ԱՐՑԱԽԻ ԳԾՈՎ ԶՕՐԱԿՑԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Արցախի մեր ժողովուրդին դէմ Ազրպէյճանի կողմէ կատարուած անարգ յարձակումին եւ անոր հետեւանքներուն գծով Լիբանանի զանազան համայնքներու ու կուսակցութիւններու կողմէ զօրակցական այցելութիւններ ու արտայայտութիւններ կատարուեցան:

 

Այս ծիրէն ներս, անցնող քանի մը օրերու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Ազգային Ազատ Հոսանք կուսակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, ասորի համայնքի լիկայի նախագահը եւ զարգացման ու գործակցութեան քրիստոնեայ խորհուրդը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը:

 

Բոլոր այցելուները իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեցին հայ ժողովուրդին եւ Արցախի դէմ Ազրպէյճանի կատարած յարձակումը ու ձերբակալութիւնները նկատեցին միջազգային օրէնքի խախտում: Անոնք իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին օգտակար ըլլալու Հայաստան հաստատուած արցախահայութեան ընկերատնտեսական կարիքներուն: