Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի պատգամը, խօսուած Հայաստան-Սփիւռք Գ. Խորհրդաժողովին

Ի ԽՆԴԻՐ ԱԶԳԻՆ ՈՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի պատգամը, խօսուած ՀայաստանՍփիւռք Գ. Խորհրդաժողովին, Երեւան, 18-20 Սեպտեմբեր, 2006։

 

Մէ՛կ ազգի ու մէ՛կ հայրենիքի պատկանելիութեան անխախտ ու անխախտելի հաւատքով եւ խոր գիտակցութեամբ դա՛րձեալ հաւաքուած ենք։ Սովորական խորհրդաժողով մը չէ ու պէտք չէ դառնայ Հայաստան-Սփիւռք Գ. Խորհրդաժողովը իր խորքով ու օրակարգով, իր ոգիով ու նպատակով։ Սոսկ հայրենասիրական ելոյթներ ու զգացական զեղումներ ունենալու չենք եկած։ Նախկին երկու խորհրդաժողովները լայն չափով այսպէ՛ս եղան։ Եկած ենք աշխարհաքաղաքական նոր իրողութիւններու յառաջացուցած խնդիրները եւ 21րդ դարու մարտահրաւէները մեր ազգին ու հայրենիքին համար մի՛ասնաբար քննելու եւ լուծման համապատասխան ճամբաներ ու հեռանկարներ որոնելու։ Արդ, մեր մօտեցումները ու ծրագրումները իրենց մեկնակէտը պէտք է առնեն ա՛յս մտահոգութենէն ու առաջադրութենէն։ Ա՛յս հայեցակէտով դիտելով ներկայ խորհրդաժողովը, կ’ուզենք չորս կէտեր կարեւորութեամբ ընդգծել.-

 

1) Առաջին հերթին խորհրդաժողովը առիթ մը պէտք է դառնայ համապարփակ քննարկումի ենթարկելու մեր կեանքի ներկայ հանգրուանը իր գլխաւոր տարածքներով ու բնագաւառներով։ Յաջողութեան ու յառաջդիմութեան առաջի՛ն պայմանը ինքնաքննութիւնն է ու ապա ինքնասրբագրումը։ Լուրջ ինքնաքննութիւն կ’ենթադրէ հեռու մնալ դժուարութիւնները քօղարկելու ու կացութիւնները վարդագոյն ներկայացնելու փորձութենէն, եւ մեր կեանքին մօտենալ չոր իրականութիւններու սեւեռումով ու քննական ոգիով։ Լուրջ ինքնաքննութիւն կը նշանակէ իրապաշտ մօտեցումով մեր անցած ճամբան վերարժեւորումի ենթարկել՝ յաջողութիւններն ու թերացումները յստակօրէն մատնանշելով։ Եթէ չկարենանք այս քաջութեամբ ու յստակատեսութեամբ մեր մօտիկ անցեալը ու ներկան լուսարձակի տակ բերել ու մեր վէրքերուն ճիշդ ախտաճանաչումը կատարել, չենք կրնար մեր ապագան յստակօրէն տեսնել ու ծրագրել։ Մեր ազգին ու հայրենիքին շէնքը պէտք է բարձրանայ ամո՛ւր հիմքերու վրայ։ Այդ շէնքին ճարտարապետները մե՛նք ենք։ Բոլորս հաւա՛քաբար եւ մեզմէ իւրաքանչիւրը առա՛նձնաբար յատուկ պարտաւորութիւն մը ունի ազգաշինութեան ու հայրենաշինութեան սրբազան գործին մէջ։ Մնայուն կառոյց մը չէ այս խորհրդաժողովը եւ, հետեւաբար, իրաւունք չունի համարատուութիւն պահանջելու կամ կատարելու։ Սակայն, անհրաժեշտ է հարց տալ թէ՝ ի՞նչ եղան Հայաստան-Սփիւռք Բ. Խորհրդաժողովին առած որոշումները. եւ ի՞նչ աշխատանք կատարեցին խորհրդաժողովէն բխած յանձնախումբերը։ Այս հարցադրումներուն պատասխանները այնքան ալ դրական չեն։ Խորհրդաժողով մը իր ճշմարիտ իմաստը ու լիառատ արժէքը կը գտնէ խորհրդաժողովէն յետոյ՝ երբ անոր որոշումները հանգրուանային կերպով ու ծրագրուած ընթացքով կեանքի կը կոչուին։ Արդ, անցեալի դառն փորձառութիւնը կը թելադրէ մեզի որ յառաջիկային համար՝ առաջին, տարբեր սիստեմ ու ծրագրաւորում որդեգրենք՝ գործօն մասնակցութիւնը ապահովելով թէ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի գլխաւոր կառոյցներուն. երկրորդ, գործնապաշտ մօտեցումով իրագործելի ծրագիրներ մշակենք ու անոնց իրականացումը կատարուի յստակ ժամանակացոյցի մը համաձայն. եւ երրորդ, ճշդուի այնպիսի գործելաձեւ մը ուր թափանցիկութիւնը, համարատուութիւնը ու ծրագրուածութիւնը դառնան ուղեցոյց ճշդող հիմնական սկզբունքներ։ 

