Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԳՈՐԾՈՂ ԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ, ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ, ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՒ, ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ, ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

ԻՆՔՆԱՔՆՆՈՒԹԵՆԷ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄ

 

 

«Սփիւռքի Տարի»ի շրջագիծէն ներս, Չորեքշաբթի, 25 Հոկտեմբեր 2023-ին, երեկոյեան ժամը 07։30-ին, Ազգային Առաջնորդարանի Երջօ Սամուէլեան «Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ երրորդ հանդիպում-զրոյցը, որուն կը մասնակցէին Լիբանանի մէջ գործող կուսակցական ղեկավարութիւնը, միութիւններու, կառոյցներու, կազմակերպութիւններու, կրթական հաստատութիւններու եւ հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչները, «Ինքնաքննութենէ Վերակազմակերպում» խորագրեալ։

 

Բարի գալստեան բացման իր խօսքով, առաջնորդ սրբազան հայրը՝ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանը դիտել տուաւ, որ այսօր Ազգային Առաջնորդարանի յարկին տակ հաւաքուած են մեր այն կառոյցներուն ու մարմիններուն ներկայացուցիչներն ու պատասխանատուները, որոնք բառին ամբողջական իմաստով, մեզի հետ կը կիսեն լիբանանեան կեանքի տեսակաւոր տագնապները եւ իրենց աշխատանքով, մեր համայնական կեանքին որակն ու աշխուժութիւնը կ՚ապահովեն ու քաղաքական դերակատարութեամբ նաեւ լիբանանեան ընկերութեան մօտ մեր ժողովուրդին շահերն ու համայնքային իրաւունքները կը պաշտպանեն։ Առաջնորդ սրբազանը վստահեցուց, որ ծառայութեան դաշտին մէջ մեզի եղող այս կառոյցներն ու միաւորները, լիովին կը բաժնեն Սփիւռքի նկատմամբ Վեհափառ Հօր ունեցած մտահոգութիւնները եւ կը ցանկան նաեւ իրենց հնարաւորութիւններն ու պարտականութիւնները վերատեսութեան ենթարկելով, նոր տեսիլք գտնել, որպէսզի մեզի վիճակուած տագնապալի կեանքի ներկայ պայմաններուն մէջ, աւելի կենսունակ աշխատանքով, նոր պայծառութիւն բերեն իրենց գործին ու մեր համայնական կեանքին։

 

Այնուհետեւ, առաջնորդ սրբազան հօր հրաւէրով, պաշտօնական խօսք արտասանեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (Հ.Յ.Դ.) Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Հայկական Երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունին։ Ան, առաջին հերթին, ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին լիբանանահայութեան հետ ու անոր կողքին ըլլալը` շեշտելով, որ 1978 թուականէն մինչեւ օրս, իբրեւ այս թեմին առաջնորդը ու ապա Կիլիկեան Ս. Աթոռի գահակալը, ան եղած է Լիբանանի մէջ իբրեւ միտք ու բաբախող սիրտ` մնայուն կերպով հետաքրքրուելով գաղութի հարցերով ու տագնապներով։

 

«Միշտ մնացիք մեզի հետ` Լիբանանը նկատելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կարեւորագոյն սիւներէն մէկը, որուն ոյժն ու կարողականութիւնը դրուած են ի սպաս Անթիլիասի ուժեղացման եւ բարգաւաճման, ի խնդիր համայն հայութեան ծառայութեան։ Մեզի հետ եղաք խաղաղ օրերուն, բայց խաղաղ օրերու զօրակցութիւնը ընդհանրապէս դիւրին կը նկատուի. դժուարը միւսն է` տագնապալի օրերունը։

 

«Անցնող տարիներուն անվիճելի էր ձեր ներկայութիւնը մեզի հետ ամէնուրեք. պայթում, համաճարակ, տնտեսական-ելեւմտական տագնապ, քաղաքական անկայունութիւն, ընկերային տագնապ։ Դուք ներկայ եղաք ո՛չ միայն քարոզելով կամ պատգամելով, այլ իրական ու գլխագիր գործով, իբրեւ մղիչ ոյժ, կազմակերպող, պահանջող, պատերազմի դաշտ նետուող մարտիկի նման, հասնելով ամէն ճակատ եւ գործնապէս մասնակցելով գոյատեւման պայքարին», ընդգծեց Բագրատունի` միաժամանակ շեշտելով, որ Լիբանանի հայութիւնը միայն երախտապարտ կրնայ ըլլալ Վեհափառ Հօր։

 

Յ. Բագրատունի լուսարձակի տակ առաւ այն, որ այս երախտապարտութիւնը, սակայն, յօդս կը ցնդի, եթէ պատասխանատուութեան դիրքի վրայ եղողները պարզ գոհունակութիւն ապրին ու չլծուին գաղութի վերակենդանացման ու վերականգնման աշխատանքին։ Այս ծիրին մէջ ան նկատել տուաւ, որ համահայկական առումով դէմ-յանդիման ենք հիասթափութեան, բայց եւ այնպէս համասփիւռքեան առումով հրամայական կը մնայ ընդհանուր զօրաշարժը։ «Մենք Լիբանանի մէջ, իբրեւ ազգային քաղաքական եւ կազմակերպական ներուժ ու կարողականութիւն, պարտինք գտնուիլ այդ զօրաշարժի առաջին շարքին վրայ, նախ վերակազմակերպելով մենք զմեզ, ապա եւ միաժամանակ լծուելով համահայկական զօրաշարժի տեսլականի իրականացման», ըսաւ ան։

 

Այս բոլորին լոյսին տակ երեսփոխանը շեշտեց, որ այսօր նահանջ կ՚արձանագրուի ամէն օր եւ ամէն տեղ` կը նօսրանայ գաղութը, կ՚օտարանայ հայը՝ հեռանալով հայկական եկեղեցիէն ու դպրոցէն, կը նահանջէ արժէքային համակարգը, կը գաղթէ երիտասարդութիւնը, կը խորանայ անտարբերութիւնը, կ՚արժեզրկուի ամէն աւանդութիւն, կը զարգանայ եսը` քանդելով մենքը, իսկ այս բոլորը կը հասցնեն հայու ինքնութեան կորուստին եւ նոր հայու, այս  պարագային լիբանանահայ նոր ինքնութեան փնտռտուքին։

 

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի ներկայացուցիչը այս բոլորը յիշելով ու մանրամասնելով՝ հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս պէտք է վերակազմակերպուիլ, առաջքը առնել գաղթին, մարդուժի արտահոսքին, տիրական անտարբերութեան, ազգայինէն հեռանալու եւ համամարդկային էակ դառնալու մտածումին։ Ան շեշտեց, որ լիբանանահայութիւնը որոշած է պահել իր ինքնութիւնը, փրկել մնացածը եւ դարձեալ վերակենդանացնել իր երազն ու պայքարը։ Առ այդ, Յակոբ Բագրատունի շեշտեց, որ պէտք է ըլլալ իրապաշտ, տեսնել նորը եւ աւելի լաւը կառուցել, իսկ ատիկա ընելու համար ան անհրաժեշտ նկատեց հետեւեալները.-

 

ա) գիտնալ ու գնահատել մեր կարելիութիւնները եւ կարողականութիւնները` ընդունելով, որ չենք կրնար ժամանակ եւ նիւթական վատնել։ Քննական մտածողութեամբ եւ գիտական բծախնդրութեամբ անհրաժեշտ է ճշդել մեր կարելիութիւնները, թիւը, մարդուժը, նիւթական աղբիւրները։

 

բ) Ճշդել նպատակները, վերանայիլ անոնց եւ որոշել թիրախներու հասնելու աշխատելաոճը։ Ընդունելով հանդերձ ներկայի ցաւոտ իրականութիւնը, խիզախութիւնը ունենալ ժամանակաւոր կերպով յստակացնելու կարեւորագոյնը, հիմնականները, առանց որոնց կարելի չէ մեր գաղութը ոտքի պահել։

 

գ) Ճշդել առաջնահերթութիւնները, յստակացնել մեր կառոյցներուն աշխատանքային թիրախները, նուազեցնել կրկնութիւնները, կատարուող գործը դնել համապատասխան քարոզչական շրջագիծի մէջ՝ առանց ուռուցիկութեան եւ կեղծ հռետորաբանութեան։

 

դ) Իրականութեան վերածել երիտասարդութեան թէ կնոջական մասնակցութեան խնդիրը` անդին անցնելով կարգախօսերէ կամ պատահականութենէ։ Հոս կայ նաեւ այլ խնդիր. արդեօք գոյութիւն ունի՞ մասնակցութեան, դերակատարութիւն վերցնելու պատրաստակամութիւն, ժամանակէն եւ հաճոյքէն զիջելու պատրաստ մարդուժ։

 

ե) Վերակազմակերպման անհրաժեշտութիւնը կը պահանջէ նաեւ առաւելագոյն չափով բացուիլ տարբեր շրջանակներու, մտածողութեանց եւ գործելակերպի` միշտ պահելով ազգայինն ու հայկականը, ձգտելով հայկական իրականութեան զարգացման։

