25 March, 2007

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական պատգամը արտասանուած Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Կաթողիկոսարանիս «Ուխտի Օր»ուան առիթով

 ԴԷՊԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԵԱՆ

ՀՈԳԵՒՈՐ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ

 

Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական պատգամին, արտասանուած Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Կաթողիկոսարանիս «Ուխտի Օր»ուան առիթով, Կիրակի, 25 Մարտ, 2007-ին։

 

Լուսաւորիչ Սուրբ Հայրապետ…

զազգս հայոց նորոգ հոգեւոր

ծննդեամբ ի լոյս աստուածգիտութեան

ածէր…” (Ժամագիրք)։

 

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ծէսէն պոկուած այս փունջ մը բառերը դարե՜ր շարունակ աղօթք դարձած խունկի բոյրով երկինք բարձրացան հայ հոգիի խորաններէն. հաւատք դարձած շաղախուեցան հայ մտքի յղացքներուն եւ հայ սրտի տրոփներուն հետ. եւ լոյս դարձած լուսաւորեցին խաւար ճամբան հայ ժողովուրդի պատմութեան։ Այսօր նոյն բառերը դա՛րձեալ կ’արձագանգեն մեր կեանքէն ներս՝ հայ եկեղեցւոյ կոչնակին հունչերով ու աղօթքին մրմունջներով։

 

Արդարեւ, կարելի չէ հասկնալ ոգին ու խորհուրդը հայոց պատմութեան, առանց այս պարզ բառերով նկարագրուող այն հոգեւոր մեծ յեղափոխութեան, որ տեղի ունեցաւ 301 թուին, հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն վճռական մէկ հանգրուանին։ Հայաստանի քրիստոնէացումը սովորական դէպք մը չէր. այլ ժողովուրդի մը ողջ կեանքը յեղաշրջող եւ անոր ճակատագիրը ճշդորոշող հաւատքի յեղափոխութիւն մը՝ իր քաղաքական, ազգային ու մշակութային տարածքներով ու հետեւանքներով։

 

Քրիստոսի Առաքեալները, Ս. Թադէոս ու Ս. Բարթողիմէոս քրիստոնէական հաւատքը բերած էին Հայաստան ու իրենց նահատակութեամբ սրբացուցած հայրենի մեր հողը։ Սակայն, քրիստոնէական հաւատքը տակաւին կը մնար թագուն հեթանոսական աւանդութիւններով տիրապետուած ժողովուրդի կեանքէն ներս։ Քրիստոնէութիւնը լոյս աշխարհ բերելու եւ զայն հայ կեանքին առանցքը դարձնելու առաքելութեամբ Քրիստոս Հայաստան ղրկեց ուրիշ առաքեալ մը, որ կոչուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ։

 

Մեծ յաղթանակները տառապանքո՛վ կը կերտուին. մեծ իրագործումները հաւատքո՛վ ձեռք կը ձգուին. մեծ հրաշքները տեսիլքո՛վ կ’իրականանան։ Այսպէ՛ս եղաւ կեանքն ու առաքելութիւնը մահուան ճիրաններէն մազապուրծ ազատած ու Խոր Վիրապին մէջ երկար տարիներ չարչարուած Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին։

 

Քրիստոնէական հաւատքով զօրացած, յոյսով պայծառակերպուած ու տեսիլքով լուսազարդուած Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ դարձաւ ջահակիրը հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենամեծ յեղափոխութեան։ Աստուած Հայաստան իջաւ ու Ս. Էջմիածնի ճամբով մօտեցաւ հայ ժողովուրդին։ Հայ ժողովուրդը ազատօրէն բացուեցաւ պետական կրօն դարձած քրիստոնէական հաւատքին ու զայն իր ապրումներուն ու մտածումներուն, տագնապներուն ու երազներուն հետ շաղախեց։ Հայ ժողովուրդը ստացաւ նոր ինքնութիւն, եւ իր պատմութիւնը՝ նոր ընթացք։ Այլ խօսքով, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ “զազգս հայոց նորոգ հոգեւոր ծննդեամբ” լուսաւորեց դառնալով Քրիստոսի առաքեալներէն յետոյ մեր պատմութեան Երկրորդ Լուսաւորիչը։