 

2) Ազգին ու հայրենիքին հզօրացումը լայն չափով պայմանաւորուած է մեր առջեւ գտնուող հիմնահարցերուն մօտեցման եղանակէն։ Արդարեւ, համահայկակա՛նը պէտք է դառնայ մեր մտածումներուն ու ծրագրումներուն խորքն ու ոգին, հայեցակէտն ու հեռանկարը։ Համահայկականը սակայն պէտք չէ շփոթել միաբեւեռ մտածելակերպին ու կեդրոնաձիգ գործելակերպին հետ։ Իր ճիշդ ըմբռնումով համահայկականը երբեք չի ժխտեր տարբերութեան առկայութիւնը. ընդհակառակը զայն կը դարձնէ աւելի օգտաշատ ու հարստացուցիչ։ Իր հարազատ հասկացողութեամբ համահայկականը երբեք չանտեսեր տեղականը. ընդհակառակը տեղայնականացման հոսանքներու դէմ կանգնելով, զայն կ’ընդելուզէ ընդհանրականին՝ սերտ ներդաշնակութիւն մը ստեղծելով համահայկական ու տեղական մօտեցումներու ու առաջնահերթութիւններու միջեւ։ Մեկնելով մեր ազգին ու հայրենիքին ընդհանրական ու գերագոյն շահերէն, համահայկականը մեր տարբերութիւններն ու զանազանութիւնները ներդաշնակող մտածելակերպ ու գործելակերպ ըլլալէ անդին պէտք է դառնայ ազգային գաղափարախօսութիւն, ո՛չ տեսական ու րոմանթիք առումով, այլ որպէս՝ հայու կեանքին ազգային որակ ու համազգային տարածք տուող, հայու կեանքը նպատակասլաց պայքարի վերածող ամէնօրեայ տագնապ, մնայուն ձգտում։ Ա՛յս է որ կը պահանջուի այսօր մեր բոլորէն, Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ։ Հետեւաբար, անընդունելի՛ է, մեր տարբերութիւնները առճակատումի վերածելու եւ ազգին երկու բեւեռներուն միջեւ մթնոլորտ պղտորելու ոե՛ւէ փորձ։ Պայմաններու պարտադրանքով մեր մտածողութեան մէջ իր հետքը ձգած «մենք»ի եւ «դուք»ի բաժանարար ոգին, պէտք է այլեւս տեղի տայ հաւաքական մենքի միարար ոգիին դիմաց։ Այլ խօսքով, ժամանակը հասած է Հայաստանը ու Սփիւռքը մղելու, իրենց ներուժին ու կարողականութեան համադրուած մէկտեղումով, համազգային տեսիլքով զսպանակուած համահայկական մտածողութեան, համահայկական ծրագրումի, համահայկական գործունէութեան։

 

3) Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան շրջագծէն ներս պետութեան  առաջնահերթութիւններուն  եւ ազգին առաջնահերթութիւններուն միջեւ թէ՛ զանազանութիւնը եւ թէ ներդաշնակութիւնը կենսական է։ Բնականաբար, Հայաստանը որպէս պետութիւն ունի ի՛ր առաջնահերթութիւնները, որոնք միշտ վերատեսութեան ենթակայ են՝ մեկնելով շրջանի աշխարհաքաղաքական ու տնտեսական տուեալներէն եւ Հայաստանի գերագոյն շահերէն։ Հարց կու տանք. արդեօք մեր ազգը ունի՞ իր առաջնահերթութիւնները, իր օրակարգը. վստահաբար այո՛։ Սակայն, ո՞ւր պէտք է ճշդուին ու քննարկուին անոնք։  Ինչո՞ւ օրինակի համար, Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման, Ղարաբաղի, Ջաւախքի, ուղղագրութեան, երկքաղաքացիութեան հիմնահարցերը, ինչպէս նաեւ էապէս համազգային նկարագիր ունեցող այլ խնդիրներ, համահայկական մաշտապով պիտի չքննուին՝ Սփիւռքի գործօն մասնակցութեամբ եւ պետութիւն-Սփիւռք դերերու յստակ բաժանումով։ Նման լուրջ գործընթացքներու ստեղծումով միայն մեր կեանքին մէջ կը հունաւորուի ու կ’ամրանայ համահայկական մտածողութիւնը ու գործելակերպը։ Հայրենիքին ու ազգին հզօրացումը ներկայ աշխարհի մարտահրաւէրներուն դիմաց կարելի չէ ապահովել ինքնակեդրոն մտածողութեամբ ու ինքնանպատակ գործունէութեամբ, այլ մի՛ասնաբար տագնապելով, մի՛ասնաբար մտածելով, մի՛ասնաբար ծրագրելով, մի՛ասնաբար պայքարելով՝ հաւատքը մեր հոգիին, սէրը մեր սրտին ու վաղուան տեսիլքը մեր կեանքին դիմաց։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է որ ներկայ խորհրդաժողովները տեղի ունենան հետեւողական ընթացքով եւ համահայկական խնդիրներ ու ծրագիրներ պարունակող քոնքրէթ օրակարգերով։ Մեր առաջարկը պիտի ըլլար, որ նման խորհրդաժողովներուն  առընթեր, ազգին պետական, հոգեւոր ու քաղաքական գլխաւոր կառոյցները ներկայացնող պատասխանատուներ, գէթ տարին անգամ մը, Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահին շուրջ համախմբուելով խորհրդակցէին համազգային հարցերու շուրջ։ Նման նախաձեռնութիւն մը մէկ կողմէն, Հայաստան-Սփիւռք խորհրդաժողովներուն շարունակականութիւնը ու անոնց որոշումներուն գործադրութիւնը պիտի ապահովէ. իսկ միւս կողմէն՝ մեր ազգին ամբողջականութիւնը գործնապէս պիտի արտայայտէ։ Հարկ է լրջօրէն մտածել այս մասին։

 

4) Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը պէտք է շաղախուի ազգին նուիրական արժէքներով եւ ի խնդիր այդ արժէքներու կենսագործման։ Արժէքներու նահանջ ու արժեչափերու այլասերում կայ այսօր մեր կեանքին բոլո՛ր բնագաւառներէն ներս։ Արդարեւ, արժէքներ քանդող համաշխարհայանացման ժխտական անդրադարձը շատ աւելի ակներեւ է փոքր ազգերու պարագային։ Ազգերու հզօրութեան աղբիւրը ու բազկերակը տնտեսականը նկատող ներկայ դարուն, կարելի չէ անտեսել աննիւթական արժէքները, որոնք գերազանցօրէն հրամայական են ազգի մը ինքնութեան հարստացման, բարոյական առողջութեան պահպանումին  ու հզօրութեան կերտումին մէջ։ «Փոքր ածու» ենք, մեր պատմահօր բառերով. սակայն, ունինք բարոյական, մշակութային, հոգեւոր ու ազգային անանց արժէքներ, որոնք մեր գոյութիւնը պահած են պատմութեան փոթորիկներուն մէջ։ Այդ ոգեղէն արժէքները պէտք է արեւելում տան մեր կեանքին. այդ արժէքները պէտք է կռանեն մեր գործակցութիւնը, որովհետեւ դարձեալ ու միշտ այդ արժէքները պիտի ամրացնեն մեր գոյութիւնը ու ապահովեն  աշխարհացրիւ մեր ազգին ամբողջականութիւնը ու միասնականութիւնը ներկայ աշխարհի տեսանելի ու անտեսանելի փոթորիկներուն մէջ։ Արդ, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը լոկ նիւթական չափանիշերով պէտք չէ պայամանաւորուի եւ  տնտեսական նեղ սահմաններուն մէջ պէտք չէ պարփակուի։ Այլ խօսքով, Սփիւռքը Հայաստանի որոշ ծրագիրները որդեգրելով պէտք չէ բաւարարուի. ան Հայաստանին շա՛տ աւելին ունի տալիք իր մարդուժով ու փորձառութեամբ։ Իսկ Հայաստանը զանազան նիւթերու առնչուած համահայկական համաժողովներ կազմակերպելով պէտք չէ բաւարարուի. ան եւս  Սփիւռքին շա՛տ աւելին ունի տալիք յատկապէս մշակութային ու հայագիտական մարզերէն ներս։ Մեր եկեղեցին ու մեր մտաւորական դասը վճռական դեր ունին կատարելիք այս ուղղութեամբ։

