Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա․ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՀԱՐՑԻՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ՆԻՍՏԵՐ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ, յաջորդական երկու հեռավար նիստեր տեղի ունեցան՝ արցախեան նոր իրավիճակին լոյսին տակ իրադարձութիւններուն ընդհանուր գնահատականը կատարելու եւ յառաջիկայ աշխատանքներուն ուղենիշերը ճշդելու նպատակով։   Նիստերուն կը մասնակցին Հայաստանէն, Արցախէն, Միացեալ Նահանգներէն, Եւրոպայէն, Հարաւային Ամերիկայէն եւ Միջին Արեւելքէն պատմաբաններ, միջազգային իրաւունքի մասնագէտներ եւ քաղաքագէտներ.- Աշոտ Մելքոնեան, Ռուբէն Սաֆրաստեան, Արմէն Մարուքեան, Վահրամ Բալայեան,…