 

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ չմնաց պատմութեան որոշ ժամանակաշրջանին մէջ միայն ապրած ու գործած լուսաւոր հայրապետ մը։ Ան քալեց մեր ժողովուրդի կեանքի մռայլ ու արիւնոտ ճամբաներէն, եւ իր հոգեւոր յեղափոխութեամբ դարձաւ լուսաւորիչ ներկայութիւն բոլո՛ր ժամանակներուն մէջ։ Բացէ՛ք մեր ժողովուրդի պատմութիւնը. անոր իւրաքանչիւր էջին վրայ պիտի տեսնէք Գրիգոր Լուսաւորիչը իր լոյս հաւատքով։ Մտէ՛ք հայ ժողովուրդի կեանքի դարպասէն ներս. անոր կեանքի բոլո՛ր երեսներուն վրայ պիտի տեսնէք Լուսաւորչը իր հոգեկերտ ներկայութեամբ։ Մօտեցէ՛ք մեր ժողովուրդի հոգեմտաւոր ար-ժէքներուն. դարձեալ հոն պիտի տեսնէք Լուսաւորիչը իր ճառագայթո՛ղ տեսիլքով։

 

Լուսաւորիչը եղաւ ու միշտ մնաց կեանքի լոյս՝ պատմութեան խաւարին դիմաց, փրկութեան տապան՝ պատմութեան ջրհեղեղներուն դիմաց. զօրեղ վահան՝ կեանքի երեւելի ու աներեւոյթ թշնամիներուն դիմաց, յոյսի փարոս՝ անորոշ հորիզոններուն դիմաց։ Մեր պատմութեան բոլո՛ր մեծ դէպքերը իրենց ուղղութիւնն ու ներշնչումը ստացան Լուսաւորչի հաւատքէն  ու լոյսէն։ Մեր պատմութեան հոգիի ու մտքի հսկաները իրենց մեծութիւնը կերտեցին Լուսաւորչի հաւատքով ու տեսիլքով։ Մեր եկեղեցին պատմութեան փոթորիկներուն մէջ մնաց կանգուն ու կենսունակ իր առաքելահիմն ու լուսաւորչահաս-տատ հաւատքով ու հաւատքի առաքելութեամբ։

 

Նիւթեղէ    ն զէնքով կատարուած յեղափոխութիւնները կորսուած են պատմութեան փոշիին տակ։ Սակայն, հաւատքի՛ զէնքով իրագործուած յեղափոխութիւնները մնացած են պատմութեան մէջ՝ եւ պատմութիւն կերտած ու ժողովուրդ անմահացուցած։ Արդ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի հոգեւոր յեղափոխութիւնը լոկ անցեալ չէ, այլ մի՛շտ ներկայ. լոկ դէպք մը չէ, այլ շարունակուո՛ղ իրականութիւն։ Եւ ճիշդ հո՛ս կը կայանայ իմաստը Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Մուտն ի Վիրապի տօնին, որ միաժամանակ Ուխտի Օրն է Կաթողիկոսարանիս։

 

Շարունակել Լուսաւորիչով սկսուած հայ եկեղեցւոյ

Հոգեւոր յեղափոխութիւնը, այլ խօսքով՝

Հոգեւոր վերածննդեան առաքելութիւնը։

 

Ահա՛ պատգամը այս տօնին։

 

Ա՛յս էր նպատակը Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին։ Ա՛յս եղաւ նաեւ սրբազան նպատակը մեր պատմութեան բոլո՛ր ժամանակներու բոլո՛ր լուսաւորիչներուն։ Լուսաւորչով հաստատութենական դրութիւն ստացած մեր եկեղեցին սոսկ ազգային կառոյց չդարձաւ, այլ է՛ապէս եղաւ ու մնաց Աւետարանի արժէքները, Քրիստոսի ուսուցումները մեր ժողովուրդին տանող աստուածառաք պատգամաբեր։ Հաւատքի ա՛յս մղումով ու գիտակցութեամբ ան իր աւետարանչական առաքելութիւնը կատարեց մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս։

 

Այսօր եւս, նո՛յնն է մեր եկեղեցւոյ առաքելութիւնը՝ Քրիստոսով աշխարհին բացուած աստուածային ճշմարտութիւններու ու աստուածաշնչական սկըզբունքներու կենսագործումը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս։

