6 Հունվարի, 2008

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Պատգամը

ՏԷՐԸ ԿՈՒ ԳԱՅ, ՃԱՄԲԱ՜Ն ՊԱՏՐԱՍՏԵՑԷՔ

 

Աստուծոյ կողմէ որպէս դրախտ ստեղծուած այս աշխարհը, մարդու մեղքին պատճառաւ դարձած էր դժոխք: Աստուածային բարիքները վայելելու շնորհքին արժանացած մարդը, իր ազատ կամքով ընտրած էր չարի՜ն իշխանութիւնը:

 

Արդ, երկրի մոլոր ճամբաներուն վրայ կորսուած մարդը պէտք ունէր զինք դէպի երկինք առաջնորդող ճամբուն: Երկրի խաւարին մէջ մնացած մարդը հրամայական կարիքը ունէր երկնայի՜ն լոյսին: Երկրի ՙմեսիաներու՚ կողմէ խաբուած, ճնշուած ու կեղեքուած մարդը պահանջքը ունէր Աստուծո՜յ Մեսիային: Իր ՙաստուածային պատկեր՚ը ապականած արարածը կարօտը ունէր իր Արարիչին, անոր սիրոյն ու պաշտպանութեան, անոր փրկարա՜ր շնորհքին:

 

Մարդկութեան այս տագնապին ու տառապանքին, յոյսին ու սպասումին թարգմանը դարձան մարգարէները: Անոնք մէկ կողմէն՝ խարազանեցին մեղքին ենթակայ դարձած մարդը, եւ միւս կողմէն՝ Մեսիային գալստեան յոյսը ներշնչեցին անոր:

 

Տէ՜րը կու գայ, ճամբան բացէք.

 

Մեսիան կու գայ, պատրաստուեցէ՜ք…:

 

Ա՜յս եղաւ սրտառուչ պատգամը մարգարէներուն: Արդարեւ, մարգարէական պատգամը արթնութեան կոչ է, զգաստութեան սաստ է, հաւատքի հրաւէր է, յոյսի երաշխիք է, չարէն բարիին, մեղքէն ապաշխարութեան, երկրէն երկինք դառնալու մարտահրաւէր է:

 

Ա՜յս եղաւ նաեւ Աստուծոյ Մեսիային գալուստը աւետող սրտագին կոչը Յովհաննէս Մկրտիչին՝

 

ՙՊատրաստեցէ՜ք Տիրոջ ճանապարհը,

 

հարթեցէ՜ք անոր շաւիղները՚ (Ղուկ. 3: 4):

 

Պատմութեան մեծ դէպքերը հաւատքի ուժով զսպանակուած ներքին տագնապի ու յոյսի արտայայտութիւն են. մեծ յեղափոխութիւնները կամքի ու տեսիլքի պոռթկում են. եւ պատմութեան նոր արեւելում տուող դէմքերը ժամանակի պահանջներուն ու սպասումներուն ծնունդ են:

 

Երկինքներուն մէջ բնակող Աստուծոյ Որդին երկիր իջաւ, որովհետեւ երկրի վրայ խաղաղութիւնը՝ Աստուծոյ բարիքը հեռացած էր մարդոց կեանքէն. սէրը՝ Աստուծոյ շնորհը ատելութեան վերածուած էր. արդարութիւնը՝ Աստուծոյ կամքը եղծուած էր մարդոց անարդար գործերով. մարդկային կեանքը՝ Աստուծոյ գերագոյն պարգեւը կորսնցուցած էր իր ճշմարիտ կոչումը:

 

Պատմութեան ընթացքը փոխող ու մարդկային կեանքը նոր արժէքներով ու սկզբունքներով կերպարանափոխող Աստուծոյ երկիր էջքը տեղի ունեցաւ որոշ ժամանակի ու որոշ վայր մը մէջ: Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղացումը, այլ խօսքով՝ փրկագործական խորհուրդը պատմական իրողութիւն է ու միաժամանակ՝ շարունակուող դէպք եկեղեցւոյ ճամբով, մինչեւ Քրիստոսի երկրորդ գալուստը:

 

Արդ, Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդը տօնել սոսկ անցեալին պատահած դէպք մը յիշել չէ, այլ՝ մասնակցի՜լ է Բեթղէհէմի շարունակուող խորհուրդին:

 

Այսօր, Յովհաննէս Մկրտիչին նման եկեղեցին կը պատգամէ՝ ՙպատրաստեցէ՜ք Տիրոջ ճանապարհը՚ (Ղուկ. 3: 4):

 

