25 October, 2023

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԹԱՂԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆՑ, ԴՊՐԱՑ ԴԱՍԵՐՈՒ, ՏԻԿՆԱՆՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱՂՔԱՏԱԽՆԱՄ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

ԻՆՔՆԱՔՆՆՈՒԹԵՆԷ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄ

 

«Սփիւռքի Տարի»ի շրջագիծէն ներս, Երեքշաբթի, 24 Հոկտեմբեր 2023-ին, երեկոյեան ժամը 07։30-ին, Ազգային Առաջնորդարանի Երջօ Սամուէլեան «Եռագոյն» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ լիբանանահայ թեմական ու համայնական կառոյցներուն կեանքը վերաշխուժացնելու ու վերակենսաւորելու նպատակով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եռօրեայ պաշտօնական հանդիպում-զրոյցներու շարքին երկրորդը, որուն կը մասնակցէին Լիբանանի Հայոց Թեմի հոգեւորականութիւնը, եկեղեցիներու թաղականութեանց, կիրակնօրեայ վարժարաններու, դպրաց դասերու, տիկնանց յանձնախումբերու եւ աղքատախնամ մարմիններու ներկայացուցիչները, «Ինքնաքննութենէ Վերակազմակերպում» խորագրեալ։

 

Ողջունելէ ետք Վեհափառ Հօր ներկայութիւնը Ազգային Առաջնորդարանի յարկին ներքեւ, առաջնորդ սրբազան հայրը՝ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանը դիտել տուաւ, որ անցնող երկու տարիներուն, Վեհափառ Հայրապետը հայութեան ուշադրութիւնը ուղղեց դէպի Սփիւռք՝ թելադրելով մեր ժողովուրդը, որ նոր ճիգով նոր զարթօնք յառաջացնէ օր ըստ օրէ հինցող ու մաշող սփիւռքահայ մեր իրականութեան մէջ։ Սրբազան հայրը հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ սոյն աշխատանքին ահազանգը կը բարձրանայ հայ եկեղեցիէն՝ Հայոց Հայրապետին կոչով։ Ան ըսաւ, թէ դարեր շարունակ, հայ եկեղեցին, իր ունեցած հոգեւոր առաքելութեան կողքին, նաեւ եղած է մեր ազգային արժէքներուն պահապանը ու հայութեան կեանքին ամէնէն ապահով երաշխաւորը ու մեր ազգային ինքնութեան կարեւորագոյն յենարանը։

 

«Բնական է, որ Սփիւռքը վերակազմակերպելու ու նոր զարթօնքի տանելու ահազանգը բարձրանայ հայ եկեղեցիէն, որովհետեւ Սփիւռքի տագնապը, առաւելաբար հայ եկեղեցւոյ տագնապն է, որովհետեւ հայ եկեղեցին, իր բարձրագոյն հեղինակութեան ճամբով, կը հաստատէ, թէ Սփիւռքէն ներս մեր կեանքը վերակենսաւորելու հարց մը գոյութիւն ունի» շեշտեց սրբազան հայրը եւ աւելցուց, որ իբրեւ հոգեւորական ու աշխարհական սպասաւորներ, մենք պէտք է գործի լծուինք, որպէսզի մեր համայնական կեանքէն ներս իսկապէս նոր դարձակէտ մը ստեղծուի։

 

Շարունակելով իր խօսքը առաջնորդը հաստատեց, թէ հայ եկեղեցին ո՛չ իր առաքելութենէն շեղած է եւ ո՛չ ալ իրեն վերաբերող աշխատանքին դաշտը լքած, սակայն եկեղեցին ու մեր հոգեւոր կեանքը աւելի կենսունակ դարձնելու հրամայական կարիքի մը դիմաց կը գտուինք այսօր բոլորս, որուն համար եկեղեցին ինքզինք զօրաշարժի ենթարկելով, իր զաւակները իր ծոցին մէջ հաւաքելու, զանոնք քրիստոնէական աշխարհահայեացքով դաստիարակելու եւ մեր աշխատանքներուն առնչելու ճիգ մը պէտք է կատարէ եւ այդպիսով, նաեւ մեր վաղուան կեանքին համար նոր վաստակ պատրաստէ։

 

«Մեր եկեղեցին ինչպէ՞ս կը շարունակէ իր առաքելութիւնը եւ մեր ժողովուրդը ի՞նչ ոգիով ու ի՞նչ տեսակի նուիրումով մասնակից է իր եկեղեցւոյ առաքելութեան գործին» հարց տուաւ սրբազանը եւ յայտնեց, որ իբրեւ աշխահական կամ հոգեւորական սպասաւորներ, եթէ մեր յանձնառութեամբ ու աշխատանքով կարենանք մեր եկեղեցւոյ աւանդը նորոգել եւ պատրաստել հոգեւոր նոր դաստիարակներ ու տիպար հոգեւորականներ ու անոնց միջոցաւ նոր սերունդին հետ հաղորդակցիլ, անպայմանօրէն կրնանք Սփիւռքի տարածքին նոր շարժում ստեղծել ու մեր եկեղեցին դարձնել տարեց, միջին, երիտասարդ ու կրտսեր սերունդներուն ընդունարանը։

 

Այնուհետեւ, պաշտօնական խօսք արտասանեց Կրօնական Ժողովի ատենապետ Արժ. Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Սարգիսեանը, որ ողջունելէ ետք Վեհափառ Հօր ներկայութիւնը թեմէն ներս՝ ըսաւ, որ սոյն օրհնաբեր այցելութիւնը առիթ է Լիբանանի Թեմին հետ վերանորոգելու հոգեկան այն կապը, որ զարգացած էր իբրեւ Լիբանանի հայոց առաջնորդ, այս թեմէն ներս իր ունեցած երկար տարիներու ծառայութեան ընթացքին եւ աւելիով ծաւալած այնուհետեւ, երբ Վեհափառը, իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին Գահակալը, այնքա՜ն ջերմ սէր եւ գուրգուրանք ցոյց տուաւ մեր Թեմին, յատկապէս վերջին տարիներուն, երբ Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը ապրեցան դառնութեան, յուսալքումի տագնապալի ժամանակներ, որոնց միջոցին Հայրապետը ջանաց մեր գաղութի բոլոր հատուածներն ու կարողականութիւնը միաւորելով, բոլորը աշխատանքի մղել, որպէսզի այդպիսով մեր հաւաքականութիւնը կարենայ ինքզինք կազդուրել եւ իր աշխատանքովն ու նուիրումովը ապահովել լիբանանահայ բազմերես կեանքին որակը։

 

Իր խօսքին մէջ, տէր հայրը յիշեց, թէ 2003 թուականէն սկսեալ, Նորին Ս. Օծութիւնը մեր ազգի կեանքին հետ աղերս ունեցող կարեւոր դէպքեր, ամեակներ կամ երախտաւոր յիշատակներ ոգեկոչելով, Վեհափառ Հայրապետը տարբեր անուանումներով դրոշմեց իւրաքանչիւր տարին, որպէսզի մեր ժողովուրդի զաւակները նոր աշխատանքով, գալիք օրերու ճամբան պատրաստեն: Թեմի Կրօնական Ժողովի ատենապետը քահանայ հայրը մէջբերումներ կատարելով Սփիւռքի տարուան առիթով Հայոց Հայրապետին հրապարակած կոչէն, յիշեցուց ներկաները, թէ Վեհափառը, հայ եկեղեցւոյ իւրայատուկ դերակատարութիւնը բարձր արժեւորելով, առաջնահերթ համարած էր թեմերու վերակազմակերպման խնդիրը, որուն համար մասնաւորապէս անհրաժեշտ է ունենալ կոչումի տէր եւ պատրաստուած հոգեւորականներ, որոնք շրջաններու թաղականութեանց հետ միասին, կրնան լծուիլ ծուխերու աշխատանքները վերաշխուժացնելու հրամայականին:

 

Ան իր խօսքը եզրակացուց ըսելով. «Մեր ուշադրութիւնը մեր եկեղեցիներու գործունէութեան վրայ կեդրոնցանելը հրամայական անհարժեշտութիւն է բոլորիս համար: Բոլորս ալ կ՚ուզենք, որ աւելի աշխոյժ ու կենդանի ըլլան մեր եկեղեցիները, աւելի նուիրեալ ու պատրաստակամ ըլլան մեր հոգեւորականները, աւելի ազդու ըլլայ մեր ծառայութիւնը եւ մեր աշխատանքով, առաւել եւս խորանայ մեր ժողովուրդին հաւատքը, մեր կեանքէն ներս պահպանուին մեր հոգեւոր ու բարեպաշտական բարքերը, մեր ազգային սովորութիւններն ու աւանդութիւնները, յարատեւէ մեր նախնիներուն երկիւղածութեան շուչը եւ այդպիսով նաեւ ապահովուի մեր նոր սերունդին կեանքը»։

 

Ապա, թաղականութեանց անունով խօսք արտասանեց Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ թաղականութեան անդամ Սմբատ սարկաւագ Ղազէլեանը։

 

Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ 2022 տարին Վեհափառ Հայրապետը կոչած էր «Սփիւռքի Տարի»։ Սակայն, նկատի ունենալով, որ Սփիւռքը, որուն ներկայացուցիչներն ենք բոլորս, շատ ընդարձակ թեմա է ու անոր պէտքերը բազմապիսի ու անոր առջեւ ծառացած խնդիրները՝ հսկայական, տարուան մը քննարկումները անբաւարար համարելով, «Սփիւռքի Տարի»ն տարածուեցաւ նաեւ ներկայ 2023 թուականին վրայ։ «Հայ Սփիւռքը հայկական նկարագրով պահելու գործը կը կարօտի լուրջ ակադեմական մանրակրկիտ ուսումնասիրութեան, որ իր մէջ պէտք է ներառէ հայ մարդուն հոգեբանութիւնը, հայեցի դաստիարակութեան բաղադրիչները, աւանդականը նորովի ներկայացնելու եւ նորը աւանդականին յարմարցնելու ձեւերու որոնումը, կրօնքին ձգած ազդեցութիւնը հայ մարդու հայրենասիրութեան եւ հողին կառչածութեան վրայ»։ Սմբատ սարկաւագը նաեւ հաստատեց, որ հաւաքական մեր կեանքին մէջ, իւրաքանչիւրս հաւասար չափով պատասխանատու ենք ազգապահպանման գործին մէջ՝ կրելով տարբեր պատասխանատուութիւններ ու տարբեր ծանրութիւններ մեր ուսերուն վրայ։ Ան նշեց, որ արցախեան հարցի անփառունակ վախճանին հետեւանքով, աւելի հրամայական եւ այժմէական դարձած են Սփիւռքին դիմագրաւած մարտահրաւէրները։ Սփիւռքը մաշող իրողութիւն է, եթէ մնայ անգլուխ եւ ձգուի իր բախտին, իսկ գիտակից եւ խոհեմ ղեկավարութեամբ, Սփիւռքը կրնայ հրաշքներ գործել։ Հայ իրականութեան մէջ եկեղեցին է, որ ստանձնած է Սփիւռքին կազմակերպումը եւ իր ենթակայ կառոյցներով եղած է այն ամուր հողը, ուր լիիրաւ հայ անձինք, ինքնաբուխ եւ անմնացորդ նուիրումով գետին պատրաստած են, որպէսզի եկեղեցւոյ շուքին տակ աճին ու հասակ առնեն հայեցի դաստիարակութեամբ սերունդներ։ Հետեւաբար, «այսօր խիստ կենսական է համախմբուիլ եկեղեցւոյ շուրջ եւ անոր յարակից կառոյցներով նոր ուժականութիւն հաղորդելու յուսալքումի մատնուած հանրութեան» եզրափակեց իր խօսքը։

 

Հուսկ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետը, Հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով ու ազգային վառ ապրումներով ողջունելէ ետք ներկաները, դիտել տուաւ, որ իրեն համար մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները սիրելի են՝ առանց նկատի ունենալու անոնց պաշտօնը կամ հանգամանքը։ Ան հաստատեց, որ հոգեւորականը ինչ պատասխանատուութիւն ալ ունենայ եւ ինչ աստիճանի վրայ ալ գտնուի, իր կեանքի ճամբան եւ նպատակը ծառայութիւնն է. ծառայութիւն՝ Աստուծոյ, եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին։ Հայրապետը ըսաւ, թէ ծառայութեան ձեւերը, կերպերը ու վայրերը կրնան փոխուիլ, սակայն կարեւորը եւ էականը ծառայութեան որա՛կն է, որ կը միտի ժողովուրդին կարիքները, ցաւերը, սպասումները, տագնապները փարատել եւ ամոքել եւ մեր եկեղեցին այս տիպի ծառայութեան լծուած է մեր հոգեւորականներուն ճամբով։

 

Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը իր ուրախութիւնը յայտնեց Լիբանանի թեմի եկեղեցիներու պատասխանատուներուն հետ հանդիպելու կարելիութեան համար, միաժամմանակ յիշելով, որ այս առիթը կը վերաբերի լիբանանահայ գաղութին վերակազմակերպումը եւ վերակենսաւորումը ընթացքի մէջ դնելու անհրաժեշտութեան։ Ան ըսաւ, որ Սփիւռքը բաղկացնող մեր բոլոր գաղութները հրամայական անհրաժեշտութիւնը ունին վերանորոգման, վերակենսաւորման, վերակազմակերպման, վերակառուցման, որովհետեւ մենք կ՚ապրինք այնպիսի աշխարհի մը մէջ, ուր ամէն բան արագ կերպով փոփոխութեան մէջ է եւ ասոր դիմաց մենք կոչուած ենք համապատասխան կերպով մեր կեանքը վերարժեւորման եւ վերաքննութեան ենթարկելու։ Չենք կրնար անտեսել մեր շրջապատէն ներս տեղի ունեցող փոփոխութիւնները, որովհետեւ մենք մաս կը կազմենք ընկերութեան։ Նորին Սրբութիւնը յորդորեց ներկաները այս հարցերուն մասին մտածելու, քննելու եւ մեր ծրագիրները գործընթացի վերածելու։ Ան յիշեցուց, որ թեմ հասկացողութիւնը մեր ծուխերն են, որոնց ներկայացուցիչներն են այս հաւաքին մասնակցողները։ Ան յիշեց, որ Ազգային Սահմանադրութեան բոլոր պայմանները լրացնող Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ մեր ծխային կազմակերպուածութիւնը միշտ նախանձելի եղած է։ Յատկապէս Ցեղասպանութենէն ետք, երբ անապատէն ճողոպրած մեր ժողովուրդի զաւակները հասած են Լիբանան կամ Սուրիա, իրենց առաջին գործը եղած է եկեղեցի կառուցել։ «Մեր եկեղեցին, մեր կեանքէն ներս գործող պարզ կազմակերպութիւն մը կամ քոյր կազմակերպութիւն մը չէ, այլ իր թեմական կառոյցով, գաղութին կորիզն է, անոր առանցքն ու հիմքը կը կազմէ»։ Անդրադառնալով անցեալին գոյութիւն ունեցած ծուխի հասկացողութեան եւ ներկայ պայմաններուն, Վեհափառ Հայրապետը բացատրեց, որ ժողովրդային տեղաշարժի պատճառով, նախկին հայրենակցական եւ տեղական պայմաններու դրուածքով կազմակերպուած ծուխի հասկացողութիւնը այլեւս գոյութիւն չունի եւ, հետեւաբար, եկեղեցին եւ մեր կեանքին մէջ գործող բոլոր կազմակերպութիւնները պէտք է փորձեն իրականութեան դիմաց համապատասխան ռազմավարութիւն ճշդել, որովհետեւ կարելի չէ ներկային մէջ անցեալով ապրիլ։

 

«Այսօր մենք կոչուած ենք մեր ծուխերը կազմակերպելու, ներկայ իրականութեան ու պայմաններուն լոյսին տակ։ Եկեղեցին պէտք է պայծառ ըլլայ իր կեանքով, իր  վկայութեամբ, իր ծառայութեամբ եւ իր ժողովուրդով» ընդգծեց Վեհափառ Հայրապետը եւ շեշտեց, որ եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուած իւրաքանչիւր մարմին ունի իրեն յատուկ պատասխանատուութեան բաժին մը ժողովուրդը դէպի եկեղեցի առաջնորդելու։ Ան նշեց, որ իւրաքանչիւրս՝ հոգեւորական, թաղական խորհուրդ, կիրակնօրեայ վարժարան, դպրաց դաս, տիկնանց յանձնախումբ, իր պատասխանատուութեան սահմանները պէտք է ճանչնայ՝ զայն դիտելով մէկ ամբողջութեան ծիրէն ներս եւ ներդաշնակ գործակցութեան ըմբռնողութեամբ, որպէսզի գործակցութիւնը նպաստէ եկեղեցւոյ առաւել պայծառակերպման գործին։

 

Ծուխերը աշխուժացնելու եւ եկեղեցւոյ կեանքը պայծառացնելու ու կազմակերպելու նպատակով, կարգ մը գործանական թելադրանքներ կատարելէ ետք, Հայոց Հայրապետը քահանայ հայրերուն թելադրեց, իբրեւ հոգեւոր հովիւներ, յաճախակի այցելութիւններու ճամբով եւ այլապէս, մեր ժողովուրդին հետ իրենց ունեցած յարաբերութիւնը առաւել եւս սերտացնել, եկեղեցական արարողութիւններուն կանոնաւոր ընթացքը պահպանել, դպրաց դասերու վերակազմակերպման ճիգին հետեւիլ եւ  քարոզախօսութեանց նկատմամբ ըլլալ բծախնդիր, որպէսզի ժողովուրդը կամովին իր եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուելով՝ եկեղեցւոյ համայնական կեանքը աշխուժանայ ու առաւել եւս զարգանայ։

 

Հաւաքը փակուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին  «Պահապանիչ» աղօթքով։