«ՄԵՂԱ՜Յ ԱՍՏՈՒԾՈՅ»
Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի քարոզի երկրորդ բաժնին՝ արտասանուած Սուրբ Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, Միջինքի առիթով, Պէյրութ, 22 Մարտ, 2006-ին։ Իր հայրապետկան պատգամին առաջին բաժնին մէջ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Լիբանանի հայութեան կեանքին հետ աղերս ունեցող կարգ մը երեւոյթներուն, եւ կարեւորութեամբ շեշտեց գաղութի կեանքին նոր կենսունակութիւն տալու անհրաժեշտութիւնը յատկապէս կրթական ու մշակութային մարզերէն ներս։
«Մեղա՜յ Աստուծոյ…»։ Քրիստոնեայ մարդու բառապաշարին կը պատկանին այս երկու բառերը։ Յաճախակի առիթներով անոնք կը կրկնուին մեր առօրեայ կեանքին մէջ՝ երբեմն գիտակցաբար եւ երբեմն անգիտակցաբար։ Աստուծմէ ներողութիւն կը խնդրենք խօսքով թէ գործով մեր գործած մեղքերուն համար։
Հին դարերէն սկսեալ քրիստոնէական մշակոյթին ու մտածողութեան մէջ տիրական ներկայութիւն դարձած է մեղքը։ Աստուածաբաններ երկար էջեր յատկացուցած են մեղքի ծագումը, իմաստը ու անոր յառաջացուցած չարիքները վերլուծելու։ Մեր եկեղեցւոյ կեանքին եւ յատկապէս մեր հայրերու գրականութեան ու ծէսին մէջ եւս կը տեսնենք մեղքին առանցքային ներկայութիւնը։ Մեր աստուածաբանութեան մէջ մեղքը քննուած է, որպէս քրիստոնէական կեանքին ամենէն էական խնդիրներէն մէկը։ Այս ծիրէն ներս երբ նայինք Նարեկացիի Մատեան Ողբերութեան աղօթագիրքին, պիտի տեսնենք թէ որքա՜ն քրիստոնեայ մարդուն միտքը չարչրկող, հոգին փոթորկող, կեանքը տագնապեցնող իրականութիւն մըն է մեղքը։
Արդարեւ, մեղքը ո՛չ միայն քրիստոնեայ մարդուն յատուկ երեւոյթ մըն է, այլ մարդ արարածին։ Համամարդկային այս իրականութիւնը կրօններու մէջ տարբեր ըմբռնում ու տարբեր արտայայտութիւն գտած է եւ, հետեւաբար, իւրաքանչիւր կրօն տարբեր մօտեցում ու վերաբերում ճշդած է մեղքին նկատմամբ։ Երբեմն հակիրճ եւ երբեմն երկդիմի բանաձեւումներ տրուած են մեղքին, իսկ երբեմն ալ տոկմաթիք մօտեցումներով ան ներկայացուած է։ Եկէք փորձենք հասկնալ զայն աւելի լայն խորքի վրայ։
*
* *
Ա) Մեղքը՝ Աստուծոյ բացակայութիւնն է։
Մարդկութիւնը ընտանիք մըն է, որուն հայրը Աստուած է։ Կրօններ տարբեր ձեւով կ’ըմբռնեն զԱստուած. սակայն բոլորն ալ կը հաստատեն թէ մէ՛կ է մարդկութիւնը իր բոլոր գոյներով, ձեւերով ու արտայայտութիւններով եւ ան ենթակայ է գերագոյն ուժի մը։ Մարդկութեան տունը այս աշխարհն է. եւ զայն մարդկութեան համար ստեղծողը Աստուած է։ Մենք տէրը չենք այս տան. ան կը պատկանի Աստուծոյ. մենք առատօրէն կը վայելենք անոր բարիքները որպէս Աստուծոյ պարգեւը։ Այս մրկնակէտով պէտք է դիտենք մեր յարաբերութիւնը թէ՛ Աստուծոյ եւ թէ այս աշխարհին հետ։