Ի՞նչ վիճակ կը պարզեն այսօր մեր կեանքի ճամբաները. ինչո՞վ լեցուն են եւ դէպի ո՞ւր կը տանին մեզ այդ ճամբաները: Հարցումներ, որոնք կու գան մեզի մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ Քրիստոսի ճամբան ցոյց տալու առաքելութեան լծուած մեր եկեղեցիէն: Հարցումներ, որոնք մեզմէ իւրաքանչիւրը կը մղեն ինքնահայեցողութեան, ինքնաքննութեան, ինքնաճանաչումի:

 

Սխալած կ’ըլլանք եթէ ըսենք թէ՝ Տիրոջ ճամբուն վրայ կը գտնուինք: Ներկայ աշխարհը լեցուն է արտաքնապէս օգտաշատ թուացող այնպիսի վնասաբեր երեւոյթներով, բարիին շպարով ծածկուած այնպիսի մեղքերով, նորարարութեան պիտակին ետին գտնուող այնպիսի մոլութիւններով, որոնք կամայ թէ ակամայ մեզ հեռու կը պահեն Աստուծոյ ճանապարհէն: Արդարեւ, երկրային արժէքներով ու վաղանցուկ հաճոյքներով փակ են մեր կեանքի ճամբաները Աստուծոյ առջեւ: Նոր օրերու ՙՍոդոմ-Քոմոր՚ներու (Ծննդ. 19) փորձութիւնը ու փորձառութիւնը կ’ապրինք ամէ՜ն տեղ: Պատրա՞ստ ենք հարթելու մեր կեանքի ճամբաները, դիմաւորելու համար աշխարհի Մեսիան, մեր Փրկիչը:

 

Սուրբ Աւետարանի անվեհեր քարոզիչը ըլլալու կոչուած մեր եկեղեցին, այսօր Յովհաննէս Մկրտիչի ապաշխարութեան կոչին զօրութեամբ կ’ըսէ իր հաւատացեալներուն՝ ՙգործո՜վ ցոյց տուէք թէ ապաշխարած էք՚ (Ղուկ. 3: 8):

 

Չի՜ բաւեր ըսել թէ՝ Քրիստոսի կը հետեւինք. մեր կեանքո՜վ ու գործո՜վ հարկ է ապրի՜լ Քրիստոսի ներկայութիւնը: Քրիստոնէութիւնը կեանք է, ո՜չ պիտակ: Քրիստոնէութիւնը սրբազան նպատակի մը ի խնդիր կեանքը արժեւորելու յանձնառութիւն է, ո՜չ աննպատակ գոյութիւն մը ժամանակի ու միջոցի մէջ:

 

Հետեւաբար, պէտք է մեր կեանքո՜վ փաստենք թէ Քրիստոս է միայն մեր կեանքին ճամբան ու Ճշմարտութիւնը: Քրիստոս ՙետիս գնա սատանայ՚ (Ղուկ. 4: 1-13) չըսաւ միայն. այլ չարը բարիո՜վ յաղթեց ու բարի՜ք բաժնեց բոլորին, նոյնի՜սկ մեղաւորին ու անառակին: Ի՞նչ կը կատարենք որպէս քրիստոնեայ: Սոսկ ՙապաշխարած ենք՚ ըսելը բաւարար չէ երբեք: Մեղքի ճանաչումը եւ չարէն հեռու մնալու ճիգը  եւս բաւարար չէ: Պէտք է գործո՜վ ցոյց տանք թէ փոխած ենք մեր կեանքի որակը ու նպատակը: Ապաշխարել կը նշանակէ Քրիստոսո՜վ զօրացած մեր կեանքի ճամբաները բարի գործերով լուսաւորել:

 

Այսօր, եկեղեցին ՙփրկութեան աւետիսը՚ (Ղուկ. 3: 18) կու տայ մեզի դարձեալ Յովհաննէս Մկրտիչին նման պատգամելով՝ Քրիստո՜սը դաւանեցէք ձեր կեանքին միակ Փրկիչը: Քրիստոսէն առաջ շատե՜ր փորձեցին մարդուն փրկիչը դառնալ. չկրցան: Քրիստոսէն առաջ մարդը փորձեց երկրաւոր կեանքի արժէքներուն, բնութեան ուժերուն, եւ ընկերային ու քաղաքական դրութիւններուն մէջ տեսնել իր փրկութիւնը. չյաջողեցաւ: Բեթղեհէմի Մանուկը եկաւ աշխարհին ըսելու թէ՝ ի՜նքն է միակ Փրկիչը մարդուն եւ ամբո՜ղջ տիեզերքին:

 

