Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Պատգամը

ԲԵԹՂԵՀԷՄ՝ ՍԿԻԶԲԸ ՆՈՐ ԱՇԽԱՐՀԻՆ   Նորադարձ քրիստոնեաներու կեանքին նոր որակ ու ուղղութիւն տալու անհրաժեշտութեան մասին խօսելով,  Պօղոս Առաքեալ կ’ըսէ՝ «Մոռցէք ձեր հին կեանքն ու նախկին գործերը, եւ նոր մարդ եղէք՝ ձեր Արարիչին պատկերին համաձայն նորոգուելով …» (Կղ 3. 10)։ Այլ խօսքով, Առաքեալը Քրիստոսի եկեղեցւոյ անդամներուն կը յիշեցնէ թէ քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ՝ նոր մարդ դառնալ…