Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա․ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱՅԱՑԱՒ ՄԱՍՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿԻ ԵՐՐՈՐԴ ՆԻՍՏԸ
Երկուշաբթի, 30 Հոկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնած մասնագիտական քննարկումներու երրորդ առցանց նիստը կայացաւ։ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն պատմագէտներու, իրաւագէտներու եւ քաղաքագէտներու խումբը երրորդ նիստով քննարկեց Արցախի հարցի ուղղութեամբ աշխարհաքաղաքական շատ արագ ընթացող իրադարձութիւններու հաւանական հետեւանքները։ Առնչուած թեմաներ էին Արցախի նախագահին կատարած վերջին յայտարարութիւնները, Զանգեզուրի միջանցքի ծրագրին մասին յայտարարութիւններով ակնարկուող փոփոխութիւնները,…