վերստեղծած նոր մարդը՝ Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուած: Քրիստոսի յարութիւնը մեղքի տիղմին մէջ թաղուած մարդուն վերականգնումն է, չարի տիրապետութեան ենթակայ մարդուն ազատագրումը:

 

Քսանմէկերորդ դարու ժխորին մէջ, շրջապատուած ենք այնպիսի կենցաղակերպերով ու մտածելակերպերով, որոնք կը փորձեն Քրիստոսով վերստեղծուած մա՛րդը քանդել մարդուն մէջ ու տարբեր մարդ մը կազմաւորել: Ներկայ դարը այնպիսի գրաւիչ երեւոյթներով կը լեցնէ մարդկային կեանքը, որոնք մարդը կը հեռացնեն Քրիստոսի ներկայութենէն: Որպէս Քրիստոսով նոր արարած դարձած անձեր, որքանո՞վ կ’անդրադառնանք մեզի եղած աստուածային այս մեծ շնորհքին եւ որքանո՞վ հաւատարիմ կը մնանք Քրիստոսին՝ քալելով ի՛ր ճամբէն միայն, հետեւելով ի՛ր ուսուցումներուն միայն, եւ կառչած մնալով այն արժէքներուն, որոնք մարդուն մէջ քրիստոսատիպ մարդը կը պահեն ամուր ու առողջ:

 

2. «Ճշմարտութեա՛մբ ամրապնդեցէք ձեր մէջքը» (Եփ 6. 14): Նոր արարած դառնալ կը նշանակէ ճշմարտութեան ջահակիրը դառնալ, ճշմարտութեան համար պայքարիլ, չարչարուիլ ու նո՛յնիսկ նահատկուիլ: Այսպէ՛ս եղաւ Քրիստոսի կեանքը: Այսպէս եղաւ կեանքը ճշմարտութեան յաղթանակին համար իրենց անձը ընծայաբերած բոլոր հերոսներուն:

 

Քրիստոնեայ մարդուն համար ճշմարտութիւնը վերացական յղացք չէ, ապագային յայտնուելիք իրականութիւն մը չէ: Ճշմարտութիւնը Բեթղեհէմի ճամբով դարձաւ շօշափելի իրականութիւն: Նազարէթէն մինչեւ Երուսաղէմ Քրիստոս դարձաւ ճշմարտութեան առաքեալը, եւ ի խնդիր ճշմարտութեան՝ խաչ բարձրացաւ: Յարութիւնը ճշմարտութեան յաղթանակն է սուտին ու կեղծին դէմ:

 

Ճշմարտութիւնը Քրիստոսի ներկայութիւնն է: Հետեւաբար, ճշմարտութիւնը աղբիւր է հզօրութեան. «եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ կրնայ մեզի հակառակ ըլլալ» (Հռ 8. 31):  Քրիստոնեան ճշմարտութեա՛մբ պէտք է զրահէ իր կեանքը. ճշմարտութեամբ պէտք է շաղախէ իր մտածումները ու գործերը: Քրիստոնեան ճշմարտութեամբ զինուած պէտք է պայքարի՛ ճշմարտութեան թշնամիներուն դէմ, որոնք զանազան ձեւերով ու անուններով կը շրջապատեն մեզ ամէն տեղ ու ամէն վայրկեան:

 

3. «Արդարութիւնը հագէք զրահի պէս» (Եփ 6. 14): Աստուծոյ Որդին եղաւ արդարութեան քարոզիչը: Ան խարազանեց այն բոլոր անձերը, որոնք անարդարութիւն կը գործեն ընկերութեան կեանքին մէջ: Ան զգուշացուց իր հետեւորդները այն բոլոր արարքներէն, որոնք անարդարութիւն կը յառաջացնեն ընկերութեան կեանքէն ներս: Քրիստոս եղաւ հալածուողներուն, ճնշուածներուն, աղքատներուն, հիւանդներուն եւ անարդարութեան զոհ մարդոց հետ: «Չիք խտիր»ը (Հռ 10. 12) Նազովրեցիի ուսուցումներուն հէնքը ու խորքը կը կազմէ: Քրիստոս արդարութիւնը նկատեց դէպի փրկութիւն առաջնորդող ճամբան եւ իր թագաւորութեան հիմնական սկզբունքներէն մէկը:

 

Արդ, արդարութիւնը՝ որպէս Աստուծոյ պարգեւը տրուած մարդուն, ընկերութեան կեանքին մէջ աստուածային պատկերը ցոլացնող ամէնէն կենսական տարրերէն մէկն է: Արդարութիւնը ճշմարտութեան զրահն է. իսկ անարդարութիւնը մարդը ճշմարտութենէ, այլ խօսքով՝ Աստուծմէ հեռացնող չարիք մըն է: Քրիստոսը մեր մէջ ունենալ, կը նշանակէ արդարութեան պաշտպանը դառնալ կեանքի ամէնէ՛ն դժուար պահերուն ու պայմաններուն մէջ իսկ: Քրիստոսո՛վ ապրիլ կը նշանակէ արդարութեան զէնքով պայքարիլ անարդարութեան ու անարդարներուն դէմ:

 

4. «Հաւատքի վահանը առէք» (Եփ 6. 16): Քրիստոսի վրայ խարսխուած հաւատքն է որ մեզ կը պաշտպանէ չարին ու մեղքին դէմ: Հաւատքն է որ հիւանդին առողջութիւն կը պարգեւէ ու մոլորած մարդը կ’առաջնորդէ դէպի փրկութիւն: Հաւատքի զօրութիւնը հասկնալու համար պէտք է միշտ յիշել Քրիստոսի խօսքը թէ՝ մանանեխի հատիկին չափ հաւատքն իսկ բաւարար է լեռները տեղափոխելու (Մտ 17. 20): Քրիստոնէութեան հիմքը հաւատքն է. հաւատք՝ ո՛չ սոսկ գերագոյն ուժի մը հաւատալու մարդու անկատարութեան որպէս բնական ձգտում, այլ գիտակի՛ց հաւատք՝ Քրիստոսը ընդունելու որպէս Փրկիչ աշխարհին:

 

Հետեւաբար, Քրիստոսով նոր արարած դառնալ, Քրիստոսը մեր մէջ ունենալ, կը նշանակէ հաւատալ՝ հաւատքը կեանքի՛ վերածելով, հաւատքը գործո՛վ թարգմանելով: Քրիստոս ըսաւ՝ «եթէ մէկը կ’ուզէ ինծի հետեւիլ, թող ուրանայ իր անձը,  իր խաչը առնէ եւ ետեւէս գայ» (Մր 8. 34): Քրիստոսի ներկայութիւնը ապրիլ նաեւ կ’ենթադրէ հաւատքի առաքեալ դառնալ հոն, ուր հաւատքի նահանջ գոյութիւն ունի. հոն, ուր Քրիստոսի հաւատքին թշնամիները կը գործեն: Ճշմարիտ հաւատքէ հեռացող, կեանքին մէջ այլ հաւատալիքներ փնտռող ու հաւատքը շահի ու ցուցամոլութեան վերածող ներկայ ընկերութեան մէջ, կարիքը ունինք այնպիսի քրիստոնեաներու, որոնք Քրիստոսի հաւատքի վահանով պաշտպանուած եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ պատրաստ են պատերազմելու անհաւատութեան դէմ ու հաւատքի սերմնացանը դառնալու մարդկային կեանքի խոպան ու փշոտ դաշտերուն մէջ:

 

5. «Ձեր սէրը ցոյց տուէք հանդուրժելով իրարու» (Եփ 4. 2): Արդարօրէն ըսուած է, թէ քրիստոնէութիւնը սիրոյ կրօնք է: Արդարեւ, Աստուծոյ Որդին ո՛չ միայն սիրոյ քարոզիչը դարձաւ, այլ՝ աստուածային սիրոյ յորդահոս աղբիւրը: Աստուծոյ եւ մարդու յարաբերութիւնը Քրիստոս նկարագրեց սիրոյ վրայ խարսխուած հայր եւ որդիի յարաբերութիւն: Ան մարդոց կեանքն ու փոխ-յարաբերութիւնը նկատեց սիրով շաղկապուած ներդաշնակ գոյակցութիւն: Աշակերտներուն տուած Քրիստոսի «սիրեցէ՛ք իրար» (Յհ 13. 34) պատուէրը բոլո՛ր ժամանակներուն ու բոլո՛ր մարդոց պատկանող յաւերժահունչ պատգամ մըն է:

 

Մարդկային պատմութիւնը ցոյց կու տայ թէ՝ ուր սէր չկայ հոն կայ քանդում, պատերազմ ու մահ. եւ ուր սէր կայ, հոն կայ խաղաղութիւն, կեանք ու յառաջդիմութիւն: Աշխարհի ամէնէն սարսափազդու չարիքներէն մէկը եղած է սիրոյ բացակայութիւնը եւ փոխադարձ հանդուրժողութեան պակասը՝ որպէս արդիւնք նախանձի ու փառասիրութեան: Քրիստոսով նոր մարդ դարձած մարդը, կոչուած է սէրը գործնապէս արտայայտել ու՝ դարձնելով զայն  իր կեանքին առանցքը, ինչպէս նաեւ իր նմանին ու իր շրջապատին հետ իր փոխ-յարաբերութեան հիմքը:

 

Ահաւասիկ Քրիստոսով նոր արարած դարձած մարդու կեանքին գլխաւոր յատկանիշները: Այս սկզբունքներով ու արժէքներով յատկանշուած կեանքի ճամբով է որ Քրիստոս մեր մէջ կը դառնայ կենդանի ներկայութիւն:

 

Այս խոր համոզումէն մեկնելով Առաքեալը նորադարձ քրիստոնեաներուն ուղղած իր նամակին մէջ կ’ըսէ՝ «փորձեցէք դուք ձեզ. Քրիստոս Յիսուսի ներկայութիւնը կը զգա՞ք ձեր ներսիդին, թէ պարզապէս իր անունը կը կրէք» (Բ. Կր 13. 5): Կորնթոսի քրիստոնեաներուն ուղղած Առաքեալին այս հարցումը այսօր կ’ուղղուի մեզմէ իւրաքանչիւրին եւ «քրիստոնեայ» անունը կրող աշխարհի բոլո՛ր մարդոց: Արդեօք Քրիստոսի ներկայութիւնը կը զգա՞նք մեր մէջ. Քրիստոսի ներկայութիւնը կ’ապրի՞նք մեր մէջ. որքանո՞վ կ’ապրեցնենք մեր մէջ ու մեր ճամբով՝ մեր անմիջական շրջապատին մէջ այն ճշմարտութիւնները ու արժէքները, որոնք Քրիստոսով աշխարհին տրուեցան:

 

Քրիստոնէութիւնը պիտակ չէ, քրիստոնէութիւնը արտաքին շպար չէ, քրիստոնէութիւնը ձեւ ու կառոյց չէ: Նման ըմբռնումներ ու մօտեցումներ չեն ապահովեր Քրիստոսի ներկայութիւնը մարդու կեանքին մէջ. անոնք միայն կը հեռացնեն զՔրիստոս մեր կեանքէն: Քրիստոնէութիւնը կեանքի այնպիսի որակ է, ուր կը ճառագայթէ Քրիստոսի կենդանի Աւետարանը:

 

Ճշմարիտ քրիստոնեան այն է, որ իր կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն մէջ կը հետեւի Առաքեալին կեանքի օրինակին՝ «ամէն տեսակ նեղութիւն ունինք, բայց ընկճուած չենք. տագնապի մատնուած ենք, բայց յուսահատ չենք. հալածանքներ անպակաս են, բայց լքուած չենք. յաճախ խոշտանգուած՝ բայց խորտակուած չենք» (Բ. Կր 4. 8-9):

 

Յարուցեալ Քրիստոսի խոստումով, թէ՝ «միշտ ձեզի հետ պիտի ըլլամ մինչեւ աշխարհի վախճանը», հզօրացած մարդն է ճշմարիտ քրիստոնեան: Կեանքի ամէն տեսակ վտանգներուն, յուսահատութեան ու դժուարութեան դիմաց իր հաւատքով կանգուն կեցող մարդն է ճշմարիտ քրիստոնեան:

 

Յարուցեալ Քրիստոս խոստացաւ միշտ մեզի հետ ըլլալ: Մենք կը խոստանա՞նք միշտ իր հետ ըլլալ…:

 

*

*  *

 

Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով, Հայրապետական օրհնութեամբ եւ քրիստոնէական ջերմ սիրով կ’ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Նորին Վսեմութիւն Ռոպերթ Քոչարեանը, իրեն մաղթելով քաջառողջութիւն եւ վերանորոգ խանդ՝ Յարութեան բերած յոյսով զօրացած շարունակելու հայրենանուէր իր գործունէութիւնը ի սպաս մեր հայրենիքին ու սիրելի ժողովուրդին:

 

Եղբայրական ջերմ սիրով կ’ողջունենք մեր եկեղեցւոյ Նուիրապետական Աթոռներու Գահակալները՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Թորգոմ Արք. Մանուկեանը, եւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանը, իրենց մաղթելով եկեղեցանուէր ու ազգաշէն ծառայութիւններով հարուստ երկար գահակալութիւն:

 

Հայրական օրհնութեամբ ու սիրով կ’ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդները, հոգեւոր դասը, Ազգային Իշխանութիւնները, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ գործող բոլոր կազմակերպութիւններն ու միութիւնները եւ մեր եկեղեցւոյ հաւատացեալները: Կը հայցենք յարուցեալ Փրկչէն, որ առաւել եւս զօրացնէ իրենց հաւատքն ու յոյսը, ու իր երկնային շնորհքներով պայծառացնէ մեր ազգին կեանքը:

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

Ս. Զատիկ, 2007

Անթիլիաս.