Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Պատգամը Միւռոնօրհնէքի առիթով

ԴԷՊԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՎ ՕԾՈՒՆ ՄԻՒՌՈՆԱԲՈՅՐ ԿԵԱՆՔ            ՙՏէր Աստուած, եղիցի Միւռոնս այս՝ պահապան կենաց, ճառագայթ հոգւոց, լուսաւորութիւն մտաց, ձեռնադրիչ նուիրելոց, զէն հաւատոյ, փարատիչ ցաւոց…՚:   Հայ հոգիի ակունքներէն ժայթքած ու հաւատքի կրակով թրծուած բառե¯ր, որոնք դարեր շարունակ երկինք բարձրացան հայ եկեղեցւոյ աղօթքի մրմունջներով ու խունկի ծուէններով: Քիչ առաջ, նոյն այս բառերը, վերանորոգ հաւատքով…