Շրջագիծ մը բանալով, այս հայեցակէտով նայինք մեր կեանքին։ Ընկերութեան մէջ ընտանիք կազմողը, տուն շինողը, զայն պահողն ու պաշտպանողը հայրն է։ Ի՞նչ կրնայ ըլլալ այդ տան երբ հայրը բացակայ. այդ ընտանիքէն ներս կրնան պատահիլ տեսակ-տեսակ սխալներ, թերութիւններ, մեղքեր ու չարիքներ։ Արդ, տան մը մէջ հօր ներկայութիւնը հրամայական անհրաժեշտութիւն է։ Նո՛յնն է պարագան համամարդկային մեծ ընտանիքին։ Աստուծոյ բացակայութիւնը մեր կեանքէն չարիքներ կը ստեղծէ, կամայ թէ ակամայ մարդը մեղքի կը մղէ։ Եթէ հարց տանք թէ ինչո՞ւ. պատասխանը պարզ է՝ որովհետեւ մարդը անկատար արարած մըն է. կատարեալի բացակայութեան անկատարը կը դառնայ անտէր, անպաշտպան, անապահով. եւ նման կացութիւն մը մարդը կ’առաջնորդէ մեղքի։
Մարդը պէտք ունի Աստուծոյ ներկայութեան։ Կարդացէք մեր եկեղեցւոյ աղօթքները. միշտ Հայր Աստուծոյ կը դիմենք որպէս պահապանը, խնամատարը, ապաւէնը մեր կեանքին։ Առանց հօր ընտանիք մը որբ է, անօթի է ու ծարաւ։ Այնպէս ալ առանց երկնաւոր հօր մարդը գերին կը դառնայ տեսակ-տեսակ մեղքերուն։ Ահա թէ ինչու Սաղմոսերգուն կը դիմէ Աստուծոյ ըսելով՝ «Աստուած, Աստուած իմ, քեզ կը փնտռեմ անձկագին, հոգիս ծարաւ է քեզի, մարմինս քեզի կը փափաքի՝ խոպան, ճաթռտած, անջուր մնացած հողի պէս» (63։ 1)։
Բ) Մեղքը՝ մարդուն անտարբերութիւնն է իր աստուածատուր պատասխանատուութեան նկատմամբ։
Մարդուն ստեղծումը Աստուծոյ կողմէ պատահականութեան մը արդիւնքը չէ։ Քրիստոնէական հասկացողութեամբ Աստուած նպատակի մը համար մարդը ստեղծեց։ Նպատակ կ’ենթադրէ պատասխանատուութիւն, կոչումի գիտակցութիւն։ Աստուած ո՛չ միայն մարդուն սովորական պատասխանատուութիւն մը տուաւ, այլ մարդը իրեն «գործակից» նկատեց, իր «դեսպան»ը նշանակեց, որպէսզի իր սկսած ստեղծագործութեան, փրկագործութեան ու երկնային թագաւորութեան հաստատման գործը մարդը շարունակէ իրեն համար ճշդուած սահմաններուն մէջ։
Նման սրբազան գործի մը համար կոչուած մարդուն մեղանչումը կը սկսի՝ առաջին, երբ մարդը իրեն տրուած աստուածատուր պատասխանատուութիւնը կը շահագործէ ի շահ իր հաճոյքին, իր փառքին եւ իր թագաւորութեան հաստատման։ Երկրորդ, երբ մարդը Աստուծոյ կողմէ իրեն տրուած պատասխանատուութեան տէր չի կանգնիր, կը հեռանայ իր պարտաւորութեան պահանջած կեանքի ու գործի որակէն ու ոճէն եւ իր կեանքին կեդրոնը կը դարձնէ երկրաւորը, ժամանակաւորը, իր անձը։ Ա՛յս էր պատճառը առաջին մարդուն, Ադամին դրախտէն արտաքսման եւ այսպէս կոչուած «Ադամական մեղք»ին գոյաւորման։ Հետեւաբար, մեղքը կը յառաջանայ Աստուծոյ կողմէ մարդուն տրուած պատասխանատուութեան շահագործումէն, ինչպէս նաեւ այդ պատասխանատուութենէն մարդուն խուսափումէն։
Դարձեալ, եկէք, մեր առօրեայ կեանքի ծիրէն ներս դիտենք նոյն այս երեւոյթը։ Ի՞նչ կը պատահի երբ ընտանիքէ մը ներս, կազմակերպութենէ մը ներս, համայնքէ մը ներս մեզի տրուած պատասխանատուութիւնը չարաշահենք կամ՝ անոր նկատմամբ անտարբեր վերաբերում ցուցաբերնք։ Նման կացութիւն մը դուռ կը բանայ բազմատեսակ սխալներու, չարիքներու ու մեղքերու։ Նո՛յնն է պարագան յարաբերաբար Աստուծոյ։
Գ) Մեղքը՝ մարդուն խուսափումն է Աստուծոյ նկատմամբ ունեցած իր համարատուութենէն։ Մեր կեանքէն ներս ընտանիքի մը մաս կազմել, հայր ունենալ կը նշանակէ համարատու ըլլալ։ Կազմակերպութեան մը մօտ գործել, կը նշանակէ հաշուետու ըլլալ այդ կազմակերպութեան պետին։ Համարատուութեամբ մենք կապուած ենք իրարու ընկերութեան կեանքին մէջ։ Համարատուութիւնը հաւատարմութեան, հնազանդութեան, սիրոյ ու վստահութեան արտայայտութիւն է։ Համարատուութենէ խուսափումը կը յառաջացնէ անկանոնութիւն, անորոշութիւն, այլ խօսքով՝ մեղքերու հակամէտ կացութիւն մը։
Մարդ արարածը ենթակայ է ու համարատու իրեն պատասխանատուութիւն յանձնած Աստուծոյ։ Պատասխանատուութեան կողքին Աստուծոյ կողմէ մարդուն տրուած ազատութիւնը բացարձակ ազատութիւն չէ, այլ պայմանաւոր ու սահմանափակ։ Մարդը պարտաւոր է, հետեւաբար, իր ապրած կեանքին ու իր կատարած գործին մասին հաշիւ տալու Աստուծոյ։ Երբ մարդը կը թերանայ իր հաշուետուութեան մէջ, կը մեղանչէ Աստուծոյ դիմաց։
Աստուածաշունչը լեցուն է այնպիսի դրուագներով, որոնք հարազատօրէն կը պարզեն մատնանշուած կեանքի այս երեք երեւոյթները, որոնք մարդը կը մղեն դէպի մեղք։ Արդ, մեղքը ժխտումն է Աստուծոյ ներկայութեան, հեռացում է աստուածատուր պատասխանատուութենէ եւ խուսափում հաշուետուութենէ, որոնք առանցքը կը կազմեն Աստուած-մարդ յարաբերութեան։ Մեղքը սոսկ մարդու նկարագրին առընչուած երեւոյթ մը չէ, այլ մարդ-Աստուած յարաբերութեան։ Ան մարդուն ըմբոստ վերաբերումն է իր գոյութեան աղբիւրին ու պատճառին՝ Աստուծոյ նկատմամբ եւ չարաշահումը աստուածատուր պարգեւներու։
*
* *
Այս լայն շրջագծին մէջ դիտելէ յետոյ մեղքը ու անոր դրդապատճառները, հիմա տեսնենք թէ ի՞նչ ձեւով կարելի է յաղթահարել զայն։ Քրիստոնէական ուսուցումներուն մէջ ընդհանրապէս շեշտը կը դնենք մեղքին ի՞նչ ըլլալուն, ինչպէ՞ս ըլլալուն եւ ինչո՞ւ ըլլալուն վրայ։ Քրիստոնէական կրօնը յոյսի ու կեանքի կրօն է. բացասական, հոռետես, ժխտական մօտեցումներէ հարկ է հեռու մնալ առաւելագոյն չափով։ Նայինք Աստուածաշունչին. նոյնի՛սկ Աստուծոյ բարկութեամբ լեցուն դէպքերուն մէջ յստակօրէն կը տեսնենք Աստուծոյ սէրը, հայրական գուրգուրանքը, բարիին յաղթանակը, յոյսի արշալոյսը։ Հետեւաբար, քրիստոնեայ մարդուն համար մնայուն մարտահրաւէր պէտք է ըլլայ թէ ի՞նչ ձեւով կարելի է յաղթել մեղքին. ի՞նչ կերպով կարելի է հեռու մնալ մեղքի ճամբաներէն։
ա) Մեղքը կարելի է յաղթել մեր կեանքը ապրելով պատասխանատուութեան ու համարատուութեան զգացումով յարաբերաբար Աստուծոյ։ Երբ մարդ-Աստուած յարաբերութիւնը բնական է ու առողջ, երբ Աստուծոյ ներկայութիւնը կը զգանք մեր կեանքին մէջ, մեղքը կը զգուշանայ մօտենալու մեզի։
