16 October, 2023

«ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Ուրբաթ, 13 Հոկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան ժամը 07։30-ին, Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբի նորանշանակ վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ երգչախումբի խմբավար Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի, այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ ստացաւ անոր հայրական ու Հայրապետական օրհնութիւնը։

 

Հայր սուրբը իր որդիական երախտագիտական ու շնորհակալական խօսքը ուղղելէ ետք, հրաւիրեց վարչականները հակիրճ կերպով զեկուցելու յառաջիկայի ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն մասին։ Վարչական անդամները յայտնեցին, որ «Շնորհալի» երգչախումբը յառաջիկայ տարուան համար կը պատրաստուի ներկայացնելու երկու համերգներ՝ Սայաթ-Նովայի նուիրուած եւ Կաթողիկոսարանի մանկապատանեկան «Նարեկացի» երգչախումբին հետ Ս. Ծննդեան համերգ։ Վարչութիւնը նաեւ յայտնեց, որ երգչախումբին համար յառաջիկայ ամիսներուն պիտի կազմակերպուին յատուկ սեմինարներ, անդամները պիտի ծանօթանան օտար եւ այլ երգչախումբերու եւ երգչախումբը պիտի ունենայ իր ընկերային հաւաքները։ Ի վերջոյ, նորանշանակ վարչութիւնը իր հաստատակամութիւնը յայտնեց, «Շնորհալի»ին ճամբով ծառայելու հայ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին, որպէսզի իր համեստ լուման ձգէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռին ծառայական առաքելութեան բարգաւաճման ու հզօրացման։

 

Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց հայր սուրբին գլխաւորութեամբ մշակուած ծրագիրները։ Ան ողջունեց նորակազմ վարչութիւնը եւ անդրադարձաւ հայ մշակոյթին դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներուն ու դժուարութիւններուն։ Հայրապետը ըսաւ, որ Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը նախաձեռնողի կեցուածք պէտք է ցուցաբերէ իր եկեղեցական ու ազգային աւանդութիւններուն ու արժէքներուն պահպանման գծով՝ նոր հորիզոններ բանալու հայ եկեղեցւոյ ու հայ ազգի կեանքին մէջ։ Այս առիթով ան դրուատիքով անդրադարձաւ երգչախումբի անդամներուն մասին եւ ըսաւ, որ անոնք մէկական կամաւոր զինուորներ են, որոնք կը պաշտպանեն ու կը տարածեն հայ երաժշտութիւնը Կաթողիկոսարանին ճամբով։ Վերջապէս, ան բարձր գնահատեց երգչախումբի անդամներուն կապուածութինը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դարաւոր Ս. Աթոռին եւ յիշեցուց, որ Ներսէս Շնորհալի հայրապետին անունով կնքուած այս երգչախումբը իր լուման ձգած է ու պիտի շարունակէ ձգել հայ ժողովուրդին հոգեւոր թէ՛ ազգային երգարուեստի գանձանակին մէջ։

 

Յայտնենք, որ նորանշանակ վարչութիւնը բաղկացած է հետեւեալ անդամներէ.- դոկտ. Քրիստին Արզումանեան, Տիանա Մարատեան, Նանոր Պոյաճեան, Ցոլին Աբրահամեան եւ Մարիա Քէշիշեան: Նշենք, որ բոլոր վարչականները ունին համալսարանական ուսում եւ մասնագիտացած են զանազան ճիւղերու մէջ։