 

Այս օրերուն, երբ հեթանոսական նոր արժէքներ ու բարքեր, կենցաղակերպեր ու գործելակերպեր բազմազան ու այլազան անուններով կը թափանցեն հայ կեանքէն ներս, Հայաստանէն սկսեալ մեր բոլոր գաղութները, մենք անմիջական կարիքը ունինք Լուսաւորչի հոգեւոր յեղափոխութեան վերակազ-մակերպման ու վերակենսունակացման։

 

Այս օրերուն, երբ տեսակևտեսակ անուններով օտարամուտ ու օտարացնող շարժումներ կը փորձեն հոգեւոր պիտակին ետին ապաքրիստոնէական ու ապազգային արժէքներ տարածել հայրենի եւ Սփիւռքի մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս, մենք հրամայական անհրաժեշտութիւնը ունինք հայ եկեղեցւոյ աւետարանչական առաքելութեան առաւել աշխուժացման ու ծաւալման։

 

Արդ, եթէ կ’ուզէ մեր եկեղեցին ինքզինք արժեւորել, հաւատարիմ՝ Առաքեալներուն տուած Քրիստոսի պատուէրին. եթէ մեր եկեղեցին կ’ուզէ ինքզինք ըլլալ, իր պատմութեան հարազատ էութեամբ, հաւատարիմ՝ Լուսաւորչով սկսած իր հոգեւոր յեղափոխութեան. իրեն համար առաջնահերթութիւններուն առաջնահերթութիւնը պէտք է նկատէ, Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ, հայ ժողովուրդի հոգեւոր վերածնունդը՝ Աւետարանի ճշմարիտ քարոզութեամբ, կրօնաբարոյական դաստիարակութեամբ, հիւանդներուն ու զրկեալներուն ընկերային ծառայութեամբ՝ մեր հոգեւոր, մշակութային ու ազգային աւանդութիւններուն ճամբով։

 

Այսպէ՛ս իրագործեց իր հոգեւոր յեղափոխութիւնը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ։ 1706 տարիներ յետոյ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ նո՛յն մարտահրաւէրը կ’ուղղէ մեր եկեղեցւոյ եւ անոր իւրաքանչիւր սպասաւորին։ Որպէս ժառանգորդները Լուսաւորչի սրբազան աւանդին ու հոգեւոր զաւակները հայոց պատմութեան հաւատքի այս մեծ ախոյեանին ու մեծ յեղափոխականին, կոչուած ենք վերանորոգելու մեր ուխտը նուիրական, շարունակելու հոգեւոր վերածննդեան առաքելութիւնը մեր եկեղեցւոյ։

 

Ահա, որպէս շօշափելի արտայայտութիւն Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի հոգեւոր յեղափոխութեան իրենց հաւաքական յանձնառութեան, սա պահուն Մայր Տաճարին մէջ հաւաքուած են մեր թեմերու Առաջնորդ Սրբազանները վերահաստատելու իրենց ծառայական ուխտը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի պահապան Աջին ներկայութեան։ Դարձեալ, որպէս շօշափելի արտայայտութիւն մեր ժողովուրդի հոգեւոր վերածննդեան նկատմամբ մեր Ս. Աթոռին նախանձախնդրութեան, քիչ յետոյ Մայր Տաճարի Սուրբ Երրորդութեան խորանին մէջ մնայուն կերպով պիտի զետեղենք Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մասունքը։ Վստահ ենք որ այդ փոքր խորանը մեր ժողովուրդին համար պիտի դառնայ հաւատքի վերանորոգութեան, հոգեւոր վերածննդեան ուխտավայր մը։

 

Դէպի հոգեւոր վերածնունդ՝ Առաքեալներուն տուած Քրիստոսի պատուէրին հաւատարմութեամբ։

 

Դէպի հոգեւոր յեղափոխութիւն՝ Լուսաւորչի տեսիլքով ու յանձնառութեամբ։

 

Ահա մեր եկեղեցւոյ ճշմարի՛տ ճամբան։ 

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

25 Մարտ 2007

Անթիլիաս, Լիբանան

 

More News