ՀԱՒԱՏՔ՝
ԱՂԲԻՒՐ ՀԶՕՐՈՒԹԵԱՆ
Սոյն գրութիւնը խտացումն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի պատգամին, զոր ուղղեց ուխտաւոր հաւատացեալներուն Պիքֆայայի մէջ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնի «Ուխտի Օր»ուան առթիւ մատուցուած սուրբ եւ անմահ պատարագի ընթացքին, Շաբաթ, 12 Օգոստոս 2006։
Դարձեալ ուխտի եկած ենք Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առիթով Աստուածամօր անունը կրող Պիքֆայայի վանքը։ Հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք ձեր բոլորը։ Արդարեւ, ձեր ներկայութիւնը վանքի այս հոգեպարար մթնոլորտին մէջ պերճախօս վկայութիւն մըն է քրիստոնէական ճշմարտութիւններու ու հոգեւոր արժէքներու նկատմամբ ձեր ունեցած խոր հաւատարմութեան։
Այս տարի ոչ բնական պայմաններու մէջ կը կատարենք այս ուխտագնացութիւնը։ Անցնող շուրջ մէկ ամսուան ընթացքին Լիբանանը կ’ապրի դժուար օրեր՝ ենթակայ դառնալով Լիբանանի ու արաբական աշխարհի թշնամիին ահաւոր ու անխնայ ռմբակոծումներուն։ Ու հակառակ այն իրողութեան, որ հայկական շրջանները ենթակայ չեն ռմբակոծումներու, սակայն մենք եւս տագնապահար Լիբանանին մաս կը կազմենք՝ բաժնելով ցաւն ու տառապանքը մեր լիբանանցի եղբայրներուն ու քոյրերուն։
Հայրապետական Մեր այս պատգամին ճամբով Լիբանանի մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն ուշադրութեան կ’ուզենք յանձնել հետեւեալ կարեւոր կէտերը.-
Ա) ՀԱՒԱՏՔԻ ՏՈԿՈՒՆՈՒԹԻՒՆ։ Հաւատքը, ոեւէ կրօնի պարագային, կեանքի, կենսունակութեան, տոկունութեան, պայքարի հոմանիշ է. մանաւանդ այդպէս է հաւատքը քրիստոնէական հասկացողութեամբ։ Հաւատքի ճշգրիտ հասկացողութիւնը ու ամբողջական ըմբռնումը ունենալու համար պէտք է նայիլ Աւետարանին. պէտք է հետեւիլ Աստուծոյ Որդւոյն երկրաւոր կեանքին, անոր կատարած հրաշքներուն եւ ուսուցումներուն։ Առանցքային ու մնայուն ներկայութիւն եղած է հաւատքը Քրիստոսի կեանքին ու առաքելութեան մէջ։ Նոյնը թելադրեց Քրիստոս իր հետեւորդներուն։ Արդարեւ, հիւանդին ուղղուած Քրիստոսի խօսքը՝ թէ «հաւատքդ քեզ ապրեցուց», կամ փոթորիկի, այլ խօսքով՝ մահուան դիմաց գտնուող աշակերտներուն Քրիստոսի կատարած թելադրութիւնը՝ «մի՛ վախնաք, հաւատացէք», եւ կամ «եթէ ցորենի հատիկին չափ հաւատք ունենաք, լեռներն իսկ կրնաք տեղէն շարժել», Քրիստոսին պատգամը յստակօրէն կը պարզէ հաւատքին կենսական անհրաժեշտութիւնը մարդկային կեանքին մէջ։
Քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ հաւատալ՝ հաւատքը վերածելով քաջութեան, տոկունութեան, յանձնառութեան ու զոհողութեան կեանքի բոլոր տեսակ դժուարութիւններուն դիմաց։ Քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ, ինչպէս Առաքեալը կ’ըսէ՝ պայքարիլ աշխարհի չարիքներուն ու չարերուն դէմ։ Հետեւաբար, քրիստոնեայի կեանքը պէտք է շաղուի հաւատքով, քրիստոնեայի գործը պէտք է զսպանակուի հաւատքով։ Քրիստոսի հետեւիլ կը նշանակէ ապրիլ հաւատքի կեանքը, եւ ապրիլ հաւատքի կեանքը կը նշանակէ կեանքի փոթորիկներուն դիմաց չընկճուիլ, կեանքի ցաւերուն ու տառապանքին դիմաց չտկարանալ. չդառնալ դասալիք, պարտուողական, կրաւորական։ Կեանքի նման վիճակներ կը մերժէ քրիստոնէութիւնը։ Քրիստոնեան կոչուած է լսելու Քրիստոսի ձայնը որ միշտ կը հնչէ մեր ականջներուն դիմաց՝ «մի՛ երկնչիր, բայց միայն հաւատա»։ Հաւատա՛, որովհետեւ հաւատքի զօրութեամբ պիտի ապրիս. հաւատա՛, որովհետեւ հաւատքի զօրութեամբ պիտի յաղթանակես։ Ա՛յս է պատգամը Քրիստոսին՝ դարերէն եկող ու դարերուն գացող։
Լիբանանի հայութիւնը հաւատքի տոկունութիւնը միշտ ցոյց տուած է իր պատմութեան ամէնէն ճակատագրական պահերուն։ Դուք, չմոռնաք, ջարդերէն ազատուած մեր ժողովուրդի բեկորներու թոռներն էք։ Անոնք իրենց հաւատքի տոկունութիւնը ցոյց տուին ջարդի ու գաղթականութեան մռայլ օրերուն։ Անոնք հաւատքի նոյն տոկունութիւնը ցոյց տուին երբ որպէս գաղթական հաստատուեցան արաբական երկիրներուն մէջ, եւ ապրեցան Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմի ստեղծած արհաւիրքը եւ յետոյ Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներէն ներս յառաջացած տագնապները։ Եւ դուք, սիրելի Լիբանանի հայութիւն, անցնող երեսուն տարիներու ընթացքին զանազան առիթներով ապրեցաք Միջին Արեւելեան տագնապին ու Լիբանանին ներքին քաղաքացիական կռիւներուն յառաջացուցած բազմաթիւ ու բազմազան դժուարութիւնները. եւ այս բոլորին դիմաց ցոյց տուիք հաւատքի օրինակելի տոկունութիւն։ Նո՛յնը կը պահանջուի այսօր մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներէն։ Համախմբուեցէք մեր եկեղեցւոյ, մեր կառոյցներուն շուրջ։ Համախումբ հայութիւնը հզօրութեան նշան է։ Ձեր կեանքը լեցուցէք մեր հոգեւոր ու ազգային արժէքներով։ Արժէքներով հարուստ կեանքը տոկունութեան երաշխիք է։
Բ) ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՄՐԱՊՆԴՈՒՄ։ Մեր ժողովուրդի ներքին միասնականութիւնը միշտ եղած է աղբիւր մեր ժողովուրդի անսասանութեան։ Յատկապէս մեր կեանքի դժուար օրերուն ու մեզ շրջապատող անբնական պայմաններուն դիմաց մեր ժողովուրդի զաւակներէն կը պահանջուի միասնականութեան ամրապնդում։ Նման կացութեան մէջ մեր կազմակերպութիւնները ու մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները պէտք է մէկդի դնեն ամէն տեսակ տարակարծութիւն ու հաւաքուին մեր հայրենիքին, ազգին կամ գաղութին ընդհանրական ու գերագոյն շահերուն շուրջ։ Ազգ մը, հայրենիք մը կամ գաղութ մը իրենց ճշմարիտ հզօրութիւնը կ’ապահովեն ու ամբողջականութիւնը կ’երաշխաւորեն հասարակաց արժէքներու, շահերու ու ձգտումներու շուրջ համախմբուելով։
Այս գիտակցութեամբ պէտք է գործէ նաեւ Լիբանանի հայութիւնը. նախ ինքն իր մէջ՝ համախմբուելով իր կառոյցներուն շուրջ։ Մեր կեանքէն ներս գործող բոլոր կառոյցները քով-քովի գալով իրենց ներդաշնակ գործունէութեամբ ու սերտ գործակցութեամբ գործնական արտայայտութիւն պէտք է տան Լիբանանի հայութեան ներքին միասնականութեան։ Նոյն միասնականութիւնը պէտք է արտայայտէ Լիբանանի հայութիւնը նաեւ համալիբանանեան շրջագծէն ներս, որպէս անբաժան մասը Լիբանանին եւ լիբանանեան ընտանիքին կարեւոր անդամներէն մէկը։ Այսօր տագնապի մէջ է Լիբանանը։ Քաղաքական տարակարծութիւններ պէտք է մէկդի դրուին. քաղաքական հարցերը պէտք է երկխօսութեան ճամբով քննարկուին կռիւներու դադարեցումէն յետոյ։ Այս հանգրուանին, լիբանանցի ժողովուրդը իր բոլոր համայնքներով ու քաղաքական կազմակերպութիւններով, ներառեալ մեր համայնքը պէտք է իր միասնականութիւնը արտայայտէ։ Նոյն միասնականութիւնը նաեւ կը սպասուի համազգային մակարդակի վրայ։ Թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռի մեր եղբայրներն ու քոյրերը մէկ ազգի իրենց պատկանելիութիւնը պէտք է գործնապէս արտայայտեն։ Քաղաքական տեսակէտներ արտայայտելու, տեսական վերլուծումներ ընելու ժամանակը չէ։ Ժամանակն է հիմա մտածելու ու ծրագրելու թէ ինչ ձեւով կարելի է աջակից դառնալ Լիբանանի հայութեան, որպէսզի ան կարենայ իր տոկունութիւնը, միակամութիւնը ու համազգային դերակատարութիւնը պահել անվթար ու անխախտ։
Ուրախութեամբ կ’ուզենք հաստատել, որ այս ընթացքի մէջ է Լիբանանի հայութիւնը իր բոլոր կազմակերպութիւններով, միութիւններով ու մարմիններով։ Այս առթիւ Մեր գնահատանքը կը յայտնենք այս դրական ու քաջալերական երեւոյթին դիմաց, եւ կը սպասենք, որ այս ընթացքը շարունակուի ու աւելի խորանայ ի խնդիր այս գաղութին առողջ ու կազմակերպ պահպանման։
Գ) ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ։ Լիբանանէն ներս ստեղծուած պատերազմական վիճակը գաղթական դարձուց գրեթէ Լիբանանի բնակչութեան մէկ երրորդը։ Ինչպէս գիտէք, Լիբանանի հարաւային շրջանները մեծ մասով դատարկուած են եւ հարաւի մէջ բնակող ընտանիքներ պարտադրաբար եկած են Պէյրութ եւ այս շրջանները։ Պատերազմի շրջաններէն հեռու ապրող եւ յարաբերաբար աւելի ապահով պայմաններու մէջ ապրող բոլոր լիբանանցիներուն ու նաեւ մեր համայնքին առաջնահերթ պարտաւորութիւնն է օգտակար հանդիսանալ գաղթականներուն։
Մանաւանդ մենք հայերս աւելիով պարտաւորութիւն պէտք է զգանք հարաւի գաղթականներուն օգտակար դառնալու։ Չմոռնանք մեր մօտիկ անցեալի պատմութիւնը։ Թրքական ցեղասպանութենէն յետոյ մենք գաղթական եկանք այս երկիրը ու հայկական գաղթակայաններ հաստատուեցան Պէյրութի, Սայտայի եւ մինչեւ Սուրի շրջաններուն մէջ։ Լիբանանի իսլամ ու քրիստոնեայ ժողովուրդն էր որ մեզ ընդունեց, իր հայրենքին դռները բացաւ մեր առջեւ, իր հացը կիսեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ։ Չմոռնանք, թուրքը մեզի սուր ու եաթաղան հրամցուց. մինչ արաբ ժողովուրդը սէր ու բարեկամութիւն ցոյց տուաւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Արդ, ժամանակն է, որ մենք մեր երախտագիտութիւնը շօշափելիօրէն արտայայտենք լիբանանցի մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն։
Ուրախ ենք, որ Պէյրութի ու Պուրճ Համուտի մէջ մեր դպրոցներուն սրահները ու մեր համայնքի կարելիութիւնները լայնօրէն բացուած են գաղթականներուն առջեւ։ Ուրախ ենք, որ մեր Ազգ. Առաջնորդարանը ու մեր կառոյցները ուտելիքի, դեղօրայքի ու հագուստեղէնի ճամբով օգտակար կը հանդիսանան գաղթականներուն։ Մենք ալ Մեր կարգին, թելադրած ենք մեր թեմերուն, որ գործնապէս իրենց աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը ցուցաբերեն Լիբանանի գաղթականներուն նկատմամբ։ Սա մեր մարդկային, քրիստոնէական ու ազգային պարտաւորութիւնն է։ Մեր ժողովուրդը միշտ իր պարտաւորութիւնը լիովին կատարած է նման կացութիւններուն դիմաց։
Եւ հիմա, որպէս ուխտաւորներ կը դառնանք Ս. Մարիամ Աստուածածնին։ Արդարեւ, Ս. Աստուածածինը միջնորդ է, բարեխօս է, մեր եւ իր Միածին Որդւոյն միջեւ։ Որպէս ուխտաւորներ եկած ենք աղօթքի ճամբով մեր դժուարութիւններուն ու սպասումներուն, մեր կատարած ուխտին հաղորդակից դարձնելու Ս. Մարիամ Աստուածածինը։ Եկէ՛ք սա պահուն ծունկի գանք մեր հոգիներուն մէջ ու աղօթենք՝
«Անարատ կոյս Աստուածածին Մարիամ», լսէ մեր մանուկներուն, մեր երիտասարդներուն, մեր քոյրերուն ու մայրերուն սրտէն բխող աղաչանքը՝
Աշխարհին ու յատկապէս Լիբանանին խաղաղութիւն պարգեւէ, որպէսզի սիրոյ ու գոյակցութեան այս երկրի զաւակները ու նաեւ մեր ժողովուրդի զաւակները կարենան շուտով վերակազմակերպել իրենց ընտանեկան ու հաւաքական կեանքը ի խնդիր Լիբանանեան հայրենիքին առաւել ծաղկումին ու յառաջդիմութեան։
«Լոյս, լուսոյ մայր, եւ կենարար բանին բնակարան»,
Քու սրբութեամբ ու առաքինութեամբ, քու կեանքէդ ճառագայթող արժէքներով ու ճշմարտութիւններով լուսաւորէ ու ծաղկազարդէ մեր կեանքը եւ բարեխօս եղիր Քրիստոսի մօտ, որպէսզի ան՝ հիւանդներուն առողջութիւն պարգեւէ, դժուարութեանց մէջ գտնուողներուն առջեւ յաջողութեան ու խաղաղութեան դուռը բանայ, բոլոր տեսակ ցաւերուն դարման գտնէ, եւ թշնամութիւնը մեր կեանքէն հեռացնէ։
Թող մեր բոլորին կատարած ուխտերը ընդունելի ըլլան։ «Մայր սուրբ սքանչելի լուսոյն, աղաչեա վասն մեր զառ ի քէն զմարմնացեալն Աստուած»։
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