Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԹԱՂԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆՑ, ԴՊՐԱՑ ԴԱՍԵՐՈՒ, ՏԻԿՆԱՆՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱՂՔԱՏԱԽՆԱՄ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

ԻՆՔՆԱՔՆՆՈՒԹԵՆԷ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄ   «Սփիւռքի Տարի»ի շրջագիծէն ներս, Երեքշաբթի, 24 Հոկտեմբեր 2023-ին, երեկոյեան ժամը 07։30-ին, Ազգային Առաջնորդարանի Երջօ Սամուէլեան «Եռագոյն» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ լիբանանահայ թեմական ու համայնական կառոյցներուն կեանքը վերաշխուժացնելու ու վերակենսաւորելու նպատակով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եռօրեայ պաշտօնական հանդիպում-զրոյցներու շարքին երկրորդը, որուն կը մասնակցէին Լիբանանի Հայոց Թեմի հոգեւորականութիւնը, եկեղեցիներու թաղականութեանց,…