Հայրապետական Գիր Օրհնութեան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Գրողներու Համահայկական Դ. Համագումարին, Երեւան, 6-14 Յուլիս 2008

6-14 Յուլիս 2008, Երեւանի մէջ կը կայանայ Գրողներու Համահայկական Դ. Համագումարը: Այս առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայրապետական Օրհնութեան Գիր յղեց համագումարի մասնակիցներուն: Ստորեւ՝ Վեհափառ Հայրապետին պատգամը ամբողջութեամբ.-

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք Գրողներու Համահայկական Դ. Համագումարը:

 

Մեր յիշողութեան  մէջ տակաւին թարմ է ձեր հանդիպումը Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս, 6-9 Ապրիլ 2006-ին: Արդարեւ, իր հոգեմտաւոր խորքով, իր համազգային նկարագրով, մասնակցութեան որակով ու լուրջ քննարկումներով եզակի դէպք մըն էր յիշեալ համագումարը: Այսպէ՜ս պէտք է ըլլայ գրողներու ոեւէ հանդիպում, որովհետեւ սովորական մարդեր չեն գրողները. անոնք ազգի մը, հաւաքականութեան մը մտածող միտքը, տագնապող սիրտը ու առաջնորդող ղեկավարութիւնը կը ներկայացնեն: Ազգերու պատմութեան մեծ յեղափոխութիւններու, աննախընթաց իրագործումներու, ճակատագրական պահերու ու վճռադրոշմ դարձակէտերու մէջ գրողները առանցքային տեղ ու վճռական դեր են ունեցած, եւ պէ՜տք է ունենան:

 

Ա՜յս ինքնագիտակցութեամբ պէտք է մեր գրողները մօտենան իրենց կոչումին: Ինչպէս Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գրողներուն ուղղած Մեր պատգամին մէջ շեշտեցինք՝ գրողը ճշմարտութեան առաքեալն է: Ընկերութիւն մը առողջ է, բառին բովանդակ հասկացողութեամբ, երբ իր կեանքը հիմնուած է ճշմարտութեան վրայ, այլ խօսքով՝ երբ ան կը ղեկավարուի բարոյական, հոգեւոր ու ազգային գերագոյն արժէքներով: Ճշմարտութիւնը հոմանիշ է որակին, արժէքին, իրաւին, ստեղծագործութեան, յառաջդիմութեան, Աւետարանի բացատրութեամբ՝ ՙառաւել կեանք՚ի: Ճշմարտութենէն կը ճառագայթէ լոյսը ու յոյսը. ճշմարտութենէն կը հոսի արդարութիւնը ու խաղաղութիւնը: Մեր գրողները պէտք է երազեն ու տագնապին, գրեն ու խօսին, գործեն ու պայքարին՝ ի խնդիր ճշմարտութեան յաղթանակին:

 

Ուրախութեամբ իմացանք որ ներկայ համագումարը իր քննարկումները առաւելաբար պիտի կեդրոնացնէ երիտասարդ գրողներու վրայ: Երիտասարդութիւնը Մենք կը նկատենք սիրտը ընկերութեան մը կեանքին: Առանց այդ բաբախող սրտին եւ անկէ հոսող թարմ արեան, ընկերութիւն մը դատապարտուած է խամրելու՝ ծաղիկի մը նման: Հետեւաբար, երիտասարդութիւնը ապագային առնչուած իրականութիւն մը չէ. այլ՝ ներկայի կերտումով պայծառ ապագան ապահովող կենսունակ ուժն է ան մեր կեանքին: 

 

Համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ ապրող, անոր տագնապներուն, ձգտումներուն ու մաքառումներուն հաղորդ երիտասարդ գրողը մեր գրականութեան անդաստանէն ներս կոչուած է նոր ակօսներ հունաւորելու, հայ գրականութիւնը նոր հորիզոններու բանալու, զայն նոր աշխարհահայեացքներով հարստացնելու: Համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ ցանկապատեր գոյութիւն չունին: Համաշխարհայնացում կը նշանակէ՝ մէկ ամբողջութեան պատկանելիութիւն: Հարկ է ներկայութիւն դառնալ մէկ ամբողջութեան ներքին յարակցութիւններու ու յարաբերութիւններու ծիրէն ներս. ո՜չ դիտողի կրաւորական վիճակով, այլ մասնակցողի գիտակից դերով:

 

Եւ ճիշդ հո՜ս կը կայանայ հայ գրողին, մանաւանդ երիտասա՜րդ գրողին իւրայատուկ դերը: Ուրիշին բացուիլ, ուրիշին հետ յարաբերիլ, ուրիշին հետ երկխօսութեան ու գործակցութեան մէջ ըլլալ չի նշանակեր ուրի՜շը դառնալ. այլ ուրիշէն առնել այն ինչ որ անհրաժեշտ է մեր ինքնութեան առաւե՜լ հարստացման, առաւե՜լ խորացման, առաւե՜լ ամրակայման համար: Ինքնակեդրոն ու ինքնաբաւ ինքնութիւն մը, որքան ալ հզօր ըլլայ, ուշ կամ կանուխ դատապարտուած է հեռանալու պատմութեան թատերաբեմէն: Մեր ժողովուրդը իմաստութիւնը ունեցած է Ոսկեդարէն սկսեալ մինչեւ Կիլիկիա ու ապա Սփիւռք պատմահօր բառերով, որպէս ՙփոքր ածու՚ բացուելու իր շրջապատին, աւելի մեծ ածուներուն, եւ առնելու անոնցմէ անհրաժեշտը ու հայացման ճամբով առաւել հզօրացնելու ու բիւրեղացնելու իր ինքնութիւնը:

 

Այսօր հայ երիտասարդ գրողէն ա՜յս է որ կը պահանջուի: Չկապկել ուրիշը, չընդօրինակել ուրիշը նորարութեան սիրոյն եւ կամ ներկայ աշխարհին հետ քայլ պահելու մակերեսային մտահոգութենէն մղուած: Բոլոր պայմաններուն մէջ ու բոլոր մարտահրաւէրներուն դիմաց հարկ է պահել մեր ազգային ջիղը, մեր սրտին տրոփը, մեր մտքին թռիչքը, Նարեկացիին բառով մեր հոգիին ճենճերումը, այլ խօսքով՝ հայկականը իր հարազատ էութեամբ:

 

Պէտք է քաջալերել երիտասարդ գրողը. տեղ տալ անոր մեր գրականութեան դաշտէն ներս եւ անհրաժեշտ կարելիութիւններու ստեղումով զինք մղել ստեղծագործ աշխատանքի: Ահա ա՜յս հեռանկարով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մի քանի տարիներ առաջ երիտասարդ գրողներու գործերը հրատարակելու համար յատուկ հրատարակչական հիմնադրամ մը հաստատեց: Նման նախաձեռնութիւններ պիտի շարունակուին մեր Սուրբ Աթոռին կողմէ՝ ի խնդիր հայ մշակոյթի ծաղկումին:

 

Կը հայցենք Ամենաբարին Աստուծմէ, որ օրհնէ մեր բոլոր գրողները ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի: Թող միշտ դալար մնայ հայ գրողներու գրիչը, որպէսզի առաւել հարստանայ հայ գրականութիւնն ու մշակոյթը:

 

Հայրական սիրոյ ջերմ ողջունիւ,

 

Աղօթարար՝

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

26 Յունիս 2008

Անթիլիաս, Լիբանան