Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ ՅՂԵՑ ՍՈՒՐԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ՝ ՀՈՄՍԻ ՄԷՋ ԻՆԿԱԾ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

 
Ուրբաթ, 6 Հոկտեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ցաւակցագիր մը յղեց Սուրիոյ նախագահ տոքթ. Պաշշար Ալ-Ասատին՝ դատապարտելով Հոմսի սպայից վարժարանին վրայ գործուած ահաբեկչական յարձակումը եւ յայտնելով իր խորազգաց ցաւակցութիւնները Սուրիոյ պետութեան ու ժողովուրդին։
 
Հայրապետը նամակին մէջ իր զօրակցութիւնը ու կարեկցանքը յայտնեց զոհերու ընտանիքներուն եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած սուրիական հայրենիքին անսասանութեան ու հզօրութեան համար եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց բոլոր վիրաւորներուն։