Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա․ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱՅԱՑԱՒ ՄԱՍՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿԻ ԵՐՐՈՐԴ ՆԻՍՏԸ

Երկուշաբթի, 30 Հոկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնած մասնագիտական քննարկումներու երրորդ առցանց նիստը կայացաւ։   Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն պատմագէտներու, իրաւագէտներու եւ քաղաքագէտներու խումբը երրորդ նիստով քննարկեց Արցախի հարցի ուղղութեամբ աշխարհաքաղաքական շատ արագ ընթացող իրադարձութիւններու հաւանական հետեւանքները։ Առնչուած թեմաներ էին Արցախի նախագահին կատարած վերջին յայտարարութիւնները, Զանգեզուրի միջանցքի ծրագրին մասին յայտարարութիւններով ակնարկուող փոփոխութիւնները,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՈՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Երկուշաբթի, 30 Հոկտեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (Հ.Յ.Դ.) Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, ընկերակցութեամբ Բիւրոյի անդամ դոկտոր Մկրտիչ Մկրտիչեանի։   Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի ներքին կացութեան, Արցախի տագնապին հետեւանքներուն եւ Սփիւռքին առնչուած շարք մը խնդիրներ։  

ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐԸ ՍՏԱՑԱՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԱՅՐԱԿԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

Կիրակի, 29 Հոկտեմբեր 2023-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Վեհարանի դահլիճին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց եւ իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց Մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանի փոքրիկներուն, որոնց կ՚ընկերակցէին վարժարանի վարիչ Գերպ. Տ. Ստեփանոս Ծ. Վրդ. Փաշայեանը եւ տնօրէն Ժանին Դանիէլեանը։   Նախքան փոքրիկներուն՝ կոկիկ յայտագրի ներկայացումը, տնօրէնը իր ողջոյնի խօսքին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԳՈՐԾՈՂ ԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ, ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ, ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՒ, ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ, ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

ԻՆՔՆԱՔՆՆՈՒԹԵՆԷ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄ     «Սփիւռքի Տարի»ի շրջագիծէն ներս, Չորեքշաբթի, 25 Հոկտեմբեր 2023-ին, երեկոյեան ժամը 07։30-ին, Ազգային Առաջնորդարանի Երջօ Սամուէլեան «Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ երրորդ հանդիպում-զրոյցը, որուն կը մասնակցէին Լիբանանի մէջ գործող կուսակցական ղեկավարութիւնը, միութիւններու, կառոյցներու, կազմակերպութիւններու, կրթական հաստատութիւններու եւ հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչները, «Ինքնաքննութենէ Վերակազմակերպում» խորագրեալ։…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԹԱՂԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆՑ, ԴՊՐԱՑ ԴԱՍԵՐՈՒ, ՏԻԿՆԱՆՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱՂՔԱՏԱԽՆԱՄ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

ԻՆՔՆԱՔՆՆՈՒԹԵՆԷ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄ   «Սփիւռքի Տարի»ի շրջագիծէն ներս, Երեքշաբթի, 24 Հոկտեմբեր 2023-ին, երեկոյեան ժամը 07։30-ին, Ազգային Առաջնորդարանի Երջօ Սամուէլեան «Եռագոյն» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ լիբանանահայ թեմական ու համայնական կառոյցներուն կեանքը վերաշխուժացնելու ու վերակենսաւորելու նպատակով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եռօրեայ պաշտօնական հանդիպում-զրոյցներու շարքին երկրորդը, որուն կը մասնակցէին Լիբանանի Հայոց Թեմի հոգեւորականութիւնը, եկեղեցիներու թաղականութեանց,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

ԻՆՔՆԱՔՆՆՈՒԹԵՆԷ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄ   «Սփիւռքի Տարի»ի շրջագիծէն ներս, Երկուշաբթի, 23 Հոկտեմբեր 2023-ին, ընթացք առաւ լիբանանահայ թեմական ու համայնական կառոյցներուն կեանքը վերաշխուժացնելու ու վերակենսաւորելու նպատակով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եռօրեայ պաշտօնական հանդիպում-զրոյցներուն շարքը՝ «Ինքնաքննութենէ Վերակազմակերպում» խորագրեալ։   Արդարեւ, յաջորդական երեք օրերու ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը Ազգային Առաջնորդարանի յարկին տակ պիտի հանդիպի Ազգային Իշխանութեան, Լիբանանի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա․ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՀԱՐՑԻՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ՆԻՍՏԵՐ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ, յաջորդական երկու հեռավար նիստեր տեղի ունեցան՝ արցախեան նոր իրավիճակին լոյսին տակ իրադարձութիւններուն ընդհանուր գնահատականը կատարելու եւ յառաջիկայ աշխատանքներուն ուղենիշերը ճշդելու նպատակով։   Նիստերուն կը մասնակցին Հայաստանէն, Արցախէն, Միացեալ Նահանգներէն, Եւրոպայէն, Հարաւային Ամերիկայէն եւ Միջին Արեւելքէն պատմաբաններ, միջազգային իրաւունքի մասնագէտներ եւ քաղաքագէտներ.- Աշոտ Մելքոնեան, Ռուբէն Սաֆրաստեան, Արմէն Մարուքեան, Վահրամ Բալայեան,…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՐՑԱԽԷՆ ԲՌՆԻ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ

Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Առաջին Մեծի Տանն Կիկիկիոյ Կաթողիկոսը, Արցախեան հայենիքի իննամսեայ պաշարումին յաջորդող աւելի քան 100,000 հաշուող Արցախի մեր ժողովուրդի զաւակներուն բռնի տեղահանումին հետեւանքով, կազմեց յատուկ յանձնախումբ մը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան օժանդակութիւնը մատակարարելու մեր տարագրուած հայրենակիցներուն։ Այս յանձնախումբի անդամներն են Գերաշնորհ Տէր Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանը (առաջնորդ Ամերիկայի Արեւելեան թեմին), Գերաշնորհ Տէր…

«ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Ուրբաթ, 13 Հոկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան ժամը 07։30-ին, Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբի նորանշանակ վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ երգչախումբի խմբավար Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի, այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ ստացաւ անոր հայրական ու Հայրապետական օրհնութիւնը։   Հայր սուրբը իր որդիական երախտագիտական ու շնորհակալական խօսքը ուղղելէ ետք, հրաւիրեց վարչականները հակիրճ կերպով զեկուցելու յառաջիկայի ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն մասին։ Վարչական անդամները…

ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 2023-2024 ԿՐԹԱԿԱՆ-ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻՆ

Թարգմանչաց վարդապետաց տօնը կրկնակի ցնծութեան օր է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար, որովհետեւ կը յիշատակենք թէ՛ մեր հոգեւոր ու ազգային ինքնութիւնը աւելի ամրացնող սերունդին աւանդը եւ թէ կը վերանորոգենք թարգմանչաց ուխտը՝ Դպրեվանքին կրթական-ուսումնական տարեշրջանի մեկնարկին ճամբով։   Առ այդ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կիրակի, 15 Հոկտեմբեր 2023-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՐԱ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԸ

Հինգշաբթի, 31 Օգոստոս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Մարսէյէն (Ֆրանսա) Պէյրութ թիավարած Արա Խաչատուրեանը։   27 Մայիսին, Խաչատուրեան մեկնարկած էր «Թիավարութիւն Յանուն Խաղաղութեան» խորագրեալ իր վերոյիշեալ առաքելութեան, նպատակ ունենալով իր մասնակցութիւնը բերել աղքատութեան ու պատերազմներու դէմ պայքարին։   Վեհափառ Հայրապետին հետ տեսակցութեան ընթացքին, Խաչատուրեանը խօսեցաւ իր առաքելութեան եւ հետապնդած նպատակներուն կարեւորութեան մասին։   Արա…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 2023-2024 ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ-ԿՐԹԱԿԱՆ ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ԱՌԱՋԻՆ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ԺՈՂՈՎԻՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի 2023-2024 ուսումնակրթական տարեմուտի սեմին, նախագահութեամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, տեղի ունեցաւ ուսուցչական ժողով, Շաբաթ, 7 Հոկտեմբեր 2023-ին, Դպրեվանքի «Բրաբիոն Տումանեան» սրահին մէջ:   Բարի գալուստի խօսք արտասանեց Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանը, որ անդրադառնալով Դպրեվանքի առաքելութեան՝ ըսաւ, որ մեր ազգի դիմագրաւած տխուր տագնապներուն դիմաց,…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԱՍԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ 15-ՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ

Հինգշաբթի, 28 Սեպտեմբերէն Երեքշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2023-ին, Հնդկաստանի Քոթայամ քաղաքին մէջ կայացաւ Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդի 15-րդ համաժողովը՝ «Աստուա՜ծ, վերանորոգէ մեզ Քու շունչովդ եւ վերականգնէ արարչագործութիւնը» խորագիրով։ Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան այս համաժողովին մասնակցեցան Թեհրանի Հայոց Թեմի առաջնորդ ու Խորհուրդի գործադիր վարչութեան անդամ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանը եւ Անի Քրիստի սարկաւագ Մանուէլեանը։   Ժողովին…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ԱՐՑԱԽԻ ԳՐԱՒՈՒՄԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՂ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ

Երեքշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան, Էշրեֆիէի «Կապրիէլ» պանդոկին մէջ, Արցախի պարզած վերջին իրավիճակը լուսարձակի տակ բերող եւ անոր հետեւանքները քննող խորհրդաժողով մը գումարուեցաւ, «Արցախի Անկումէն Քաղուած Դասեր» խորագրեալ, մասնակցութեամբ լիբանանեան պետական ու տարբեր կուսակցութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներու ու հոգեւոր հայրերու։   Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ ՅՂԵՑ ՍՈՒՐԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ՝ ՀՈՄՍԻ ՄԷՋ ԻՆԿԱԾ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

  Ուրբաթ, 6 Հոկտեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ցաւակցագիր մը յղեց Սուրիոյ նախագահ տոքթ. Պաշշար Ալ-Ասատին՝ դատապարտելով Հոմսի սպայից վարժարանին վրայ գործուած ահաբեկչական յարձակումը եւ յայտնելով իր խորազգաց ցաւակցութիւնները Սուրիոյ պետութեան ու ժողովուրդին։   Հայրապետը նամակին մէջ իր զօրակցութիւնը ու կարեկցանքը յայտնեց զոհերու ընտանիքներուն եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած սուրիական հայրենիքին անսասանութեան ու…

ԱՐՑԱԽԻ ԳԾՈՎ ԶՕՐԱԿՑԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Արցախի մեր ժողովուրդին դէմ Ազրպէյճանի կողմէ կատարուած անարգ յարձակումին եւ անոր հետեւանքներուն գծով Լիբանանի զանազան համայնքներու ու կուսակցութիւններու կողմէ զօրակցական այցելութիւններ ու արտայայտութիւններ կատարուեցան:   Այս ծիրէն ներս, անցնող քանի մը օրերու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Ազգային Ազատ Հոսանք կուսակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, ասորի համայնքի լիկայի նախագահը եւ զարգացման ու գործակցութեան քրիստոնեայ խորհուրդը ներկայացնող պատուիրակութիւն…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻՆ

Ստեղծագործութեան յատուկ ուշադրութիւն դարձնելու նպատակով, ամէն տարի, շուրջ ամիս մը տեւողութեամբ, աշխարհի զանազան շրջաններուն մէջ յատուկ ձեռնարկներ կը կազմակերպուին եւ կենսոլորտի պահպանութեան հրամայականը կը շեշտուի: Այս իրողութենէն մեկնելով, 2021 թուականէն սկսեալ, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը (Մ.Ա.Ե.Խ.) 1 Սեպտեմբերէն 4 Հոկտեմբեր երկարող ժամանակաշրջանը կը յատկացնէ կենսոլորտային հարցեր քննարկելու՝ շրջանի երկիրներուն մէջ դասախօսական շարքեր կազմակերպելով եւ միջ-եկեղեցական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԵՐՄԱՆԻԱՅԷՆ ԺԱՄԱՆԱԾ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԱՍՈՐԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐ

Շաբաթ, 7 Հոկտեմբեր 2023-ին, Պէյրութի ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Տանիէլ Եպս. Գուրիէի գլխաւորութեամբ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Գերմանիայէն ժամանած քսան ասորի ուսուցիչներ: Անոնք կը դասաւանդեն կրօնագիտութիւն Գերմանիոյ գոլէճներուն մէջ: Անոնցմէ ոմանք Թուրքիայէն եւ Սուրիայէն արտագաղթած են տարիներ առաջ, իսկ ոմանք՝ Գերմանիա ծնած:   Տանիէլ Եպս. խօսք առնելով՝ ներկաներուն անունով իր զօրակցութիւնը յայտնեց հայ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԱՐՑԱԽԻ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

— Ռազմագերիներու եւ Ազրպէյճանի կողմէ կալանաւորուած Արցախի պետական անձնաւորութիւններու ազատ արձակում — Մարդասիրական օժանդակութիւն Արցախի մեր զաւակներուն — Միջազգային երաշխիք արցախցիներուն վերադարձի իրաւունքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   — — — — — — —   Ուրբաթ, 6 Հոկտեմբեր 2023-ի յետմիջօրէին, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ վանաբնակ միաբան հայրերուն հանդիպում:…

ՍԱԱՏ ՀԱՐԻՐԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Երեքշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2023-ին, ընդունեց Լիբանանի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին եւ Մուսթաքպալ հոսանքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունին։   Մուսթաքպալի պատուիրակութիւնը Հայրապետին փոխանցեց վարչապետ Հարիրիի ողջոյնները եւ միաժամանակ արտայայտեց անոր խոր ցաւը՝ ի տես Արցախի մէջ պատահող փոփոխութեանց, ժողովուրդին…

ԱՐՑԱԽԻ ԶՕՐԱԿՑԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ՄԷՋ

Արցախ աշխարհին դիմագրաւած վերջին աղէտը ծանր հետեւանքներ ունեցաւ մեր ժողովուրդին համար՝ ստեղծելով անորոշութեան մթնոլորտ։ 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդին դէմ կրկնուեցաւ 21-րդ դարուն։ Դարձեալ նահատակներ, քանդումներ եւ աքսոր…։ Դարեր շարունակ հայու արիւնով, արցունքով ու ստեղծագործ ոգիով շաղախուած Արցախը կը գտնուի թշնամիին արիւնոտ ձեռքերուն մէջ։ Մեր ժողովուրդը չէ յուսահատած, որովհետեւ, ինչպէս Պօղոս առաքեալը կ՚ըսէ «յոյսը…