Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԱՄԱՆՈՐԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԻՆՔ ԱԶԳԻ ՈՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՇԱՀԵՐՈՒՆ ՇՈՒՐՋ   Նոր Տարուան սեմին, քրիստոնէական սիրով ու հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները։   Նոր Տարին մարդը, անհատապէս թէ հաւաքաբար, ինքնահայեցողութեան ու ինքնաքննութեան հրաւիրող պահ է։ Եկէք պահ մը մեր հայեացքները սեւեռենք հայ կեանքին վրայ։   Ինչպէս համայն մարդկութիւնը, նոյնպէս մեր ժողովուրդը կը շարունակէ ապրիլ համաճարակին ստեղծած…

ՄԵԾՆ ՍՈՒՐԲ ՄԱԿԱՐԻ «ՀՈԳԵՒՈՐ ՔԱՐՈԶՆԵՐ» ՀԱՏՈՐԸ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ

Հրամանաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի հրատարակութեամբ լոյս կը տեսնէ Մեծն Սուրբ Մակարի «Հոգեւոր Քարոզներ»ը՝ թարգմանութեամբ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանի եւ մեկենասութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին։   Շուրջ 350 էջերէ բաղկացած հատորը կը պարունակէ ճգնաւորական շարժումի հիմնադիր եւ Դ. դարու ընդհանուր քրիստոնէական կեանքի պատմութեան հոգեւոր աստղերէն Մեծն Մակարի խորհրդածութիւնները, որոնք, բովանդակութեան…

ԱՌԱՋԻՆ ՍԱՐԿԱՒԱԳԻՆ ՈՒ ՄԱՐՏԻՐՈՍԻՆ՝ Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ՏՕՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«ՄԵՆՔ ԿՈՉՈՒԱԾ ԵՆՔ Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ԱՆՄՆԱՑՈՐԴ ՈՒ ՆՈՒԻՐԵԱԼ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԿԵՆՍԱԳՈՐԾԵԼՈՒ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի եւ նախավկայի առաքելութիւնը իր յատուկ դրոշմը ունի հայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, ուստի, եկեղեցւոյ տօնացոյցը 25 Դեկտեմբերը նուիրուած է անոր յիշատակութեան, իբրեւ անշարժ տօն, որ հանդիսաւորապէս կը նշուի հայ եկեղեցւոյ բոլոր եկեղեցիներէն ներս։  …

ԵՐԿՈՒ ՄԻԱԲԱՆ ՀԱՅՐԵՐ ՍՏԱՑԱՆ ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՍՏԻՃԱՆՆԵՐԸ

Հրամանաւ եւ բարձր տնօրինութեամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան հայրերէն Հոգշ. Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեան (Թորոնթոյի Ս. Աստուծածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ) ու Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան (Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ) ստացան ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանները՝ իրենց ծառայութեան թեմերէն ներս։   Արդարեւ, Կիրակի, 18 Ապրիլ…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄԻԱՑԱՒ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ «ՆԱՐԵԿԱՑԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԱՄԱՆՈՐԵԱՅ ՀԱՒԱՔԻՆ

Շաբաթ, 25 Դեկտեմբեր 2021-ի առաւօտեան, Կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբի փոքրիկները, Անթիլիասի Մայրավանքի շրջափակին մէջ, տօնախմբեցին նոր տարուան տօնը։   Հաւաքի ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը անակնկալ կերպով միացաւ փոքրիկներուն եւ իր հայրական գուրգուրանքով ու հոգատարութեամբ բաժնեկից դարձաւ անոնց ուրախութեան։   Աւանդական կարկանդակի հատումէն ետք, «Նարեկացի» երգչախումբին անունով, փոքրիկներէն երկու անդամ՝ քոյր-եղբայր, Վեհափառ Հայրապետին նուիրեցին…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍ

Հինգշաբթի, 23 Դեկտեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Մօտ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանատան ներկայացուցիչին, մշակոյթի կցորդին եւ տեղեկատուական բաժնի տնօրէնին: Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էր Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համա-ատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեան:     Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու ընդհանրապէս Իրանի եւ Լիբանանի յարաբերութեանց եւ յատկապէս Մեծի…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ

Չորեքշաբթի, 22 Դեկտեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը աւելի քան ժամ մը հանդիպում ունեցաւ Կաթողիկոսարանի Հայագիտական Կեդրոնի աշակերտութեան հետ:   Նորին Սրբութիւնը գնահատեց Կեդրոնի աշակերտութեան ցուցաբերած նախանձախնդրութիւնն ու գործօն մասնակցութիւնը դասընթացքներուն: Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց Կեդրոնին կարեւոր դերը՝ հայագիտական նիւթերուն զարգացման գծով, ապա անդրադարձաւ հայ ժողովուրդը ընդհանրապէս եւ Սփիւռքը մասնաւորաբար դիմագրաւող մարտահրաւէրներուն:  …

«ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՆԵՑՈՒԿԸ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ Է ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Երկուշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2021-ին, կարճ այցելութեամբ Լիբանան ժամանած Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (Մ.Ա.Կ.) ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես, աւելի քան երկու ժամ տեւած հանդիպում մը ունեցաւ մարոնիթ, յոյն ուղղափառ, հայ, սիւննի, շիիթ եւ տիւրզի համայնքներու հոգեւոր պետերուն հետ: Հանդիպումը սկսաւ ընդհանուր քարտուղարին բացման խօսքով, ուր ան յայտնեց, թէ միջազգային համայնքը մտահոգ է Լիբանանով, ան պէտք է աւելին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «Ս. ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ» ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃէՊէՃԵԱՆԸ

Կիրակի, 19 Դեկտեմբեր 2021-ին, Ս. եւ Անմահ Պատարագէն անմիջապէս ետք, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի դահլիճին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով գնահատեց հրապարակագիր ու Ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի Ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի մտաւորական ու ծառայական աշխատանքը:   Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կաթողիկոսարանի Հայագիտական Կեդրոնի պատասխանատու Ահարոն Շխրտմեան: Ան իր խօսքին մէջ…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՍՈՒՐԲ ՅԱԿՈԲԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Օրհնութեամբ եւ տնօրինութեամբ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կաթողիկոսարանիս «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ ի պահ դրուած Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին մասունքը դուրս բերուեցաւ եւ զետեղուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ։   Արդարեւ, Ուրբաթ, 17 Դեկտեմբեր 2021-ին, Երեկոյեան Ժամերգութեան աւարտին, կատարուեցաւ նախատօնակը սրբոցն Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին, Մարուգէ ճգնաւորին եւ Մելիտոս եպիսկոպոսին,…

Հ.Հ. ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՔԱԹԱՐԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆԻՆ ՀԵՏ

Ուրբաթ, 10 Դեկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան, Քաթարի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան (Հ.Հ.) դեսպանատան մէջ, Հ.Հ. վսեմաշուք նախագահ Արմէն Սարգիսեան յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի հայ գաղութի հոգեւոր հովիւ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան եւ Ազգային Գործադիր Մարմինի անդամներուն հետ:   Հանդիպման ընթացքին, Քաթարի մօտ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Սարգիսեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց եւ ապա…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՄԻՍԻՈՆԱՐԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԻ ՀԱՐԻՒԻՐԱՄԵԱԿԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ

Կազմակերպութեամբ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) Առաքելութիւն եւ Աւետարանչութիւն Յանձնաժողովին (Commission on World Mission and Evangelism) եւ համագործակցութեամբ Միջազգային Միսիոնարական Ժողովին (International Missionary Council), 2021-2022 տարեշրջանին ընթացքին շարք մը ծրագիրներու ընդմէջէն պիտի նշուի միսիոնարական համաժողովին 100 ամեակը՝ տարբեր հանդիպումներու եւ գրական աշխատութիւններու ընդմէջէն անդրադառնալով անոր պատմութեան, ներկայ իրավիճակին եւ ապագայի տեսլականին։  Սոյն ծրագիրին յանուն Մեծի Տանն…

ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Այս առաւօտ՝ Երեքշաբթի, 14 Դեկտեմբեր 2021-ին, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Եոան Սաուքա այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, ընկերակցութեամբ Ե.Հ.Խ.ի մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Գարլա Խիժոյեանին:   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու ընդհանրապէս միջ-եկեղեցական շարժումը եւ մասնաւորաբար Ե.Հ.Խ.ը յուզող հարցեր: Վեհափառ Հայրապետը միջ-եկեղեցական բնագաւառէն ներս իր ունեցած երկար տարիներու փորձառութեան լոյսին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԶՐՈՅՑ-ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ

Շաբաթ, 11 Դեկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ, Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութիւնը (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) զրոյց-հանդիպում ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ:   Աւելի քան ժամ մը տեւած հարցազրոյցը ուղիղ սփռուեցաւ Կաթողիկոսարանի Cilicia TV-էն: Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ յատկապէս երիտասարդութեան եւ Սփիւռքի առնչուած շարք մը հարցերուն: Վեհափառ Հայրապետը իր ունեցած…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Շաբաթ, 11 Դեկտեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան։   Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայութիւնը յուզող հարցեր՝ տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական եւ դաւանաքաղաքական ծիրէն ներս։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԷՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Կիրակի, 12 Դեկտեմբեր 2021-ին, Ս. եւ Անմահ Պատարագէն անմիջապէս ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդէն (Ե.Հ.Խ.) պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Գարլա Խիժոյեան, Դոկտ. Աբրահամ Ուիլըր եւ Եոլէնի Ռէպէլէ: Գարլա Խիժոյեանը կը ներկայացնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Խորհուրդէն ներս եւ պատասխանատու է Միջին Արեւելքի առնչուած հարցերուն: Իսկ Դոկտ. Աբրահամ Ուիլըր…

ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ԿԱՄՔՈՎ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆ ԻՐԵՆՑ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան իրագործման մէջ կարեւոր դեր ունին հաւատացեալները եւ անոնց նիւթաբարոյական ներդրումը։ Վերջին երկու տարիներու ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, իրագործուեցան վերանորոգութեան ու վերադասաւորման զանազան ծրագիրներ՝ մեր Սուրբ Աթոռի զաւակներուն բարերարութեան շնորհիւ։ Թէեւ Վեհափառ Հայրապետին փափաքն էր իւրաքանչիւր ծրագիրի իրագործման աւարտին տեղի ունենար վերաբացման արժանի…

Հ.Յ.Դ. ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Չորեքշաբթի, 8 Դեկտեմբեր 2021-ին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի կազմակերպած դաշնակցական կազմակերպական աշխարհատարած կառոյցի մարմիններու խորհրդաժողովին մասնակիցները, գլխաւորութեամբ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:   Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումին, առաջին առիթով Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց խորհրդաժողովին մասնակիցները եւ Լիբանանի ապրած տագնապալի այս փուլին բարձր գնահատեց խորհրդաժողովին կայացումը Պէյրութի մէջ: Ապա Հայրապետը անդրադարձաւ այն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԵԱՆՑ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Ուրբաթ, 3 Դեկտեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց (Ա.Մ.Է.) Ազգային Տօնի 50 ամեակին առիթով շնորհաւորական նամակ յղեց երկրի նախագահ վսեմաշուք Շէյխ Խալիֆա Պըն Զայէտ Ալ Նահեանին:     Նորին Սրբութիւնը իր շնորհաւորական նամակին մէջ ըսած է, թէ Ա.Մ.Է. մէջ բնակութիւն հաստատած հայ գաղութը անբաժան մասը կը կազմէ Ա.Մ.Է. ընկերութեան եւ իր…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Անցնող երկու օրերու ընթացքին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստերէն ետք, Ուրբաթ, 3 Դեկտեմբեր 2021-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, յիշեալ ժողովները միացեալ հանդիպում ունեցան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ: Նիստին իրենց մասնակցութիւնը բերին կարգ մը թեմերու առաջնորդները: Կաթողիկոսութեան կանոնագրութեան համաձայն նման միացեալ հանդիպման օրակարգին մաս կը կազմեն Կաթողիկոսութեան, հայ եկեղեցւոյ, Հայաստանին, Արցախին…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 2 Դեկտեմբեր 2021-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովը ունեցաւ իր լիակատար հանդիպումը: Կրօնական Ժողովին յաջորդող յիշեալ հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ժողովին այլ թեմերու պատկանող անդամները: Հանդիպումին ատենապետութիւնը յաջորդաբար վարեցին Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ Գրիգոր Մահսերէճեան:   Վեհափառ Հայրապետը ժողովին բացումը…

ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԼԻԱԿԱՏԱՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, Չորեքշաբթի, 1 Դեկտեմբեր 2021-ին, ամբողջ օրուան տեւողութեամբ, Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովը ունեցաւ իր լիակատար նիստը: Ժողովական աշխատանքներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ կարգ մը թեմերու առաջնորդները: Կրօնական Ժողովի ատենապետութիւնը վարեցին Օշական եւ Նարեկ արքեպիսկոպոսները:   Ժողովի ընթացքին յաջորդաբար քննարկուեցան Դպրեվանքին, քրիստոնէական դաստիարակութեան, ընկերային ծառայութեան, միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական յարաբերութեանց,…