ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ԱՐՑԱԽԻ ԳՐԱՒՈՒՄԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՂ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ

Երեքշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան, Էշրեֆիէի «Կապրիէլ» պանդոկին մէջ, Արցախի պարզած վերջին իրավիճակը լուսարձակի տակ բերող եւ անոր հետեւանքները քննող խորհրդաժողով մը գումարուեցաւ, «Արցախի Անկումէն Քաղուած Դասեր» խորագրեալ, մասնակցութեամբ լիբանանեան պետական ու տարբեր կուսակցութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներու ու հոգեւոր հայրերու։   Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան…