23 October, 2023

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա․ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՀԱՐՑԻՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ՆԻՍՏԵՐ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ, յաջորդական երկու հեռավար նիստեր տեղի ունեցան՝ արցախեան նոր իրավիճակին լոյսին տակ իրադարձութիւններուն ընդհանուր գնահատականը կատարելու եւ յառաջիկայ աշխատանքներուն ուղենիշերը ճշդելու նպատակով։

 

Նիստերուն կը մասնակցին Հայաստանէն, Արցախէն, Միացեալ Նահանգներէն, Եւրոպայէն, Հարաւային Ամերիկայէն եւ Միջին Արեւելքէն պատմաբաններ, միջազգային իրաւունքի մասնագէտներ եւ քաղաքագէտներ.- Աշոտ Մելքոնեան, Ռուբէն Սաֆրաստեան, Արմէն Մարուքեան, Վահրամ Բալայեան, Վիգէն Չթըրեան, Սիմոն Փայասլեան, Վահրամ Շամմասեան, Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, Նորա Պայրագտարեան, Շահան Գանտահարեան եւ խորհրդակցական նիստերու քարտուղար Ահարոն Շխրտըմեան։

 

Առաջին նիստը կայացաւ Հինգշաբթի, 12 Հոկտեմբեր 2023-ին, Պէյրութի ժամով 19:00-ին. իսկ երկրորդը՝ Ուրբաթ, 20 Հոկտեմբերին, ժամը 20:00-ին։

 

Առաջին նիստը յատկացուած էր արցախեան իրադարձութիւններու պատճառահետեւանքային կացութիւններուն։ Քննարկումներուն ներառուած են.-

 

ա) Տարածաշրջանային իրադարձութիւններ եւ աշխարհաքաղաքականութիւն

 

բ) Բռնատեղահանուածներու իրավիճակ եւ տարբեր պետութիւններու մօտեցումներ եւ մարդասիրական օժանդակութիւններ

 

գ) Ռազմագերիներու ու պետական անձնաւորութիւններու ազատ արձակման պահանջներու իրաւական հիմունքներ

 

դ) Արցախի ժողովուրդին վերադարձի իրաւունք՝ պայմանաւորուած անվտանգութեան երաշխիքներով եւ իրաւունքներու պաշտպանութեամբ

 

ե) Կրօնական-մշակութային ժառանգութեան իրավիճակ․ պատմութեան նենգափոխում

 

Երկրորդ նիստը կեդրոնացաւ իրավիճակի յաղթահարման որդեգրելի իրաւական հնարաւոր ուղիներուն վրայ։

 

Երրորդ նիստին օրակարգի առանցքը պիտի ըլլայ, աշխարհաքաղաքական նորագոյն իրադարձութիւններու լոյսին տակ, հայկական կողմի յետագայ աշխատանքային ուղիներու քննարկումը։

 

Ակադեմական-մասնագիտական բնոյթի քննարկումի իւրաքանչիւր նիստի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը կ՚ամփոփէ առաջարկուած գործողութիւններու կէտերը, որոնք պիտի համալրուին հեռավար խորհրդակցութիւններու յառաջիկայ նիստերով եւ պիտի հրապարակուին, յատկապէս իբրեւ աշխատանքային ուղի առաջարկող վերլուծականներով։

 

Նշենք, որ համահայկական օրակարգի տարողութիւն ունեցող այս հրատապ թեմաներու քննարկումներուն համար, Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ այս ձեւով կը գործէ մասնագիտական հարթակ մը, որուն ներառուած են Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն փորձագիտական մարդուժի ներկայացուցիչները։

 

Երրորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի, 30 Հոկտեմբեր 2023-ին։