Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԳՈՐԾՈՂ ԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ, ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ, ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՒ, ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ, ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

ԻՆՔՆԱՔՆՆՈՒԹԵՆԷ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄ     «Սփիւռքի Տարի»ի շրջագիծէն ներս, Չորեքշաբթի, 25 Հոկտեմբեր 2023-ին, երեկոյեան ժամը 07։30-ին, Ազգային Առաջնորդարանի Երջօ Սամուէլեան «Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ երրորդ հանդիպում-զրոյցը, որուն կը մասնակցէին Լիբանանի մէջ գործող կուսակցական ղեկավարութիւնը, միութիւններու, կառոյցներու, կազմակերպութիւններու, կրթական հաստատութիւններու եւ հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչները, «Ինքնաքննութենէ Վերակազմակերպում» խորագրեալ։…