Երկուշաբթի, 30 Հոկտեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (Հ.Յ.Դ.) Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, ընկերակցութեամբ Բիւրոյի անդամ դոկտոր Մկրտիչ Մկրտիչեանի։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի ներքին կացութեան, Արցախի տագնապին հետեւանքներուն եւ Սփիւռքին առնչուած շարք մը խնդիրներ։