ԴԷՊԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՎ ՕԾՈՒՆ ՄԻՒՌՈՆԱԲՈՅՐ ԿԵԱՆՔ
ՙՏէր Աստուած, եղիցի Միւռոնս այս՝ պահապան կենաց, ճառագայթ հոգւոց, լուսաւորութիւն մտաց, ձեռնադրիչ նուիրելոց, զէն հաւատոյ, փարատիչ ցաւոց…՚:
Հայ հոգիի ակունքներէն ժայթքած ու հաւատքի կրակով թրծուած բառե¯ր, որոնք դարեր շարունակ երկինք բարձրացան հայ եկեղեցւոյ աղօթքի մրմունջներով ու խունկի ծուէններով: Քիչ առաջ, նոյն այս բառերը, վերանորոգ հաւատքով ու խոր աղաչանքով, դա՜րձեալ երկինք բարձրացան միւռոնաբոյր Անթիլիասի Մայրավանքէն:
Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը հայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ իւրայատուկ նշանակութիւն մը ունի: Միւռոնի օրհնութեամբ հայ եկեղեցին իր ինքնութիւնը կը բիւրեղացնէ, իր կեանքը կը վերանորոգէ, իր միութիւնը կը վերաշեշտէ ու իր առաքելութիւնը կը վերահաստատէ: Այլ խօսքով, Սուրբ Միւռոնի օրհնութեամբ հայ եկեղեցին ինքզինք կը դառնայ գերազանցօրէն՝ իր հարազատ էութեամբ ու աստուածատուր կոչումով:
Աւելի քան քառասուն ծաղիկներու հիւթերով պատրաստուած Միւռոնը իր արտաքին ձեւին ու տեսքին մէջ նիւթեղէն իրականութիւն մըն է: Սակայն Սուրբ Հոգւոյ էջքով նիւթեղէնը կը դառնայ հոգեղէն, ժամանակաւորը՝ յաւիտենական, երկրաւորը՝ երկնային: Օրհնեալ Միւռոնը կը դառնայ աստուածային ներկայութիւն, երկնային սրբութիւն, շնորհաց աղբիւր: Այսպէ՜ս հաւատացած է մեր ժողովուրդը ու խոր երկիւղածութեամբ ու հաւատքով մօտեցած է Միւռոնին, զայն նկատելով Սուրբ Հոգիին պայծառակերպիչ ներկայութիւնը հայ կեանքէն ներս:
*
* *
Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան առիթով, յատկանշական չորս երեւոյթներ անհրաժեշտ է լուսարձակի տակ բերել.-
Ա) Միւռոնը երաշխիք հայ եկեղեցւոյ յաւերժութեան:
Սուրբ Միւռոնի օրհնութեան ընթացքին հին Միւռոնը խառնուեցաւ նոր Միւռոնին: Սա ձեւական աւանդութիւն մը կամ պատահական երեւոյթ մը չէ: Ան կը խորհրդանշէ հայ եկեղեցւոյ յաւերժական գնացքը: Եկեղեցին ժամանակի ու միջոցի մէջ շարունակուող առաքելութիւն է՝ իր ճշմարիտ էութեամբ: Եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան մէջ անցեալը, ներկան ու ապագան ներքին սերտ յարակցութեամբ մնայուն ներկայութիւն են: Ո՜չ ժամանակը եւ ոչ ալ պատմական պայմանները կամ աշխարհագրական տարածութիւնները կրնան անջատում յառաջացնել եկեղեցւոյ կեանքէն ներս: Աստուածաբանական յիշեալ յղացքէն անդին, մեր եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Միւռոնն է Սուրբ Հոգւոյ ներգործութեամբ ներկայ այն հոգեւոր ոյժը, որու ճամբով եկեղեցին կը մերժէ անցեալ դառնալու որեւէ մտածողութիւն ու փորձ եւ կը մնայ միշտ ներկայ՝ իր ընթացքը ուղղած դէպի ապագայ: Հին Միւռոնի ճամբով այսօր նոր Միւռոնին կու գան խառնուելու, իրենց հաւատքով ու տեսիլքով, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչները ու Ներսէս Շնորհալիները, եւ յարաբերաբար նոր ժամանակներու՝ Սահակ ու Զարեհ Կաթողիկոսները եւ իրենց յաջորդող հայրապետները: Հետեւաբար, կենդանի պատմութիւն է այս Միւռոնը: Միւռոնով օծուիլ, կը նշանակէ կենդանի հաղորդութեան մէջ մտնել մեր ժողովուրդի ու եկեղեցւոյ պատմութեան հետ: Հայ եկեղեցւոյ Միւռոնը ստանալ, կը նշանակէ զՔրիստոս իրենց կեանքին մէջ կեանքի վերածած մեր հայրապետներուն, սուրբերուն ու նահատակներուն հաւատքով ու սրբութեամբ դրոշմուիլ:
Բ) Միւռոնը սրբազան շաղախ հայ եկեղեցւոյ անքակտելի միութեան:
Քիչ առաջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միւռոնին եկաւ խառնուելու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Միւռոնը: Նոյն այս դէպքը պիտի կրկնուի այս անգամ Ս. Էջմիածնի մէջ, Սեպտեմբերին, երբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Միւռոնին պիտի գայ խառնուելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միւռոնը: Խորհրդանշական այս երեւոյթը պերճախօս վկայութիւն մըն է հայ եկեղեցւոյ անբաժանելի միութեան: Մէ՜կ է հայ եկեղեցին իր ծնունդով ու իր առաքելութեամբ. մէ՜կ է հայ եկեղեցին իր հաւատքով ու իր ծառայութեամբ: Պայմաններու բերումով ու անհրաժեշտութեան հետեւանքով հայ եկեղեցւոյ կեանքէն ներս յառաջացած Նուիրապետական Աթոռները ո՜չ մէկ ձեւով կրնան խախտել հայ եկեղեցւոյ միութիւնը: Սա պահուն հայ եկեղեցւոյ նո՜յն Միւռոնին օրհնութեան մասնակից կը դառնան Մեր կողքին, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան եւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան ներկայացուցիչները: Դա՜րձեալ, նոյն այս հոգեպարար տեսարանը պիտի կրկնուի այս անգամ Ս. Էջմիածնի մէջ, Սեպտեմբեր ամսուն: Որեւէ ժամանակէ աւելի մեր ժողովուրդը պէտք ունի իր ներքին միասնականութեան ամրապնդման՝ միասնաբար դիմագրաւելու համար մեր հոգեւոր, մշակութային ու ազգային ինքնութեան սպառնացող վտանգները, Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ: Միւռոնաօծ սա պահուն եղբայրական ջերմ սիրով կ’ողջունենք Մեր հոգեւոր եղբայրը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Թորգոմ Արք. Մանուկեանը եւ Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանը, իրենց մաղթելով եկեղեցաշէն ծառայութեամբ հարուստ երկար գահակալութիւն:
Գ) Սուրբ Միւռոնը հրաւէր հայ եկեղեցւոյ կեանքին մասնակցութեան:
Հայ եկեղեցին սոսկ կառոյց ու ծէս, նուիրապետութիւն ու դաւանանք չէ, այլ՝ Քրիստոսի հաւատքի վրայ կառուցուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն ամբողջութիւնն է: Սուրբ Միւռոնի ճամբով մենք անդամ կը դառնանք եկեղեցւոյ ամբողջութեան, անոր համայնական կեանքին: Սուրբ Միւռոնով կը դրոշմուին մեր զաւակները. Սուրբ Միւռոնով կ’օծուին եկեղեցւոյ կեանքին մէջ օգտագործուող սպասները. Սուրբ Միւռոնով կ’օծուի եկեղեցւոյ քարեղէն շէնքը, Սուրբ Միւռոնով կ’օծուին Քրիստոսի Աւետարանը քարոզելու կոչուած եկեղեցւոյ սպասաւորները: Մեր եկեղեցւոյ հաւաքական կեանքին մասնակցութեան առաջնորդող ճամբայ է Սուրբ Միւռոնը: Եկեղեցւոյ աստուածատուր առաքելութիւնը, աւետարանչութիւնը ու ծառայութիւնը ժողովուրդին տանող երկնային ոյժ է Սուրբ Միւռոնը: Այս գիտակցութեամբ պէտք է մօտենանք Միւռոնին: Չմոռնանք, որ մեր ճակատներուն վրայ դրոշմուած է հայ եկեղեցւոյ դարաւոր Սուրբ Միւռոնը: Մեր կեանքով ու գործով հաւատարիմ պէտք է ըլլանք Սուրբ Միւռոնին, անոր խորհուրդին ու պատգամին:
Դ) Սուրբ Միւռոնը աղբիւր հոգեւոր վերանորոգութեան:
Եկեղեցին որպէս առաքելութիւն, կենսական կարիքը ունի ներքին վերանորոգութեան: Սուրբ Հոգւոյ վերանորոգիչ ու վերակենսաւորիչ ներկայութիւնն է Միւռոնը եկեղեցւոյ կեանքէն ներս: Անոր ճամբով է որ եկեղեցին կը մնայ կենսունակ իր կեանքով եւ ուժական իր առաքելութեամբ՝ ժամանակի ժանգին ու փոշիին դէմ: Սուրբ Միւռոնի ներկայութեամբ է որ եկեղեցին իր հոգեւոր կեանքը կը վերանորոգէ ու կը մաքրէ ամէն տեսակ ապականիչ թափանցումներէ: Ներկայ աշխարհի մարտահրաւէրներուն դիմաց, մեր եկեղեցին որքա¯ն հրամայական ու անյետաձգելի կարիքը ունի ներքին հոգեւոր վերանորոգման, որպէսզի ժողովուրդի կեանքէն ներս իր առաքելութիւնը դարձնէ աւելի ազդու ու կազմակերպ: Մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր արժքէներու ներթափանցումը մեր զաւակներու կեանքէն ներս, հոգեւոր պայծառակերումը մեր ժողովուրդի կեանքին, աւետարանական ճշմարտութիւններու կենսագործումը մեր անհատական, ընտանեկան թէ հաւաքական կեանքէն ներս, կը նկատենք առաջնահերթութիւն մեր եկեղեցւոյ համար: Արդ, Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը Ս. Էջմիածնի եւ Անթիլիասի մէջ մեր եկեղեցւոյ համար պէտք է դառնայ հոգեւոր վերանորոգութեան ու հաւատքի առաքելութեան հզօրացման առիթ ու հրաւէր:
*
* *
Մեր առաջին Միւռոնօրհնէքը կատարեցինք 1996-ին, Մեր Կաթողիկոսական օծման աաջին տարին՝ խնդրելով Աստուծմէ որ Մեր առջեւ բացուող ծառայական նոր ճամբան Սուրբ Միւռոնով լուսազարդէ:
Մեր երկրորդ Միւռոնօրհնէքը կատարեցինք 2001-ին, Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակման 1700-ամեակին ու Սուրբ Միւռոնով վերանորոգուած վերահաստատեցինք մեր հաւաքական հաւատքն ու յանձնառութիւնը քալելու մեր պապերու լուսեղէն ճանապարհէն:
Գոհութիւն ու փառք կու տանք Աստուծոյ, որ այս երրորդ Միւռոնօրհնէքն է որ կը կատարենք որպէս Հայրապետ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ: Սրբալոյս Միւռոնի այս օրհնութիւնը կը նուիրենք մեր նոր սերունդին, այն սերունդին որ կոչուած է կերտելու եկեղեցւոյ, մեր ազգին ու հայրենիքին պայծառ ապագան:
Ով հայ պատանի ու պատանուհի, երիտասարդ ու երիտասարդուհի, Անթիլիասի միւռոնաբոյր Մայրավանքէն սա պահուն հայրական խօսքս քեզի կ’ուղղեմ.-
21-րդ դարու համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ մեր քրիստոնէական հաւատքը, մեր հոգեւոր ճշմարտութիւնները ու բարոյական արժէքները հարցականի տակ դնող նոր կենցաղակերպերու ու մտածելակերպերու դիմաց, դիւրին չէ ճշմարտօրէն քրիստոնեայ ըլլալը:
21-րդ դարու ազգ ու մշակոյթ քանդող, ինքնութիւն ու աւանդութիւն գունաթափող համաշխարհային մշակոյթին դիմաց դիւրին չէ նաեւ հայ մնալը:
Հետեւաբար, արթուն կաց հայ երիտասարդ. ամէն տեղ ու ամէն վայրկեան քու շուրջդ փչող հովերն ու հոսանքները թող չհեռացնեն քեզ քու արմատներէդ: Հպարտ եղիր քու հոգեւոր ու ազգային արժէքներով՝ որոնց պահպանման ու յաւերժացման համար արիւն թափեցին քու պապերը: Դուն քու ճակատիդ վրայ ունիս դրոշմը հայ Միւռոնին: Ամուր պահէ հաւատքդ, անբիծ՝ հայ Միւռոնը, ու ներկայ աշխարհի փոթորիկներուն մէջ կեանքդ վերածէ հոգեւոր ու ազգային արժէքներով օծուն միւռոնաբոյր կեանքի:
Թող Սուրբ Միւռոնով լուսաւորուին մեր կեանքի խաւար ճամբաները:
Թող օրհնեալ այս Միւռոնով բժշկուին մեր վէրքերը, ամոքուին մեր բոլոր ցաւերը:
Թող սրբալոյս Միւռոնով օրհնուի ու ծաղկազարդուի մեր ժողովուրդի կեանքը՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի:
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
7 Յունիս, 2008
Անթիլիաս, Լիբանան.