14 October, 2023

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՐԱ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԸ

Հինգշաբթի, 31 Օգոստոս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Մարսէյէն (Ֆրանսա) Պէյրութ թիավարած Արա Խաչատուրեանը։

 

27 Մայիսին, Խաչատուրեան մեկնարկած էր «Թիավարութիւն Յանուն Խաղաղութեան» խորագրեալ իր վերոյիշեալ առաքելութեան, նպատակ ունենալով իր մասնակցութիւնը բերել աղքատութեան ու պատերազմներու դէմ պայքարին։

 

Վեհափառ Հայրապետին հետ տեսակցութեան ընթացքին, Խաչատուրեանը խօսեցաւ իր առաքելութեան եւ հետապնդած նպատակներուն կարեւորութեան մասին։

 

Արա Խաչատուրեանը, որ 2018 թուականին Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ պարգեւատրուած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով, Հայոց Ցեղասպանութեան եւ այլ ցեղասպանութիւններու դատերը նախապէս ուշադրութեան առարկայ դարձուցած էր՝ աշխարհի ամէնաբարձր Էվերեսթ լեռը բարձրանալով (2016) ու անոր գագաթին հայերէն Աստուածաշունչն ու Հայաստանի դրօշը տեղադրելով, ինչպէս նաեւ Մարսէյէն Հայաստան վազելով (2018)։ Այս տարուան իր ուղեւորութիւնը նուիրած էր իր ծննդավայրին՝ Լիբանանին, որմէ հեռացած էր քաղաքացիական պատերազմին պատճառով։

 

Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց Արա Խաչատուրեանի կորովն ու հայու ինքնութեան կառչած մնալու հաւատարմութիւնը եւ իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց անոր յառաջիկայ ծրագիրներուն։