ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՐՑԱԽԷՆ ԲՌՆԻ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ

Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Առաջին Մեծի Տանն Կիկիկիոյ Կաթողիկոսը, Արցախեան հայենիքի իննամսեայ պաշարումին յաջորդող աւելի քան 100,000 հաշուող Արցախի մեր ժողովուրդի զաւակներուն բռնի տեղահանումին հետեւանքով, կազմեց յատուկ յանձնախումբ մը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան օժանդակութիւնը մատակարարելու մեր տարագրուած հայրենակիցներուն։ Այս յանձնախումբի անդամներն են Գերաշնորհ Տէր Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանը (առաջնորդ Ամերիկայի Արեւելեան թեմին), Գերաշնորհ Տէր…