13 October, 2023

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ԱՐՑԱԽԻ ԳՐԱՒՈՒՄԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՂ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ

Երեքշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան, Էշրեֆիէի «Կապրիէլ» պանդոկին մէջ, Արցախի պարզած վերջին իրավիճակը լուսարձակի տակ բերող եւ անոր հետեւանքները քննող խորհրդաժողով մը գումարուեցաւ, «Արցախի Անկումէն Քաղուած Դասեր» խորագրեալ, մասնակցութեամբ լիբանանեան պետական ու տարբեր կուսակցութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներու ու հոգեւոր հայրերու։

 

Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ուխտեալ Միաբանութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը: Առաջին հերթին, Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանը ողջոյնի խօսք առնելով՝ իր երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց ներկայ պատասխանատուներուն, իրենց ցուցաբերած զօրակցական կեցուածքին համար: Ապա, Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան, յանուն միաբանութեան, արաբերէնով արտասանեց խօսք մը: Հայր սուրբը իր խօսքին մէջ յայտնեց հայ ազգին խոր ընդվզումը Արցախի մէջ գործադրուած բռնի տեղահանումին եւ բանթուրանական ծաւալապաշտական քաղաքականութեան գծով: Խօսք առաւ նաեւ Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի։ Ան եւս շնորհակալութիւն յայտնեց խորհրդաժողովի գումարման այս նախաձեռնութեան համար` դիտել տալով, որ կարելի չէ անտարբեր մնալ Արցախի մէջ պատահած բռնի տեղահանութեան դէպքերուն:

 

Մասնակիցները սեղմ գիծերու մէջ արտայայտեցին իրենց ներկայացուցած կառոյցներուն կեցուածքները` յանգելով դատապարտումի եւ ընդվզումի արտայայտութեան:

 

Խորհրդաժողովի աւարտին հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը, ուր հիմնականին մէջ շեշտուեցան հետեւեալ կէտերը.-

 

1) Ներկաները ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեցին հայ ժողովուրդի արդար Դատի պահանջներուն, դատապարտելով Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի վրայ կատարուած յարձակումն ու արցախահայութեան բռնի տեղահանումը իրենց հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող բնօրրանէն:

 

2) Կոչ ուղղեցին Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (Մ.Ա.Կ.) Ապահովութեան խորհուրդին` Արցախի կացութեան քննարկման յատուկ հրատապ նիստի գումարման, պահանջելով արցախահայութեան ապահով տունդարձը:

 

3) Արցախի հարցի պաշտպանութեան գծով իրաւական եւ լոպիինկի միջազգային մարմնի կազմութիւն` միաժամանակ դիմելով Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանին ու Մարդկային Իրաւանց Միջազգային Խորհուրդին:

 

4) Լիբանանեան կառավարութեան կողմէ Արցախի գծով դատապարտումի յստակ կեցուածքի հրապարակում:

 

5) Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ Արցախի դէպքերուն գծով դատապարտումի հաղորդագրութեան հրապարակում, միաժամանակ Ազրպէյճանի դեսպանէն հաշուետուութեան պահանջ եւ դատապարտումի յուշագիրի յանձնում:

 

6) Լիբանանեան խորհրդարանի արտաքին հարցերու, ինչպէս նաեւ մարդկային իրաւանց յանձնախումբերէն Արցախի գծով յստակ կեցուածքի դրսեւորում:

 

7) Այս մասին յատուկ յուշագիրներ յղել Արցախի ողբերգութեան ականատես ու առնչակից միջազգային թէ շրջանային գերպետութեանց դեսպաններուն: