Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

ԻՆՔՆԱՔՆՆՈՒԹԵՆԷ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄ   «Սփիւռքի Տարի»ի շրջագիծէն ներս, Երկուշաբթի, 23 Հոկտեմբեր 2023-ին, ընթացք առաւ լիբանանահայ թեմական ու համայնական կառոյցներուն կեանքը վերաշխուժացնելու ու վերակենսաւորելու նպատակով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եռօրեայ պաշտօնական հանդիպում-զրոյցներուն շարքը՝ «Ինքնաքննութենէ Վերակազմակերպում» խորագրեալ։   Արդարեւ, յաջորդական երեք օրերու ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը Ազգային Առաջնորդարանի յարկին տակ պիտի հանդիպի Ազգային Իշխանութեան, Լիբանանի…