Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Պատգամը
ՏԷՐԸ ԿՈՒ ԳԱՅ, ՃԱՄԲԱ՜Ն ՊԱՏՐԱՍՏԵՑԷՔ Աստուծոյ կողմէ որպէս դրախտ ստեղծուած այս աշխարհը, մարդու մեղքին պատճառաւ դարձած էր դժոխք: Աստուածային բարիքները վայելելու շնորհքին արժանացած մարդը, իր ազատ կամքով ընտրած էր չարի՜ն իշխանութիւնը: Արդ, երկրի մոլոր ճամբաներուն վրայ կորսուած մարդը պէտք ունէր զինք դէպի երկինք առաջնորդող ճամբուն: Երկրի խաւարին մէջ մնացած մարդը հրամայական կարիքը ունէր…