Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Պատգամը

ԲԵԹՂԵՀԷՄԻ ՄԱՆՈՒԿԸ ԲՈԼՈՐ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԱԶԱՏԱԳՐԻՉԸ   Դարձեալ մեր հաւատքի աչքերը ուղղուած են Բեթղեհէմի մէջ ծնած Յիսուս Մանուկին։   Անոր, որ աշխարհ եկած էր՝ աղքատներուն, յուսաբեկներուն, տառապեալներուն, հիւանդներուն, հալածուածներուն փրկութեան աւետիսը տալու։   Անոր, որ ծնունդէն մինչեւ գերեզման, Բեթղեհէմէն մինչեւ Գողգոթա հալածուեցաւ ու չարչարուեցաւ։   Անոր, որ եղաւ, կը մնայ ու պիտի մնայ մեծագոյն ազատագրիչը…