 

Հայրենիք եւ Սփիւռք անանջատելի ամբողջութիւն մըն են, մէկ սիրտին երկու բաժինները։ Հայաստանը որքան վստահութիւն ներշնչէ Սփիւռքին եւ որքան զայն մղէ գործնապէս մասնակից դառնալու հայրենաշինութեան գործին, այնքան Սփիւռքը զօրակից ու աջակից պիտի դառնայ Հայաստանին՝ միաժամանակ ամուր ու կենսունակ պահելով ինքզինք, ո՛չ թէ սոսկ ինքզինքին համար, այլ Հայաստանի՛ն համար, մեր համահայկական երազներու իրականացման համար։

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Հայաստանի վերանկախացման առաջի՛ն իսկ օրէն իր ամբողջական մասնակցութիւնը բերաւ հայրենաշինութեան գործին Հայաստանի թէ Ղարաբաղի մէջ։ Թիւեր ու թուականներ, ծրագիրներ ու իրագործումներ իրենց հարուստ այլազանութեամբ ու բազմազանութեամբ պերճախօս կերպով կը վկայեն այս մասին։ Վերջերս Ղարաբաղի մէջ մեր Սուրբ Աթոռին ստանձնած «Նոր Կիլիկիա» գիւղի շինութիւնը պիտի գայ աւելի՛ հարստացնելու Անթիլիասի հայրենաշէն ծառայութիւնը։ Նոյն յանձնառութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը  պիտի շարունակէ  իր գործօն մասնակցութիւնը բերել հայրենիքի հզօրացման նուիրական առաքելութեան, գործնապէս մասնակցելով ինչպէս նաեւ մասնակիցներ ապահովելով Խորհրդաժողովին ներկայացուելիք «Գիւղական Աղքատութեան Յաղթահարման» ծրագրին։

 

Հայաստան-Սփիւռք Գ. Խորհրդաժողովի այս ամպիոնէն սրտագին կոչ կ’ուղղենք մեր թեմերուն, մեր բարերարներուն, մեր կառոյցներուն ու մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն՝ առաւելագո՛յն չափով ընդառաջելու «Գիւղական Աղքատութեան Յաղթահարման» ծրագրին։ Ընդառաջել այս ծրագրին կը նշանակէ Երեւանէն դուրս ապրող մեր ժողովուրդի զաւակներուն կենսամակարդակը բարելաւել։ Ընդառաջել այս ծրագրին կը նշանակէ կասեցնել արտագաղթը հայրենիքէն։ Եւ սա ազգային արժանապատուութենէ թելադրուող համազգային պարտաւորութիւն է։

 

Եկէ՛ք միասնաբար քալենք

հզօրացեալ Հայաստանով           

դէպի հզօր ապագայ՝

ամուր հաւատքով,

միակամ գնացքով,

յանձնառու մասնակցութեամբ։

Հո՛ս է մեր ուժը.

ա՛յս է մեր ճամբան։

Բի՜ւր օրհնութիւն յաւերժական Հայաստանին.

բի՜ւր փառք  հայրենիք կերտող

եւ հայրենիքով վերակերտուող

ու յաւերժացող հայ ժողովուրդին։

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

Սեպտեմբեր 2006

Անթիլիաս, Լիբանան