Քրիստոսէն ետք եւս ուրիշեներ եկան, եւ դեռ կրնան գալ՝ մարդուն փրկութիւն խոստանալու: Քրիստոս զգուշացուց մեզ ՙսուտ մարգարէներէ՚ (Մատթ. 7: 15): Սակայն, չի՜ բաւեր սոսկ դաւանիլ Բեթղեհէմի Մանուկը, որպէս մեր Փրկիչը. պատրա՞ստ ենք հովիւներուն նման (Ղուկ. 2: 15-16) հաւատարմօրէն քալելու դէպի Բեթղէհէմ: Հո՜ն է, Բեթղեհէմի մէջ, իմաստը ու նպատակը մարդու կեանքին: Հո՜ն է, Բեթղեհէմի մէջ, փրկութիւնը մարդուն: Բեթղեհէմէն դուրս չկայ Փրկիչ. Բեթղեհէմէն հեռու չկայ ճշմարիտ փրկութիւն:

 

Մարդու փրկութեան համար մարդեղանալու պատրաստ Աստուծոյ Որդին այս աշխարհին մէջ տեղ չունէր ծնելու, ինչպէս կը վկայէ Աւետարանիչը (Ղուկ. 2: 7): Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Բեթղեհէմի խոնարհ մսուրի մը անկիւնը ծնունդ տուաւ Աստուծոյ Որդիին:

 

Այսօ՜ր եւս Քրիստոս տեղ կը փնտռէ ծնելու…:

 

Խոնարհութեան կենդանի օրինակը դարձած Քրիստոս պիտի չուզէ ծնիլ գեղեցիկ պանդոկներու, շքեղ պալատներու ու նիւթեղէն հարստութեամբ յղփացած վայրերու մէջ: Պատրա՞ստ ենք մեր կեանքը, մեր ընտանիքը, մեր ազգը, մեր հայրենիքը դարձնելու Բեթղեհէմ, ուր գայ եւ ծնի Աստուծոյ Միածին Որդին: Պատրա՞ստ ենք մեր կեանքի ճամբաները բանալու մեր Փրկչին առջեւ:

 

Որքա՜ն, որքան կարօտը ունինք Աստուծոյ ներկայութեան՝ ապականացեալ մեր կեանքին մէջ:

 

Որքա՜ն, որքան պահանջքը ունինք աստուածային միջամտութեան՝ խաւարով ու տառապանքով լեցուն այս աշխարհին մէջ:

 

Որքա՜ն, որքան կարիքը ունինք դէպի փրկութիւն առաջնորդող ճամբուն՝ մեղքով ու չարիքով շղթայուած մեր կեանքին մէջ: 

 

Քրիստոնեայ մարդը երբեք պէտք չէ մոռնայ թէ՝Աստուած այնքա՜ն սիրեց մարդը, որ նո՜յնիսկ իր Միածին Որդին ղրկեց աշխարհ՝ մարդը վերամարդացնելու  (Յովհ. 3: 16): Մարդեղացեալ Աստուծոյ Որդին այնքա՜ն սիրեց մարդը, որ նո՜յնիսկ իր անառակ վիճակին մէջ գրկաբաց ընդունեց զինք (Ղուկ. 15: 11-32): Աստուած միշտ կը սիրէ մարդը, մեղաւո՜ր մարդը, եթէ մենք պատրաստ ենք մեր կեանքի ճամբան բանալու իր առջեւ:  

 

*

*  *

 

Ս. Ծնունդի օրհնաբեր տօնին առիթով, Հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ՝ Մեծայարգ Տիար Ռոպերթ Քոչարեանը, մաղթելով իրեն քաջառողջութիւն, եւ իր հայրենանուէր ծառայութեան լիառատ արդիւնաւորութիւն:

 

Եղբայրական ջերմ սիրով կ’ողջունենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, աղօթելով որ Բարձրեալն Աստուած իրեն պարգեւէ  երկար գահակալութիւն՝ եկեղեցաշէն իրագործումներով լեցուն:

 

Եղբայրական խոր սիրով կ’ողջունենք Երուսաղէմի Առաքելական Աթոռին Պատրիարք՝ Ամենապատիւ Տ. Թորգոմ Արք. Մանուկեանը եւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք՝ Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանը, մաղթելով իրենց արդիւնաշատ ծառայութեան երկար տարիներ:

 

Հայրական անհուն սիրով կ’ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հոգեւոր խնամքին ենթակայ մեր թեմերուն Առաջնորդ Սրբազանները, հոգեւորական դասը, ազգային իշխանութեանց մարմինները, մեր կեանքէն ներս գործող բոլոր կազմակերպութիւնները եւ մեր սիրելի ժողովուրդին զաւակները: Կ’աղօթենք որ Բեթղէհեմի անմար լոյսով լուսաւորուի մեր կեանքի ճամբան:

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

6 Յունուար, 2008

Անթիլիաս, Լիբանան.

 

More News