 

Իր խօսքը եզրափակելով՝ Յակոբ Բագրատունի ըսաւ. «Կը յուսանք, Վեհափառ Տէր, որ Ձեր հովուապետական այցելութիւնը նոր մղում կու տայ մեր գաղութի վերակազմակերպման։ Վստահ եմ, որ ներկաներէն իւրաքանչիւրը նոր մտածումով, վերանորոգուած հաւատքով, յաւելեալ վճռակամութեամբ, աշխատելու նոր պատրաստակամութեամբ պիտի մեկնի` միշտ յուսալով, որ Ձեր ներկայութիւնն ու հովանին անպակաս կ՚ըլլայ լիբանանահայութան կեանքէն»։

 

Ապա, Հայրապետական օրհնութեամբ ողջունելէ ետք ներկաները, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետը գոհունակութիւն յայտնեց, որ լիբանանահայութեան ղեկավարութիւնը կը գտնուի Ազգային Առաջնորդարանի յարկին տակ եւ այդպիսով կը հաստատէ, որ մեր գաղութէն ներս հետզհետէ առաւել եւս կ՚ամրանայ միասնական ոգին, առանց որուն որեւէ նախաձեռնութիւն կամ ծրագիր չի կրնար իր յաջող վախճանին հասնիլ։ Ան մաղթեց, որ միասնականութիւնը, մեր ազգի կեանքէն ներս դառնայ մնայուն ընթացք, որակ, ուղղութիւն եւ նպատակ։

 

Հայոց Հայրապետը նկատել տուաւ, որ անցնող երկու տարիներուն փորձած է լուսարձակի տակ բերել Սփիւռքի վերականգնումը, վերակազմակերպումը, վերաշխուժացումը, որ տեսական եւ ակադեմական մօտեցում չէր, այլ Սփիւռքը լաւապէս ճանչցած ըլլալով ու համոզուած ըլլալով, որ այլեւ Սփիւռքը չի կրնար շարունակել իր գոյութիւնը այնպէս ինչպէս որ կայ, որովհետեւ կ՚ապրինք արագընթաց եւ արմատական փոփոխութիւնններու ենթակայ աշխարհի մը մէջ։ «Համաշխարհայնացումը մշակոյթ է, մտածելակերպ է, կենցաղակերպ է, գործելակերպ է, որուն մաս կը կազմենք նաեւ մենք եւ այսօր այս բոլորին ազդեցութեան տակ կ՚ապրի Սփիւռքը», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը՝ աւելցնելով, որ այս իրողութեան դիմաց Սփիւռքը չի կրնար իր կեանքը շարունակել անցեալի մտայնութեամբ, անցեալի աւանդութիւններով։ Ան գոհունակութեամբ հաստատեց, որ թեմերուն տուած հովուապետական այցելութեանց ընթացքին, բոլորին մօտ նշմարած է գաղութներու վերաքննութեան, վերաշխուժացումի, վերակազմակերպումի կարիքն ու անյետաձգելի հրամայականը։

 

Շարունակելով իր խօսքը՝ Նորին Ս. Օծութիւնը դիտել տուաւ, որ գաղութներու միջեւ հասարակաց մտահոգութիւններ, յայտարարներ եւ մօտեցումներ կան, սակայն կան նաեւ հիմնական տարբերութիւններ։ Գաղութները ներքին տարբեր դրուածք, մտայնութիւն ու միջավայր ունին եւ, հետեւաբար, այս տարբելութիւնները կարեւորութեամբ պէտք է նկատի ունենալ եւ հարցերը դիտել իւրաքանչիւր գաղութի շրջագիծէն ներս։ Հայոց Հովուապետը ըսաւ, որ երբ Լիբանանի գաղութին վերակազմակերպման մասին կը խօսինք պէտք է նաեւ նայինք անցեալին, որովհետեւ գաղութը իր ներքին կազմաւորման հոլովոյթը ունեցած է։ Հայրապետը անդրադարձաւ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ ժողովուրդին, որ նախ հաստատուեցաւ Լիբանան ու Սուրիա, իր հետ բերելով հաւաքական ու հայրենական յիշողութիւն, որով կարելի է ըսել, թէ Կիլիկիան ու արեւմտեան Հայաստանը իրենց շարունակութիւնը ունեցան Լիբանանի մէջ մինչեւ 1965 թուական, որ դարձակէտ մը եղաւ լիբանանահայ գաղութին։ 1975-էն սկսեալ գաղութը ենթարկուեցաւ յաջորդական տագնապներու, որոնք կը շարունակուին մինչեւ այսօր, դիտել տուաւ Վեհափառը։ Ան հաստատեց, որ լիբանանահայ գաղութը այդ տագնապներուն դիմաց վերականգնումի կամքը, հաւատքը, յոյսը, ներուժը ունեցաւ եւ հաւաքական կամքով յաջողեցաւ ինքզինք վերականգնել։ Հետեւաբար, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, որ մենք պէտք է մտածենք, թէ ինչպէ՞ս կրնանք լիբանանահայ գաղութը վերականգնումէն առաջնորդել դէպի վերակազմակերպում եւ մեր կառոյցներու վերաշխուժացում ու վերակենսաւորում, համապատասխան ներկայ կեանքի պայմաններու պահանջքներուն եւ սպասումներուն։ Պէտք է իրապաշտ ըլլալ՝ գիտնալով, որ մենք լուրջ դժուարութիւններու դիմաց կը գտնուինք եւ ինչ որ պիտի ծրագրենք ու վերակազմակերպումի ճիգ իրականացնենք, պէտք է համապատասխանէ գաղութի ներկայ պայմաններուն եւ կարիքներուն։

