Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ ՅՂԵՑ ՍՈՒՐԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ՝ ՀՈՄՍԻ ՄԷՋ ԻՆԿԱԾ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

  Ուրբաթ, 6 Հոկտեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ցաւակցագիր մը յղեց Սուրիոյ նախագահ տոքթ. Պաշշար Ալ-Ասատին՝ դատապարտելով Հոմսի սպայից վարժարանին վրայ գործուած ահաբեկչական յարձակումը եւ յայտնելով իր խորազգաց ցաւակցութիւնները Սուրիոյ պետութեան ու ժողովուրդին։   Հայրապետը նամակին մէջ իր զօրակցութիւնը ու կարեկցանքը յայտնեց զոհերու ընտանիքներուն եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած սուրիական հայրենիքին անսասանութեան ու…

ԱՐՑԱԽԻ ԳԾՈՎ ԶՕՐԱԿՑԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Արցախի մեր ժողովուրդին դէմ Ազրպէյճանի կողմէ կատարուած անարգ յարձակումին եւ անոր հետեւանքներուն գծով Լիբանանի զանազան համայնքներու ու կուսակցութիւններու կողմէ զօրակցական այցելութիւններ ու արտայայտութիւններ կատարուեցան:   Այս ծիրէն ներս, անցնող քանի մը օրերու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Ազգային Ազատ Հոսանք կուսակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, ասորի համայնքի լիկայի նախագահը եւ զարգացման ու գործակցութեան քրիստոնեայ խորհուրդը ներկայացնող պատուիրակութիւն…