Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Պատգամը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովին, 2-5 Դեկտեմբեր 2008

Քրիստոնէական ջերմ սիրով, ազգային վառ ապրումներով ու հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք ձեր ներկայութիւնը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս:

 

Հայրապետական դարաւոր այս Սուրբ Աթոռը կոչուած է ՙՄեծի Տանն՚: Տո՜ւն է այս Աթոռը, ոչ սոսկ սովորական վարչական կեդրոն: Ան ազգի՜ն տունն է, ուր մեր ժողովուրդի բոլո՜ր զաւակները իրենք զիրենք պէտք է զգան իրենց սեփական  տան մէջ: Այս հոգեւոր տունը կոչուած է ՙմեծ՚ տուն: Անոր մեծութիւնը ո՜չ իր քարին մէջ է եւ ո՜չ կառոյցին, ո՜չ իր ֆիզիքական ծաւալին եւ ո՜չ իր նիւթական հարստութեան մէջ, այլ իր ամբողջանուէր ծառայութեան մէջ: Հայ կեանքի բառարանին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը  հոմանիշ է՝ համազգային տեսիլքով զսպանակուած հաւաքական ծառայութեան: Արդարեւ, ամուր հաւատքով շաղախուած ու խոր նուիրումով կենսագործուած իր ծառայութեամբ է որ այս Ս. Աթոռը իր մեծութիւնը կերտած է ու իր հեղինակութիւնը նուաճած թէ՜ հայ կեանքէն եւ թէ միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական շրջանակներէն ներս:

 

Նոյն այ՜ս տեսիլքով շարունակեց ծառայել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը անցնող վեց տարիներուն՝ հաւատարիմ մեր եկեղեցւոյ դաւանական կեցուածքներուն, հոգեւոր արժէքներուն ու բարոյական ըմբռնումներուն եւ յանձնառու մեր ժողովուրդի սպասումներուն:

 

Հակառակ Լիբանանէն ներս ստեղծուած քաղաքական անկայուն վիճակին, Միջին Արեւելքի կարգ մը շրջաններէն ներս շարունակուող զինուորական բախումներուն, միջազգայն տնտեսական տագնապին եւ ընդհանրապէս համաշխարհայնացումի յառաջացուցած նոր պայմաններուն ու բացասական հետեւանքներուն, մեր Ս. Աթոռը բարձրագոյն աստիճանի պատասխանատուութեամբ կատարեց իր ծառայութիւնը մեր ժողովուրդին: Մեր միաբանները իրենց նուիրումով, մեր ժողովականները իրենց խորհուրդներով, մեր բարերարներ իրենց նիւթական օժանդակութեամբ, մեր բարեկամները իրենց բարոյական աջակցութեամբ ու մեր ժողովուրդի զաւակները այս Ս. Աթոռին նկատմամբ ունեցած սիրով իրենց ՙայրիի լուման՚ դրին մեր հաւաքական ծառայութեան գանձանակին մէջ: Այս բոլոր ներդումներուն ներդաշնակ ու սերտ յարակցութեամբ է որ կարելի դարձաւ յատկանշական նուաճումներ արձանագրել ու կարեւոր իրագործումներ կատարել Կաթողիկոսարանի ծառայական դաշտի զանազան բնագաւառներէն ներս: Այս առիթով Մեր ջերմ շնորհակալութիւնը ու բարձր գնահատանքը կը յայտնենք Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներուն, յարակից յանձնախումբերուն, թեմակալ առաջնորդներուն ու Ազգ. Իշխանութեանց, մեր միաբաններուն ու բարերարներուն, որոնք իրենց գործօն մասնակցութեամբ մեր Ս. Աթոռին ծառայական առաքելութեան տուին նոր որակ, նոր ծաւալ ու մղում:

 

Աւելի քան 500 էջերու վրայ տարածուած Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու գործունէութեան ընդհանուր պատկերը կը գտնուի ձեր տրամադրութեան տակ: Տեղեկագրի մը ծաւալը ոչի՜նչ կ’արժէ. էականը նպատակասլաց ծառայութիւնն է ու այդ ծառայութեան էութիւնը կազմող հաւատքը ու նուիրումը: Այս գիտակցութենէն մղուած, փորձեցինք մեր Ս. Աթոռին ծառայութիւնը վերածել, մեր ժողովուրդի զաւակներու կարիքներուն անմիջական գոհացում տալէն անդին, աշխատանքի նոր ածուներ ու հորիզոններ բացող եւ մեր կեանքին կազմակերպչական հզօրութիւն ու նոր կենսունակութիւն տուող կազմակերպ ու մնայուն գործընթացքի: Հաւատքի առաքելութիւն ու ազգային ծառայութիւն. զիրար լրացնող ու հարստացնող այս երկու տարածքները մեր գործին սոսկ լոզունգներ չեղան, այլ դարձան մեր Ս. Աթոռին ծառայութեան հէնքը, խորքը ու նպատակը: Վեց տարիներու մեր աշխատանքին ամփոփ տեղեկագիրը իր այլազան երեսներով վստահաբար կը փաստէ Մեր այս հաստատումը:  Մեր սպասումն է որ համապարփակ ու իրապաշտ մօտեցումով արժեւորումը կատարէք կատարուած աշխատանքին:

 

*

*  *

 

Սակայն, միայն անցեալի՜ն չնայինք. կատարուածո՜վ չգոհանանք: Անցեալի իրագործումներով ու փորձառութեամբ հարստացած հարկ է նայիլ ապագայի՜ն՝ վերանորոգ հաւատքով ու տեսիլքով:

 

Կ’ապրինք արմատական փոփոխութիւններու մէջ գտնուող աշխարհի մը մէջ, ուր խոր տագնապներ ու նոր բեւեռացումներ, աննախատեսելի կացութիւններ ու վտանգալից երեւոյթներ դարձած են մնայուն բազմակրօն ու բազմամշակոյթ ընկերութեան կեանքին մէջ. ուր հակադիր զարգացումներ, այսպէս՝ նոր ինքնութեան փնտռտուքը մէկ կողմէն ու արմատներու վերադարձը միւս կողմէն, բարոյական արժէքներու նահանջը մէկ կողմէն եւ հոգեւոր արժէքներու վերազարթօնքը միւս կողմէն, միջազգայինին բացուելու պարտադրանքը մէկ կողմէն ու ազգայինին կառչելու մղումը միւս կողմէն՝  համաշխարհայնացած աշխարհի ամենէն ցայտուն յատկանիշները դարձած են:

 

Մեր ազգը, եկեղեցին ու հայրենիքը չեն կրնար անտարբեր մնալ այս զարգացումներուն նկատմամբ: Անհրաժեշտ է քայլ պահել ներկայ աշխարհի հոլովոյթին հետ՝ առանց հեռանալու մեր արժէքներէն, մեր ինքնութենէն: Միթէ այս չէ՞ եղած մեր գոյատեւման ամուր կռուանը, մեր հզօրութեան գաղտնիքը՝ պատմութեան ամեհի փոթորիկներուն մէջ:

 

Արդարեւ, մեր հաւաքական կեանքին մէջ իր խոր արմատները նետած, մեր ազգին տագնապներով տագնապած, մեր ազգին տառապանքի ճամբէն քալած ու անոր պայքարին ու երազներուն հետ նոյնացած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, մեր ժողովուրդի պատմութեան այս վճռադրոշմ հանգրուանին, համազգային գերագոյն ու ընդհանրական շահերէ մեկնած կոչուած է առաւե՜լ նուիրումով ծառայելու մեր եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքին: Մեր Ս. Աթոռին հաւատքի առաքելութիւնը ու ազգային ծառայութիւնը միշտ պիտի ունենայ զիրար ամրացնող ու ամբողջացնող  երեք ցուցանիշ՝ եկեղեցաշինութիւն, ազգաշինութիւն ու հայրենաշինութիւն:

 

ա) Եկեղեցաշինութիւն. սովորական հասկացութեամբ չէ որ կը գործածենք այս բառը: Եկեղեցին սոսկ քար ու ծէս, կառոյց ու դաւանանք չէ: Եկեղեցւոյ ինքնա-արտայայտութեան կերպերը պէտք չէ շփոթել անոր էութեան հետ: Իր պատերէն ներս բանտարկուած եկեղեցին կը կորսնցնէ իր ճշմարիտ ինքնութիւնը, իր գոյութեան պատճառը: Եկեղեցին ինքզինք կ’ըլլայ իր հարազատ էութեամբ իր պատերէն անդին, ժողովուրդի՜ կեանքին մէջ, իր ծառայութեա՜մբ: Այսպէ՜ս պէտք է ըլլայ հայ եկեղեցին՝ հաւատարիմ իր սրբազան կոչումին: Ու մեր ժողովուրդը եկեղեցւոյ ծառայական ներկայութեամբ պէտք է դառնայ եկեղեցի: Այլ խօսքով՝ քարեղէն եկեղեցին պէտք է ծառայէ հոգեղէն եկեղեցւոյ շինութեան:

 

բ) Ազգաշինութիւն. հայութիւնը ա՜զգ է եւ ո՜չ թէ համայնքներու ամբողջութիւն: Հայութիւնը ազգ է իր ցեղային արմատներով, մշակութային ինքնութեամբ ու հայրենիքով: Ա՜յս ինքնագիտակցութեամբ հայութիւնը իր մշակոյթը ծաղկեցուցած է, իր պատմութիւնը կերտած, իր հայրենիքը շինած՝ նոյնիսկ արեան գիտակից վկայութեամբ: Ազգաշինութիւնը՝ ազգին արժէքներուն, աւանդութիւններուն, յիշողութեան, սրբութիւններուն ու երազներուն շաղախումն է մեր անհատական ու հաւաքական կեանքին: Ազգաշինութիւնը՝ ազգին ցրուած զաւակներուն ներքին միութեան հզօրացումն է ու հաւաքական պատկանելիութեան ամրապնդումը: Ազգը ապազգայնացնող ու անոր ամբողջականութիւնը ջլատող համաշխարհայնացումի հոսանքին դիմաց մեր ազգը պէտք է ազգաշինութեան մնայուն ընթացքի մէջ ըլլայ: Արդ, ազգաշինութիւնը, իւրաքանչիւր հայուն, իւրաքանչիւր կառոյցին, գաղութին, եկեղեցւոյ ու հայրենի պետութեան մտածողութեան ու գործին, կեանքին ու ծառայութեան առանցքը պէտք է դառնայ:

 

գ) Հայրենաշինութիւն. հայրենիքը ազգի մը հզօրութեան ու յաւերժութեան ամենէն զօրեղ կռուաններէն մէկն է: Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ ամէն անգամ երբ կորսնցուցած ենք մեր հայրենիքը, ազգովին տկարացած ենք ու նահանջած՝ որակով թէ քանակով: Հայրենիքին հզօրացումը ամբո՜ղջ ազգին հզօրացումն է եւ՝ փոխադարձաբար: Այս գիտակցութեամբ պէտք է գործենք՝ հեռու մնալով Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ծիրէն ներս մտածելակերպի ու գործելակերպի երկուութիւն յառաջացնող կեդրոնաձիգ թէ կեդրոնախոյզ մօտեցումներէ: Միայն տնտեսական հզօրութեամբ կարելի չէ հայրենիք կերտել.  սոսկ պարագայական գործակցութեամբ կարելի չէ հայրենաշինութեան նոր որակ ապահովել: Էականը՝ հոգեմտաւոր կամուրջներու ամրացնումն է Հայաստանի ու Սփիւռքի միջեւ. ծրագրուած, հետեւողական ու ներդաշնակ գործակցութեան յառաջացումն է մեր ազգին երկու հատուածներուն միջեւ: Հետեւաբար, հայրենաշինութեան նկատմամբ Սփիւռքը պէտք չէ լոկ դիտողի կամ հետեւողի կրաւորական վիճակին մէջ ըլլայ, այլ մասնակցողի գործօն դերին մէջ:

 

Այսօր, փաստօրէն Սփիւռքը վերածուած է բարդ ու խայտաբղէտ իրականութեան մը՝ նոր գաղութներու կազմաւորումով, դասական սփիւռքի առընթեր ՙՀայաստանեան Սփիւռքի՚ գոյաւորումով եւ նոր գունաթափումներու ենթարկուելով: Արդ, դէպի ինքնաբաւ կեանք ու ինքնակեդրոն մտածողութիւն ընթացող Սփիւռքէն ներս համազգային մտածողութեան զարգացումը, միջ-գաղութային ու Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ամրապնդումով, հրամայական պահանջ է: Համազգային արժէքներու շուրջ իր կեանքը կազմաւորած եւ ի խնդիր նոյն արժէքներու յաւերժացման պայքարած Սփիւռքը այսօր կարիքը ունի վերակազմակերպման ու վերաշխուժացման՝ իր ներքին կարողականութեան օգտագործումով ու Հայաստանի աջակցութեամբ: Սփիւռքի հզօրացումը Հայաստանի հզօրացումն է:

 

*

*  *

 

Այս ենթահողի վրայ կանգնած եւ այս համազգային տեսիլքէն իր մղումը առնելով, մեր Ս. Աթոռը իր ծառայական կոչումին մէջ կարեւորութեամբ նկատի պիտի ունենայ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի եւ մասնաւորաբար Սփիւռքի ներկայ պայմաններէն ու հրամայականներէն յառաջացող կարիքներն ու մարտահրաւէրները: Արդարեւ, անցնող տարիներու մեր հաւաքական փորձառութեան իրապաշտ արժեւորումը եւ ՙժամանակներու նշաններուն՚ ճիշդ ընթերցումը, Մեր հայեցակէտով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան դիմաց երեք առաջնահերթ բնագաւառներ ցոյց կու տայ.-

 

1) Հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու կենսագործումը պէտք է մնայ առաջնահերթութիւն մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան ծիրէն ներս: Արդարեւ, ընտանիք մը, համայնք մը կամ ընկերութիւն մը առողջ ու կենսունակ կը դառնայ ո՜չ լոկ նիւթական հզօրութեամբ, այլ էապէս հոգեւոր ու բարոյական հարստութեամբ:  Պատմութիւնը ցոյց կու տայ որ հսկայ կայսրութիւններ կորսուեցան պատմութեան փոշիին տակ. սակայն մնացին հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու կառչած փոքր ազգեր: Այսպէս եղաւ նաեւ մեր ՙփոքր ածուն՚: Ան ո՜չ միայն Բեթղեհէմէն ճառագայթած արժէքներուն ու ճշմարտութիւններուն առաջի՜ն հետեւողը դարձաւ, այլ նաեւ իր կեանքը շաղախեց, իր պատմութեան ճամբան լուսաւորեց, իր ինքնութիւնը կերտեց քրիստոնէական արժէքներով: Մեր եկեղեցին դարձաւ կենսատու աղբիւրը ու յանձնառու առաքեալը հոգեւոր ու բարոյական արժէքներուն:

 

Ներկայ աշխարհի այլասերիչ ու ապականիչ հոսանքներուն դիմաց, մեր ժողովուրդի կեանքը եւս, ամէ՜ն տեղ ու ամէ՜ն վայրկեան, ենթակայ է այնպիսի ազդեցութիւններու, որոնք մեր ժողովուրդի զաւակները կը հեռացնեն մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր ակունքներէն ու բարոյական արժէքներէն: Արդ, պէտք է ընել այնպէս որ հայ ընտանիքը լեցուի մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր ու բարոյական արժքէներով եւ աւանդութիւններով, հայ դպրոցին մէջ ջամբուող հայեցի դաստիարակութիւնը ներդաշնակուի կրօնական դաստիարակութեան, հայ երիտասարդը մօտենայ մեր եկեղեցւոյ՝ հոգեւոր արժէքներու իր փնտռտուքին մէջ:

 

Մեր ժողովուրդի ներկայ մտահոգութիւններուն եւ սպասումներուն դիմաց իր կոչումը ազդու կերպով իրագործելու համար մեր եկեղեցին հրամայական կարիքը ունի ներքին վերանորոգման ու լուրջ բարեկարգումի: Խորապէս կը հաւատանք, որ դարաւոր փորձառութեամբ հարուստ ու իր արմատներուն հաւատարիմ, սակայն 21-րդ դարու մարտահրաւէրներուն ու պահանջներուն հաղորդ հայ եկեղեցին միայն պիտի կարենայ դառնալ ճշմարիտ առաքեալը հոգեւոր ու բարոյական արժէքներուն հայ կեանքէն ներս: Անհրաժեշտ է հետեւաբար, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մի՜ասնաբար լծուին նման անյետաձգելի աշխատանքին:

 

2) Հայակերտումը պէտք է դառնայ առանցքային մտահոգութիւն: Սփիւռքի պարտադրեալ գոյավիճակին մէջ, իր արեան կանչով, պահանջատիրական կամքով եւ պայծառ ապագայի տեսիլքով հայ ժողովուրդը որոշեց մնա՜լ պատմութեան թատերաբեմին վրայ: Երկրագունդի տարածքին ցրուած հայու բեկորները, համախմբուած իրենց հոգեւոր, կրթական, մշակութային ու ընկերային կառոյցներուն շուրջ, դարձան կազմակերպ գաղութ՝ հայապահպանումը վերածելով առաջնահերթ մտահգութեան:

 

Ահա թէ ինչու հայ եկեղեցւոյ կողքին հայ դպրոցին հաստատումը ու այս զոյգ սրբազան կառոյցներուն սերտ ու ներդաշնակ գոյակցութիւնը ու գործակցութիւնը,  Սփիւռքի տարածքին կրթական օճախներու բազմացումը եւ ուսումնական-կրթական աշխատանքներու ծաւալումը պատահական երեւոյթ մը չէր: Ծով զոհողութեամբ հայ Սփիւռքը հայ դպրոց պահեց ու բարձրագոյն աստիճանի յանձնառութեամբ հայ դպրոցը իր մարդակերտումի ու հայակերտումի առաքելութիւնը կատարեց: Սփիւռքի գոյապայքարին ու ազգային պահանջատիրութեան մէջ հայ դպրոցը վճռական դեր ունեցաւ, եւ ունի՜ առաւել քան երբեք:

 

Արդարեւ, տակաւ աճող ու տարածուող եւ այլասերման վտանգներուն անմիջականօրէն ենթակայ Սփիւռքի մէջ հայ դպրոցի դերը դարձած է ճակատագրական: Իսկ, համաշխարհայնացումի յառաջացուցած կենցաղակերպի, մտածելակերպի ու գործելակերպի նոր պայմանները, մեզ շրջապատող բազմակրօն ու բազմամշակոյթ ընկերութեան յառաջացուցած նոր վտանգները, հայ դպրոցին ենթակայութիւնը պետական-կրթական խիստ պահանջներուն, ու տակաւին հայ դպրոցին դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւնները, հայ աշակերտութեան թիւի նուազումը եւ հայ ուսուցիչներու պակասը լուրջ տագնապի մատնած են հայ դպրոցը:

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր թեմերու ճամբով առաջնահերթ կարեւորութիւն ընծայած է հայ դպրոցին՝ հայակերտումը նկատելով իր առաքելութեան ամենէն էական տարածքներէն մէկը: Անհրաժեշտ է որ հայակերտումը, վերանորոգ շեշտաւորումով ու նոր պայմաններուն համապատասխան մօտեցումով, շարունակէ մնալ հիմնական առաջնահերթութիւններէն մին մեր Ս. Աթոռին առաքելութեան: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած համասփիւռքեան կրթական համագումարին արտասանած Մեր պատգամին մէջ ըսինք.- ՙՍփիւռքի մէջ տագնապներէ անցնող հայեցի դաստիարակութեան ողբը միայն պիտի չհիւսենք, այլ՝ միասնաբար պիտի փորձենք հայեցի դաստիարակութեան ապագան հունաւորող իրատես քաղաքականութիւն մը ճշդել: Առաջին, մշակելով համազգային կրթական համապարփակ քաղաքականութիւն՝ Հայաստան եւ Սփիւռք միասնաբար: Երկրորդ, յառաջացնելով Սփիւռքի մէջ հայ դպրոցի կրթական համակարգը վերատեսութեան ենթարկելու ձգտող գործընթաց մը, ուր անպայմանօրէն կարեւոր տեղ գրաւեն հայերէն դասաւանդուող նիւթերու յատուկ նոր դասագրքերու պատրաստութիւնը, հայ ուսուցիչներու կազմաւորումը ու վերաորակաւորումը, հայ դպրոցին վարչա-կազմակերպչական դրութեան վերանայումը, անոր կրթական մակարդակի բարձրացումը ու տնտեսական վիճակի բարելաւումը՚:

 

Երբ կը հաւատանք հայ դպրոցին հրամայական դերին, որպէս հայակերտումի օճախ, ազգային պահանջատիրութեան ամրոց ու ազգաշինութեան աղբիւր, ո՜չ մէկ ճիգ պէտք է խնայենք հայ դպրոցին նկատմամբ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պատրաստ է այս մարզէն ներս նախաձեռնողի, համադրողի ու կազմակերպողի դերին մէջ ըլլալ: Այս ուղղութեամբ անցնող վեց տարիներու ընթացքին առնուած շարք մը գործնական քայլերը պերճախօս վկայութիւն են մեր Ս. Աթոռին ձեռք ձգած լայն փորձառութեան:

 

3) Մարդու պատրաստութիւնը աւելի քան երբեք հրամայական անհրաժեշտութիւն է: Ծրագիրը կեանքի վերածողը, տեսիլքը շօշափելի իրականութիւն դարձնողը, նիւթականը արժէքի փոխակերպողը ու հաւատքը գործով թարգմանողը մա՜րդն է: Աստուած որպէս իր ստեղծագործութեան պսակը մա՜րդը ստեղծեց որպէսզի պահէ, պաշտպանէ ու խնամէ այս տիեզերքը: Արդ, մարդը աստուածատուր կոչում մը ունի, իր աստուածապարգեւ շնորհները ծաղկեցնելու եւ ի սպաս դնելու մարդկութեան զարգացման ու  բարօրութեան: Ոեւէ հաւաքականութեան, կրօնի կամ մշակոյթին մեծագոյն հարստութիւնը մա՜րդն է: Հաւատք ու տեսիլք, որակ ու զարգացում, նկարագիր ու կամք ունեցող մա՜րդն է որ պիտի կարենայ ճշմարիտ առաջնորդի, իմաստուն ղեկավարի ու քաջ հովիւի դերը ստանձնել: Եւ մենք որքա՜ն, որքա՜ն կարիքը ունինք նման մարդերու…:

 

Կ’ուզնե՞ք մեր եկեղեցին վերանորոգել, անոր հաւատքի առաքելութիւնը կենսագործել, նուիրում ու զարգացում ունեցող հոգեւորականի կարիքը ունինք:

 

Կ’ուզե՞նք հայ դպրոցը հզօրացնել, անոր մարդակերտումի ու հայակերտումի առաքելութիւնը իրագործել, կոչումի գիտակցութիւն ունեցող հայ ուսուցչին կարիքը ունինք: 

 

Կ’ուզե՞նք մեր մշակոյթը ծաղկեցնել, մեր մշակութային ժառանգութեան ամբողջական ճանաչումը ունեցող մտաւորականներու ու արուեստագէտներու կարիքը ունինք:

 

Կ’ուզե՞նք մեր ազգային կեանքը վերակազմակերպել ու մեր կառոյցները արդիականացնել, բարոյական արժէքներով կազմաւորուած, ընդհանրական շահերը անձնական շահերէն վեր նկատող, ներկայ աշխարհի պայմաններուն ու խնդիրներուն քաջածանօթ ղեկավարներու կարիքը ունինք:

 

Հայ մարդուն հիմնական կազմաւորումը հայ կեանքին մէջ է որ տեղի պէտք է ունենայ: Իսկ ազգային կազմաւորումը պէտք է ամբողջացնէ մասնագիտական պատրաստութիւնը, որ անփոխարինելի պահանջ մըն է ներկայ աշխարհին մէջ: Մեր Ս. Աթոռը իր Դպրեվանքին ու Խաչեր Գալուստեան Մանկավարժական Կեդրոնի, իր կազմակերպած կրթական ու մշակութային համագումարներու ճամբով, եւ երբեմն օտար համալսարաններ աշակերտներ ղրկելով  լծուած է մարդու պատրաստութեան նուիրական գործին: Այս յոյժ կարեւոր աշխատանքը պէտք է վերանորոգ թափով շարունակուի, որովհետեւ ՙհունձք բազում են բայց մշակք սակաւք՚ (Ղուկ. Ժ. 2):

 

Ահա, եկեղեցաշինութեան, ազգաշինութեան ու հայրենաշինութեան հէնքին շուրջ հիւսուած եւ զիրար ամբողջացնող ու հզօրացնող, Մեր հայեցողութեամբ,  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան յառաջիկայ տարիներու առաքելութեան երեք հիմնական տարածքները.- հոգեկերտում, հայակերտում ու մարդակերտում: Խորապէս կը հաւատանք որ յիշեալ բնագաւառներէն ներս կարելի է յաջողութիւններ ձեռք ձգել՝ Կաթողիկոսարան-թեմ սերտ գործակցութեամբ, մեր ժողովական կառոյցներու ուժական գործունէութեամբ, մեր թեմերու ու բարերարներու նիւթական օժանդակութեամբ, եւ այս բոլորէն առաջ ու վեր՝ հաւաքական հաւատքով ու նուիրումով:

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

2 Դեկտեմբեր, 2008

Անթիլիաս, Լիբանան