 

Դիտել տալով, որ լիբանանահայութիւնը այսօր կարիքը ունինք նոր ռազմավարութեան, նոր մօտեցումներու, նոր առաջնահերթութեանց ճշդումի, նոր օրակարգերու ու նոր ղեկավարներու, Հայրապետը նշեց, թէ վերոնշեալ նապատակները իրականացնելու համար, պէտք է հիմնական երկու համոզումներով առաջնորդուիլ՝ ա) ընդունիլ, որ գաղութին ներկայ գոյավիճակը հրամայական կարիքը ունի վերաքննութեան եւ սա կ՚‏ենթադրէ լուրջ արժեւորում եւ բ) ընդունիլ մեր ունեցած սխալները եւ պատրաստ ըլլալ հիմնական փոփոխութեանց։

 

Այս հիմնական սկզբունքներէն մեկնելով, որպէս առաջնահերթութիւն, Վեհափառ Հայրապետը ներկայացուց վեց մարզեր, որոնց մէջ վերակազմակերպումը, վերաքննութիւնը ու վերարժեւորումը հրամայական են.-

 

1) Կրթական ոլորտ։ Հայոց Հայրապետը հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ մեր վարժարաններու աշակերտութեան թիւը չի համապատասխաներ մեր գաղութի թիւին եւ ինչո՞ւ հայ աշակերտներուն կարեւոր մէկ մասը օտար վարժարան կը յաճախէ։ Հարկ է կրթական պատասխանատուները քննեն այս օրակարգը եւ ճիշդ ձեւով ախտաճանաչում կատարեն։ Մեր մօտեցումը զգացական կամ տեսական պէտք չէ ըլլայ, այլ  կրթական մարմիններն ու պատասխանատուները պէտք է բազմազան «ինչո՞ւ»ներու ճշգրիտ պատասխանը գտնեն։

 

2) Քաղաքական բնագաւառ։ Հայոց Հովուապետը շեշտեց, որ Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը պէտք է վերականգնի եւ մէկ համախմբում ունենայ, որպէսզի մեր համայնքին նաեւ քաղաքական իրաւունքները պաշտպանուին։ Քաղաքական մարզը խիստ կարեւոր ու հրատապ օրակարգ համարելով, ան հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ քաղաքական կեանքէն ներս նահանջ պիտի արձանագրենք. ինչո՞ւ մեր համայնքը ներկայացնող երեսփոխանները եւ նախարարները արժանաւոր, որակաւոր ու փորձառու անհատներ պիտի չըլլան։

 

3) Հոգեւոր կեանք։ Հայրապետը ընդգծեց, որ պէտք է վերաշխուժացնել լիբանանահայ համայնքին հոգեւոր կեանքը։ Եկեղեցւոյ վերանորոգումը, վերակազմակերպումը հոգեւորականէն կը սկսի։ Պէտք չէ սպասել, որ ժողովուրդը եկեղեցի գայ, այլ եկեղեցին, հոգեւորականին ճամբով, պէտք է ժողովուրդին տանիլ Ուստի, հոգեւորականներու պատրաստութիւնը էական է Լիբանանի մէջ եւ նաեւ բոլոր գաղութներէն ներս։ Ան յիշեցուց, թէ հայութեան համար եկեղեցին միայն աղօթքի  վայր չէ եղած, այլեւ ազգային ծառայութիւն ու առաքելութիւն է։

 

4) Կազմակերպչական վիճակ։ Նորին Ս. Օծութիւնը ըսաւ, որ մեր կառոյցները այլեւս չեն կրնար աւանդական, հին մտայնութեամբ, հին օրակարգերով եւ կանոնագրութիւններով շարժիլ, որովհետեւ ընկերութեան պայմանները փոխուած են։ Ան շեշտեց, որ անպայմանօրէն պէտք է անցեալի փորձառութենէն օգտուիլ, սակայն միշտ գիտակցելով, թէ անցեալը չենք կրնար ապրիլ ներկային մէջ։ Գաղութի մը վերակազմակերպումը կը սկսի իր կառոյցներէն եւ հսկայ ընելիք կայ այս ուղղութեամբ, ըսաւ Վեհափառը։

 

5) Երիտասարդութիւն։ Ինչպէս իր պատգամներուն մէջ յաճախ կը շեշտէ ու յիշեցնէ, այս անգամ եւս Վեհափառ Հայրապետը նշեց, որ երիտասարդութիւնը մեր ապագան չէ միայն, այլեւ մեր ներկան իսկ է։ Ան իր խոր մտահոգութիւնը արտայայտելով՝ հարց տուաւ ներկաներուն, թէ ինչո՞ւ երիտասարդութեան կարեւոր մէկ մասը մեր ազգային ու եկեցական կեանքէն հեռու է։ Երիտասարդներուն հետ պէտք է երկխօսութիւն ստեղծել եւ զիրենք ներառել մեր կեանքի ու աշխատանքի բնագաւառներէն ներս, այլապէս, ներկայ աշխարհի ունեցած գրաւիչ երեւոյթներէն տարուելով, անոնք միանգամընդմիշտ կը հեռանան մեզմէ։

 

6) Մարդուժ։ Վեհափառ Հայրապետը նկատել տուաւ, որ մարդուժի պակաս կայ ամէն տեղ եւ մեր կեանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս եւ ասիկա համասփիւռքեան երեւոյթ է։ Այս առիթով, ան յայտնեց, թէ յառաջիկայ տարի, Հայրապետական հռչակագիրով, պիտի հռչակէ մարդուժի պատրաստութեան տարի։ Ասոր լոյսին տակ, ան դիտել տուաւ երկու հիմնական երեւոյթներ, որոնք կարեւորութեամբ նկատի պէտք է առնուին.-

 

ա) մեր կեանքէն հեռացած մարդուժ կայ. անձեր, որոնք մեր կեանքին լուսանցքին վրայ են, դիտողի դերին մէջ են միայն եւ մասնակից չեն մեր հաւաքական կեանքին։ Բնականօրէն, կան նաեւ այնպիսիք, որոնք մեր կեանքէն բոլորովին հեռացած են։

 

բ) Մեր կարիքները այնքան բազմազան ու այլազան են այսօր, որ մեր ունեցած մարդուժը այլեւս բաւարար չէ։

 

Ուստի, Արամ Ա. Կաթողիկոսը թելադրեց, որ լրջօրէն մտածուի մարդուժի պատրաստութեան անհրաժեշտութեան մասին եւ աւելցուց, որ մարդուժի պատրաստութեան հիմնական յենարաններն են ընտանիքը, դպրոցը, եկեղեցին, մեր կազմակերպութիւնները, հայագիտական դասընթացքներու հիմնարկները եւ մանկավարժական կեդրոններն են։

 

Վերակազմակերպումի աշխատանքին առաջին քայլը ինքնաքննութիւնն է, շեշտեց Հայրապետը։ Հետեւաբար, ինչպէ՞ս կարելի է զայն իրականացնել իրապաշտ մօտեցումով եւ ապա փորձել նաեւ դուրս գալ ինքնակղզիացումէ, ինքնակեդրոն ու ինքնաբաւ գոյավիճակէ եւ ձգտիլ մեր գաղութն ու կառոյցները մղել վերակազմակերպումի անյետաձգելի հրամայականին։ Ահա, այս ակնկալութեամբ պէտք է ախտաճանաչումը ճիշդ կատարենք, այնուհետեւ, առաջնահերթութիւնները յստակեցնել, աշխատանքային ընթացքը ծրագրաւորել եւ ապա գործընթացը ճշդել։

 

Եզրափակելով իր խօսքը, Վեհափառ Հայրապետը վստահեցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պատրաստ է ամէն գնով եւ բոլոր հնարաւորութիւններով սատար հանդիսանալու ու նեցուկ կանգնելու մեր գաղութներու վերակազմակերպան աշխատանքներուն։

 

Հաւաքը փակուեցաւ Հայոց Հայրապետին «Պահապանիչ» աղօթքով։