բ) Մեղքը կարելի է յաղթել բարին կամենալով, բարին մտածելով, բարին գործելով։ Աստուած աղբիւր է բարութեան. ան բարին ստեղծեց եւ ոչ թէ չարը։ Չարը բարիին բացակայութիւնն է։ Երբ բարին դառնայ մեր կեանքի ճամբան, հոն չի կրնար մեղքը մուտք գործել։ Որքան ալ մեղքը փորձէ մօտենալ, բարին անոր կ’ըսէ, ինչպէս Յիսուս ըսաւ՝ «ետիս գնա՛ սատանայ» (Մատթ. 16։ 23)։
գ) Մեղքը կարելի է յաղթել մեր կեանքը ապրելով Աստուածաշունչի ճշմարտութիւններուն, արժէքներուն ու սկզբունքներուն լոյսին տակ։ Անկատար մարդը միշտ ալ հակամէտ պիտի ըլլայ մեղքին։ Սակայն երբ մեր կեանքի ճամբան լուսաւորողը Քրիստոսով աշխարհին յայտնուած արժէքներն են, այն ատեն մեղքը հեռու պիտի մնայ մեր կեանքէն։
Մեր ժողովուրդին մօտ Մեծ Պահքը նկատուած է խոստովանութեան ու ապաշխարութեան շրջան մը։ Քրիստոնեայ մարդու կեանքին իւրաքանչիւր օրը պէտք է այդպէս դառնայ։ Մեղանչելը դիւրին է. մեղքը ընդունիլը եւ սրբագրելը դժուար է։ Աստուած շատախօսութիւն չի սիրեր. Փարիսեցիական ձեւեր կը մերժէ։ Աստուծոյ պէտք է մօտնեալ պարզութեամբ, անկեղծութեամբ՝ ինչպէս Քրիստոս ինք թելադրեց։ Մեր հոգիի ակունքներէն զուլալ ջուրի մը նման ժայթքող «մեղա՜յ Աստուծոյ»ն, զղջումով, հաւատքով ու յոյսով լեցուն այս երկու բառերը Աստուծոյ համար աւելի՛ ընդունելի են քան գեղեցիկ բառեր ու երկա՜ր խօսքեր։
Աստուծոյ գործակից ըլլալը ու Քրիստոսի ճամբէն քալելը դիւրին չէ. մնայուն պայքար է. պայքար՝ կեանքի երեւելի ու աներեւոյթ մեղքերուն դէմ։ Երբ կարդանք մեր հայրերուն կողմէ խմբագրուած խոստովանանքը եւ պահ մը մտածենք հոն յիշուած մեղքերուն մասին պարզապէս կը սարսափինք…։ Որքա՜ն լպրծուն են մեր կեանքի ճամբաները. որքա՜ն մեղքերով լեցուն են մեզ շրջապատող պայմանները, ամէն տեղ։
Ճշմարիտ քրիստոնեան կեանքի փորձանքներէն փախչողը չէ, այլ բարիով զօրացած պայքարողն է անոնց դէմ։ Ճշմարիտ քրիստոնեան այն է, որ ո՛չ թէ ինքզինք անմեղ կամ փրկուած մէկը կը նկատէ, այլ, ինչպէս Առաքեալը կ’ըսէ, բարիով կը յաղթէ չարը, բարիով կը շաղախէ իր կեանքը. եւ երբ մեղանչէ կ’ընդունի իր մեղքը ու կը շարունակէ իր պայքարը Աստուծոյ հաւատարմութեանը մէջ։
Որպէս քրիստոնեաներ, այսպէ՛ս պէտք է ապրինք մեր կեանքը՝ մեր եկրնաւոր Հօր հովանաւորութեան ու պաշտպանութեան յանձնած մեր տկար անձերը։ Կ’ուզեմ իմ հոգեւոր խորհրդածութիւնս փակել Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին հետեւեալ պարզ բայց խորիմաստ աղօթքով.- «Բոլորը խնամող Տէր, քու սուրբ երկիւղդ պահապա՜ն դիր աչքերուս՝ որ այլեւս անառակ ու ցանկացող աչքով չնայիմ, եւ ականջներուս՝ որ ախորժ չզգամ չար խօսքեր լսելէ, եւ բերանիս՝ որ ստութիւն չխօսիմ, եւ սրտիս՝ որ չարութիւն չխորհիմ, եւ ձեռքերուս՝ որ անիրաւութիւն չգործեմ, եւ ոտքերուս՝ որ անօրէնութեան ճամբաներէն չքալեմ. այլ ուղղէ՛ ասոնց շարժումը, որպէսզի միշտ քու պատուիրաններուդ համաձայն ըլլան՝ ամէն բանի մէջ»։
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