31 October, 2023

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա․ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱՅԱՑԱՒ ՄԱՍՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿԻ ԵՐՐՈՐԴ ՆԻՍՏԸ

Երկուշաբթի, 30 Հոկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնած մասնագիտական քննարկումներու երրորդ առցանց նիստը կայացաւ։

 

Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն պատմագէտներու, իրաւագէտներու եւ քաղաքագէտներու խումբը երրորդ նիստով քննարկեց Արցախի հարցի ուղղութեամբ աշխարհաքաղաքական շատ արագ ընթացող իրադարձութիւններու հաւանական հետեւանքները։ Առնչուած թեմաներ էին Արցախի նախագահին կատարած վերջին յայտարարութիւնները, Զանգեզուրի միջանցքի ծրագրին մասին յայտարարութիւններով ակնարկուող փոփոխութիւնները, Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրին վերաբերեալ համաձայնուած սկզբունքները, գաղափարախօսութեան ու քաղաքականութեան համատեղումն ու տարանջատումը եւ այս բոլորին առումով Սփիւռքի դերակատարութիւնը։

 

Վեհափառ Հայրապետը հաստատեց, որ այս բոլորին լոյսին տակ անհրաժեշտ է համահայկական օրակարգի մշակումը եւ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք այսօր չգործող եռամիասնութեան յենասիւներու միջեւ համակարգումի ստեղծման համար նոր ռազմավարութեան մշակումը։

 

Յառաջիկայ առցանց նիստը, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 5 Նոյեմբերի երեկոյեան, իբրեւ օրակարգի կէտեր նկատի պիտի ունենայ Վեհափառ Հայրապետին յիշեալ ընգծումները։

 

Նորին Ս. Օծութիւնը հաստատեց մասնագիտական այս հարթակին հանդիպումները հերթականօրէն գումարելու անհրաժեշտութիւնը՝ յայտնելով, որ յառաջիկայ ամիս կը նախատեսուի Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարել այս ձեւաչափով առկայ երկօրեայ նիստեր։

 

Յիշենք, որ մասնագիտական հարթակի մասնակիցներն են փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանը, փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեանը, դոկտ. Արմէն Մարուքեանը, փրոֆ. Վահրամ Բալայեանը, դոկտ. Վիգէն Չթըրեանը, Խաչիկ Տէր Ղուկասեանը, դոկտ. Սիմոն Փայասլեանը, դոկտ. Վահրամ Շամմասեանը, դոկտ. Նորա Պայրագտարեանը, Շահան Գանտահարեանը եւ քարտուղար Ահարոն Շխրտըմեանը։