Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամը, զոր տուաւ Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Կիրակի, 12 Նոյեմբերին, 2006, «Լինսի Հիմնարկ»ին հայկական վարժարաններուն կատարած օժանդակութիւններուն, Հայ Գիրքի 28-րդ Ցուցահանդէսին, ինչպէս նաեւ Մայրավանքէն ներս կայանալիք միջ-կրօնական համագումարին առթիւ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ՝

ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲՈՒՆ ՎՐԱՅ

 

Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամին, զոր տուաւ Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Կիրակի, 12 Նոյեմբերին, 2006, «Լինսի Հիմնարկ»ին հայկական վարժարաններուն կատարած օժանդակութիւններուն, Հայ Գիրքի 28-րդ Ցուցահանդէսին, ինչպէս նաեւ Մայրավանքէն ներս կայանալիք միջկրօնական համագումարին առթիւ։

 

Աստուծոյ Որդին ինքզինք աշխարհին ներկայացուց որպէս ծառայ. ան ըսաւ, որ ինք ծառայութիւն ստանալու չէր եկած, այլ՝ ծառայելու (Ղուկ. 22, 27)։ Քրիստոս ո՛չ միայն ինքզինք որպէս ծառայ ըմբռնեց, այլ իր ողջ կեանքը ու առաքելութիւնը որպէս ծառայութիւն իրագործեց Բեթղեհէմէն մինչեւ Նազարէթ, Երուսաղէմէն մինչեւ Գողգոթա։ Արդարեւ, Աստուծոյ Որդին մարդեղացած էր ծառայութեան ճամբով մարդը վերադարձնելու իր աստուածային պատկերին. այլ խօսքով՝ մարդը վերամարդացնելու, անոր կեանքը լեցնելով այնպիսի արժէքներով ու ճշմարտութիւններով, որոնք մարդուն մէջ ճշմարիտ մարդը կը կերտեն։ Հետեւաբար, ծառայութիւնը եկեղեցւոյ, Քրիստոսի խորհրդական մարմինին, ո՛չ միայն առաքելութիւնն է, այլ իր գոյութեան պատճառը, իր էութիւնն իսկ։ Եկեղեցի ըլլալ կը նշանակէ ծառայել ժողովուրդին ընդառաջելով անոր կարիքներուն, մտահոգութիւններուն ու սպասումներուն՝ աւետարանական արժէքներու կենսաւորումով։

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ա՛յս տեսիլքով ու յանձնառութեամբ կը ծառայէ մեր ժողովուրդին՝ ծառայութիւնը նկատելով իր սրբազան կոչումը։ Ան ո՛չ միայն մեր ժողովուրդին հոգեւոր սնունդ կը մատակարարէ, այլ նաեւ որպէս ազգային եկեղեցի, կը փորձէ օգտակար դառնալ մեր ժողովուրդի կեանքի զանազան բնագաւառներուն առընչուած կարիքներուն։ Մեր Սուրբ Աթոռին ծառայութիւնը համապարփակ է. ան իր մէջ կը ներառէ մեր ժողովուրդի կեանքի զանազան երեսները։ Այսպէս, քրիստոնէական դաստիարակութեան ճամբով կը փորձենք հոգեւոր արժէքները տարածել մեր զաւակներու կեանքէն ներս եւ զանոնք այդ արժէքներով սնուցանել։ Ժողովրդային բնակարաններու շինութեան ճամբով կը փորձենք կարիքաւոր ընտանիքներուն բեռը թեթեւցնել։ Երիտասարդութեան առընչուած զանազան ծրագիրներու մշակումով կը փորձենք երիտասարդները կազմաւորել քրիստոնէական ու ազգային շունչով։ Մեր Սուրբ Աթոռի առաքելութեան ծիրէն ներս յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն նաեւ հայ դպրոցը, հայ մշակոյթը ու միջկրօնական յարաբերութիւնները։ Մեր ծառայութեան այս երեք կարեւոր տարածքներուն այսօր պիտի ուզէի յատուկ կերպով անդրադառնալ։

 

*

*  *

 

Հայ դպրոցը իր հայեցի դաստիարակութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար կը մնայ մնայուն առաջնահերթութիւն։ Մեզի համար, ինչպէս յաճախ կը յիշեցնենք, կրթական սովորական կառոյց մը չէ հայ դպրոցը։ Հայ դպրոցին առաքելութիւնը գերազանցօրէն մարդակերտում է ու հայակերտում՝ յիշեալ բառերուն ամենէ՛ն վաւերական հասկացողութեամբ։ Եւ ճիշդ անոր համար նուիրական կառոյց է հայ դպրոցը. եւ անոր առողջ պահպանումը մեր բոլորին համար պէտք է դառնայ առանցքային մտահոգութիւն։ Այս նախանձախնդրութենէն մեկնած, Կաթողիկոսարանէն ներս կրթական ծրագիրներով զբաղող յատուկ գրասենեակ մը հաստատեցինք, որպէսզի կարենանք աւելի ծրագրուած ու հետեւողական կերպով օգտակար հանդիսանալ հայ դպրոցին հայակերտ առաքելութեան մեր թեմերէն ներս։

 

Լիբանանի հայ կեանքէն ներս, ինչպէս ոեւէ գաղութի կեանքէն ներս, մեր կրթական կառոյցները կարեւոր դերակատարութեան են կոչուած։ Մենք բոլորս հայ դպրոցի աշակերտներ եղած ենք եւ շատ բան առած ենք հայ դպրոցէն որպէս հաւատք ու հայութիւն։ Առանց կենսունակ հայ դպրոցին լիբանանահայ գաղութը շատ բան պիտի կորսնցնէ իր հաւաքական հզօրութենէն։ Որպէս հետեւանք վերջին դէպքերուն ու Լիբանանէն ներս յառաջացած տնտեսական տագնապին, մեր դպրոցները եւս ենթակայ դարձան տնտեսական լուրջ դժուարութիւններու։ Ահա այս դժուար կացութեան մէջ մեր դպրոցներուն աջակցութեան ձեռք երկարեց մեր ժողովուրդի հարազատ զաւակներէն Պրն. Գըրք Գրիգորեան, չորսուկէս միլիոն տոլար տրամադրելով Լիբանանի բոլոր հայ վարժարաններուն։ Մենք պատեհութիւնը ունեցած ենք Միացեալ Նահանգներու մէջ զանազան առիթներով հանդիպելու եւ մօտէն ճանչնալու Պրն. Գըրք Գրիգորեանը։ Ան հպարտ է հայ ըլլալով, անոր սիրտը կը տրոփէ հայութեամբ։ Եւ որպէս շօշափելի արտայայտութիւն իր արմատներուն նկատմամբ ունեցած հաւատարմութեան, ան երկար տարիներէ ի վեր օգտակար կը հանդիսանայ մեր ժողովուրդի կարիքներուն, հսկայ գումարներ յատկացնելով Հայաստանի մեծ ծրագիրներուն ու յատուկ նպաստներ տրամադրելով Ամերիկայի հայ դպրոցներուն։ Լիբանանի հայութիւնը, հետեւաբար, մեծապէս երախտապարտ պէտք է դառնայ Պրն. Գըրք Գրիգորեանին նկատմամբ, իր կատարած այս սիրայօժար օգնութեան համար։ Լիբանանի հայութիւնը նաեւ շնորհակալ պէտք է դառնայ իր հարազատ զաւակներէն, ազգային վարժարանի նախկին աշակերտ Պրն. Յարութ Սասունեանին, որ կարեւոր դեր ունեցաւ օգնութեան այս ծրագրի իրականացման մէջ։

 

Սակայն չի բաւեր միայն ուրախանալ ու գնահատել։ Անհրաժեշտ է որ այս նախաձեռնութիւնը Լիբանանի հայութիւնը նկատէ որպէս խթան վերանորոգ յանձնառութեամբ շարունակելու իր հաւաքական աշխատանքը ի խնդիր հայ դպրոցի վերականգնման։ Սա լուրջ մարտահրաւէր մըն է այս գաղութին դիմաց։ Լիբանանի հայ գաղութը իր կեանքի օրակարգին վրայ պէտք է միշտ ունենայ հայ դպրոցը որպէս առաջնահերթ մտահոգութիւն։ Կատարուած այս օգնութիւնը առիթ մը պէտք է հանդիսանայ ամբողջական ու ծրագրուած բարեկարգումի ենթարկելու լիբանանահայ կրթական ցանցը իր կրթական, տնտեսական, վարչական, կառուցային եւ այլ մարզերով։

 

*

*  *

 

Հայ մշակոյթը հին դարերէն սկսեալ հայ եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան կարեւոր դաշտերէն մէկն է եղած։ Չմոռնանք, որ հայ գրերը ստեղծուեցան Ս. Մեսրոպ Մաշտոցին կողմէ. չմոռնանք, որ Մեր պատմութեան մէջ Ոսկեդարն ու Արծաթէ դարերը կերտուեցան մեր եկեղեցւոյ կողմէ. չմոռնանք, որ դպրութիւն ու արուեստ առաւելաբար զարգացան հայ եկեղեցւոյ կողմէ։ Հայ մշակոյթը անբաժան մասը կը մնայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ծառայութեան։ Այս ծիրէն ներս, հայ գիրքի հրատարակութիւնը, որպէս մեր մշակութային արժէքներու տարածման կարեւոր միջոց, կը շարունակէ մնալ մեր Կաթողիկոսութեան համար յատուկ կարեւորութիւն ներկայացնող նախաձեռնութիւն։

 

Այսպէս, ամէն տարի, որակային ու քանակային իմաստով, կարեւոր հրատարակութիւններ կը կատարուին Կաթողիկոսարանէն ներս Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի եւ մեր Սուրբ Աթոռի հրատարակչական ֆոնտերու ճամբով։ Ու հայ գիրքը մեր ժողովուրդին տանելու մտահոգութենէն մղուած ամէն տարի գիրքերու ցուցահանդէս կը կազմակերպէ Կաթողիկոսարանը, մասնակցութեամբ այլ հրատարակչական կեդրոններու, մեր ժողովուրդին միշտ յիշեցնելու հայ գրքին կենսական կարեւորութիւնը, որպէս աղբիւր հոգեւոր, մտաւոր, մշակութային ու ազգային սնունդի։

 

Քիչ յետոյ բացումը պիտի կատարենք Հայ Գրքի 28-րդ ցուցահանդէսին։ Ես պիտի ուզէի որ սովորական հասկացողութեամբ չմօտենանք գրքերու ցուցահանդէսին։ Հայ գիրքը սոսկ թուղթ ու մելան, հեղինակ ու մտածում չէ, այլ զանոնք անդրանցնող ոգի է, հաւատք է, տագնապ է, հայուն մէջ քրիստոնեայ մարդը ու հայը կազմաւորելու ձգտող։ Հետեւաբար, հայուն համար գիրք կարդալը լոկ բան մը սորվելու կամ ժամանցի առիթ մը չէ, այլ՝ քրիստոնէական ու ազգային արժէքներով լիցքաւորումի ազդու միջոց։ Ա՛յս գիտակցութեամբ պէտք է մօտենալ հայ գիրքին։ Հայ մարդը հայ գիրքը պէտք է նկատէ իր ամենէն կարեւոր մտերիմներէն մէկը։ Համաշխարհայնացումի ներկայ դարուն երբ տեղեկատուական արհեստագիտական միջոցները լուսանցքային սկսած են դարձնել գիրին ու գիրքին դերը մարդկային կեանքէն ներս, մեր ժողովուրդի զաւակները կոչուած են առաւել նախանձախնդրութեամբ մօտենալու հայ գիրքին։ Հետեւաբար, հայ գիրքին ցուցահանդէսը յիշեցում մըն է ու միաժամանակ հրաւէր մը՝ հայ գիրքը նկատելու մեր անհատական թէ հաւաքական, քրիստոնէական թէ ազգային կեանքէն ներս հարստացուցիչ ներկայութիւն մը՝ իր հոգեկերտ ու ազգաշէն դերակատարութեամբ։

 

*

*  *

 

Ինչպէս կը տեսնէք, այսօր Մայր Տաճարէն ներս  ներկայ են օտար հոգեւոր հիւրեր։ Միջ-եկեղեցական յարաբերութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ծառայութեան կարեւոր բնագաւառներէն մէկը կը մնայ։ Այս ուղղութեամբ մեր Սուրբ Աթոռը կարեւոր իրագործումներ կատարած է նոր հորիզոններու բանալով այս Աթոռին միջ-եկեղեցական յարաբերութիւնները եւ այդ ծիրէն ներս կարեւոր յաջողութիւններ ձեռք ձգած թէ՛ մեր եկեղեցին օտարներուն ծանօթացնելով, թէ՛ մեր ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքները հետապնդման աշխատանքին մէջ օտարներուն աջակցութիւնը ապահովելով։ Նկատի ունենալով ներկայ աշխարհին մէջ տեղի ունեցող արմատական փոփոխութիւնները, երեւան եկող նոր տագնապները, միջազգային յարաբերութիւններէն ներս յառաջացող նոր երեւոյթները, միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններուն առընթեր միջ-կրօնական երկխօսութիւնը ու գործակցութիւնը կարեւոր տեղ սկսած են գրաւել եկեղեցիներու կեանքէն ներս։ Նոյն մտահոգութենէն մեկնած, մեր Սուրբ Աթոռը եւս յատուկ կարւորութիւն կ’ընծայէ միջ-կրօնական յարաբերութիւններուն։ Անցնող տարիներու ընթացքին մեր Սուրբ Աթոռը մասնակից դարձաւ ընդհանրապէս միջ-կրօնական ու մասնաւորաբար քրիստոնեայ-իսլամ հանդիպումներուն ու երկխօսխութիւններուն, տեղական, շրջանային ու միջազգային մակարդակներու վրայ։

 

Ահա այդ ծիրէն ներս դիմեցինք նոր նախաձեռնութեան մը, Անթիլիաս հրաւիրելով Միջին Արեւելքի ու Ասիոյ կրօններու ներկայացուցիչները։ Առաջին անգամ ըլլալով այս մաշտապով նման հանդիպում մը տեղի կ’ունենայ այս շրջանէն ներս։ Այստեղ մեզի հետ են հինտու, պուտա, քրիստոնեայ ու իսլամ կրօններ ներկայացնող կարեւոր դէմքեր Ասիոյ զանազան շրջաններէն։ Այսօր կէսօրէ յետոյ բացումը պիտի կատարենք համագումարին, եւ յառաջիկայ երեք օրերու ընթացքին յիշեալ կրօններու ու տարբեր մշակոյթներու պատկանող մարդիկ միասնաբար պիտի քննարկեն հաւաքական մտահոգութիւններ։

 

Կրօնքի ներկայութիւնը ու դերակատարութիւնը ներկայ աշխարհին մէջ հետզհետէ աւելի կը շեշտաւորուի։ Ճի՛շդ է, կրօններ տարբեր մօտեցումներ ունին կրօնի բնոյթին ու կոչումին նկատմամբ։ Սակայն, ներկայ ընկերութեան կեանքին մէջ գոյութիւն ունին հաւաքական մտահոգութիւններ ու տագնապներ, որոնց նմատմամբ կրօնները չեն կրնար տարբեր ըլլալ. անոնք կոչուած են միացեալ կեցուածք ճշդելու։ Ներկայ աշխարհը, որպէս հետեւանք համաշխարհայնացումի, փոքրացած է, հեռաւորութիւնները կարճցած են եւ տարբեր կրօններու, գոյներու ու մշակոյթներու պատկանող մարդիկ կ’ապրին միասնաբար, երբեմն նոյն աշխարհագրական սահմաններէն ներս ու նոյն ընկերութեան ծիրէն ներս, որպէս դրացիներ։ Հետեւաբար, պէտք է զիրար լաւ ճանչնանք։ Ամբողջական ճանաչումն  է որ փոխադարձ յարգանք ու վստահութին կը յառաջացնէ։ Ամբողջական ճանաչումն է որ կրօնները կը մղէ սերտ գործակցութեան ու միացեալ մօտեցումներու՝ մարդկութիւնը յուզող տագնապներու նկատմամբ։ Ա՛յս է մեր համագումարին հիմնական նպատակը։

 

*

*  *

 

Ահաւասիկ, սիրելի՛ ժողովուրդ, ամփոփ գիծերով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ծառայութեան առընչուող մի քանի ծրագիրներ ու իրագործումներ։ Այս Սուրբ Աթոռը պիտի շարունակէ առաւե՛լ հաւատքով ու նուիրումով իր ծառայութիւնը տանիլ մեր ժողովուրդին։ Մեր սպասումն է, որ մեր ժողովուրդի զաւակները իրենց գործօն մասնակցութիւն բերեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հաւաքական ծառայութեան՝ ի խնդիր մեր քրիստոնէական հաւատքի հզօրացման, մեր ազգային ինքնութեան առողջ պահպանման, մեր գաղութներու առաւել կազմակերպման ու մեր հայրենիքին ծաղկման։

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

Անթիլիաս