Գիր Հայրապետական Օրհնութեան Ս. Թադէի վանքի 54-րդ ուխտագնացութեան առթիւ յԱտրպատական, Պարստկաստան

Հայրապետական օրհնութեամբ եւ քրիստոնէական ջերմ սիրով կ’ողջունենք ձեզ, սիրելի՜ ուխտաւորներ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն:

 

Ահա դարձեալ եկած էք Սուրբ Թադէ, որպէս ուխտաւորներ ձեր քրիստոնէական հաւատքը ամրապնդելու ու ձեր կեանքը քրիստոնէական արժէքներով ու ճշմարտութիւններով շաղախելու: Ուխտագնացութիւնը ընդհանրապէս քրիստոնէական կեանքին մէջ ու յատկապէս մեր եկեղեցեւոյ կեանքին մէջ իւրայատուկ կարեւորութիւն մը ունի: Ան ոչ միայն մեր եկեղեցւոյ հաւատարմութեան շօշափելի արտայայտութիւնն է, այլ նաեւ հաւատքի վերանորոգութեան, հոգեւոր կեանքի վերածաղկումին սքանչելի առիթ է: Ուխտագնացութիւնը մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ նաեւ մեր ազգային պատկանելիութեան հզօրացման առիթ է: Եկեղեցին Աստուծոյ տունն է. ան միաժամանակ մեր ազգին հաւաքական հոգեւոր տունն է: Եկեղեցւոյ ճամբով Աստուած կը մօտենայ մեզի. եկեղեցւոյ ճամբով կը հաղորդուինք աւետարանական ճշմարտութիւններուն հետ:

 

Սուրբ Թադէոս Առաքեալ իր նահատակութեամբ հիմքը դրաւ եկեղեցւոյ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս: Սուրբ Թադէոս Առաքեալէն սկսեալ մինչեւ այսօր, մեր բոլոր հայրապետները հայ եկեղեցին վերածեցին աստուածային առաքելութեան մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս: Թադէի վանքը կարեւոր դեր ունեցաւ մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Ան դարձաւ լոյսի ու յոյսի աղբիւր եւ մեր հոգեւոր ու ազգային գոյապայքարի  հզօր  կռուաններէն մէկը: Հետեւաբար, Սուրբ Թադէ ուխտի գալ, կը նշանակէ մասնակից դառնալ մեր ժողովուրդի պատմութեան, մասնակից դառնալ մեր եկեղեցւոյ հաւատքի առաքելութեան:

 

Մեզի համար հոգեկան մեծ ուրախութիւն է տեսնել մեր ժողովուրդի ու յատկապէս Իրանի հայութեան ամուր կապուածութիւնը Սուրբ Թադէին: Յառաջիկայ տարի պիտի նշէք դարաւոր այս վանքին ուխտագնացութեան 55-ամեակը: Մեր սպասումն է, որ հետզհետէ աճի ուխտագնացութեան մասնակցող հայորդիներուն թիւը: Մեր ջերմ մաղթանքն է, որ Սուրբ Թադէն, որպէս հաւատքի վերանորոգութեան աղբիւր, շարունակ հոսի մեր ժողովուրդի կեանքի անդաստանէն ներս կատարելով հաւատքի ջրտուք՝ ի խնդիր մեր հոգեւոր ու ազգային արժէքներու կենսագործման ու յաւերժացման:

 

Այս առիթով հայրական օրհնութեամբ կ’ողջունենք Ատրպատականի հայոց թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Նշան Եպս. Թօփուզեանը, Թեմական ու Պատգամաւորական մարմինները եւ թեմէն ներս գործող բոլոր կառոյցները: Այս առիթով նաեւ կ’ողջունենք Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան պատասխանատուները: Թող Աստուած Իր երկնային շնորհներով ծաղկեցնէ ձեր բոլորին, մեր ազգին կեանքը՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի:

 

Թող Աստուած ընդունի ձեր բոլորին ուխտը: 

 

Ողջ լերուք ի Տէր, զօրացեալ շնորհօք Ս. Հոգւոյն եւ յաւէտ օրհնեալ ի Մէնջ. Ամէն:

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

Տուաւ Օրհնութեան Գիրս այս

Ի Կաթողիկոսարանիս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ

Որ յԱնթիլիաս, Լիբանան

Ի 17-ն Յունիսի 2008 թուին Քրիստոսի, եւ

Ի թուին Հայոց ՌՆԾԷ.