ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ Հ.Յ.Դ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ 100 ԱՄԵԱԿԻ ՄԵԿՆԱՐԿ

«ՄԵՆՔ ԱԶԳԻՆ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՎ ՀՊԱՐՏ ԵՒ ՈՒՐԱԽ ԵՆՔ: ԴՈՒՔ ՈՐՔԱՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ԴԱՌՆԱՔ ՄԵՐ ԱԶԳԻ ԿԵԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ, ՄԵՐ ԱԶԳԸ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԱՅՆՔԱՆ ԱՒԵԼԻ ԿԸ ՀԶՕՐԱՆԱՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Շաբաթ, 18 Փետրուար 2023-ին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (Հ.Յ.Դ.) Լիբանանի պատանեկան միութիւններու պատանիները, ընկերակցութեամբ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին, պատանեկան միութիւններու ընդհանուր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Երկուշաբթի, 20 Փետրուար 2023-ին, Անթիլիասի Մայրավանք այցելեցին Իսլամական Տեղեկատուական Կեդրոնի գլխաւոր քարտուղար Շէյխ Մոհամետ Սալիմ Ալ-Լապապիտի, ընկերակցութեամբ կեդրոնէն ներկայացուցիչի, եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին յանձնեց յուշատախտակ մը՝ պաղեստինեան դատին նկատմամբ իր կատարած զօրակցութեան իբրեւ շնորհակալութեան արտայայտութիւն: Հանդիպման ներկայ էր Կաթողիկոսարանի Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան:   Նորին Ս. Օծութիւնը,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՎԵՐՋԻՆ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ ՅԱՌԱՋԱՑՈՒՑԱԾ ՎՆԱՍՆԵՐՈՒՆ

Երկուշաբթի, 20 Փետրուար 2023-ին, դարձեալ 6,4 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը ցնցեց հրաաւային Կիլիկիոյ շրջանները, յատկապէս Անտիոքը ու Ալեքսանտրէթը, հասնելով մինչեւ Սուրիա՝ Քէսապ, Հալէպ, Լաթաքիա։ Երկրաշարժին յառաջացուցած ցնցումները Լիբանանի ծովեզերեայ շրջանի բնակիչներէն շատեր մղեցին գիշերը անցընելու իրենց ինքնաշարժներուն կամ աւելի ապահով վայրերու մէջ։   Յայտնենք, որ երկրաշարժը ամէնէն շատ վնաս հասցուցած է Քէսապի մէջ։ Սուրբ Աստուածածին…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԿԱԹՈՂԻԿէ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՍԻՆՈՏՈՍԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Երկուշաբթի, 13 Փետրուար 2023-ի առաւօտուն, Հարիսայի մէջ բացումը կատարուեցաւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ սինոտոսականութիւնը զարգացնելու նուիրուած համագումարին՝ «Սինոտոսական Եկեղեցւոյ Համար Գործակցութիւն, Մասնակցութիւն Եւ Առաքելութիւն» խորագրով: Համագումարին ներկայ էին Միջին Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքներ, եպիսկոպոսներ եւ Վատիկանէն ժամանած քարտինալներ։   Այս առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, յիշեալ համագումարին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցին Կաթողիկոսարանի Մայր Տաճարի…

ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՍՏԱՑԱՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, 19 Փետրուար 2023-ին, կը զուգադիպի Մեծ Պահոց քառասնօրեայ շրջանը կանխող Բուն Բարեկենդանը։ Աւանդութեան համաձայն, Մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները, գլխաւորութեամբ վարժարանի տնօրէնուհիին, կ՚այցելեն Վեհափառ Հայրապետին՝ ստանալու անոր հայրական օրհնութիւնը։   Արդարեւ, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն անմիջապէս ետք, Վեհարանի դահլիճին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանի…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍԸ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ՝ ՍՈՒՐԻՈՅ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

«ԻՄ ՁԱՅՆՍ ՄԻԱՑՆԵԼՈՎ ՍՈՒՐԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՁԱՅՆԻՆ, ԿՈՉ Կ’ՈՒՂՂԵՄ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՎԵՐՋ ՏԱԼՈՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԷՄ ՀԱՍՏԱՏՈՒԱԾ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԿԱՐԵԼԻ ՓՈՒԹՈՎ ՕԺԱՆԴԱԿԵԼՈՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ԿԱՐԻՔՆԵՐՈՒՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Ինծի համար միշտ յատուկ ուրախութիւն եղած է ըլլալ Սուրիոյ մէջ. այն երկրին, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք ընդունեց ջարդէն ճողոպրած մեր ժողովուրդի զաւակները եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՏՈՒԱՒ ՀԱԼԷՊԻ ՆԱՀԱՆԳԱՊԵՏԻՆ ԵՒ ԿՈՒՍԱԿՑԱՊԵՏԻՆ

Հինգշաբթի, 16 Փետրուար 2023-ի յետմիջօրէին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, հոգեւորականներէ եւ ազգայիններէ բաղկացած պատուիրակութեամբ, ցաւակցական այցելութիւն տուաւ Հալէպի նահանգապետին՝ Հուսէյն Տիապին, ինչպէս նաեւ կուսակցապետին՝ Ահմատ Մանսուրին։   Նորին Ս. Օծութիւնը զօրակցելով Սուրիոյ ժողովուրդին, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, ցաւակցութիւն յայտնեց նահանգապետին եւ կուսակցապետին, աղէտալի երկրաշարժին հետեւանքով զոհուած սուրիացիներուն համար եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց բոլոր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՀԱԼԷՊԻ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԷՆ ՎՆԱՍՈՒԱԾ ՇՐՋԱՆՆԵՐ

Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած աղէտալի երկրաշարժէն ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հալէպ կատարած իր հովուապետական զօրակցական այցելութեան շրջագիծին մէջ, Հինգշաբթի, 16 Փետրուար 2023-ի միջօրէին, իր շքախումբով այցելեց նախ երկրաշարժին հետեւանքով նիւթական վնասներ կրած Կիլիկեան Ճեմարան եւ մօտէն ծանօթացաւ տեղւոյն վնասներուն։   Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Ճիշդ է, որ այս ցաւալի, մտահոգիչ պայմաններուն…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՀԱԼԷՊԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հալէպահայութեան տուած իր միօրեայ այցելութեան ծիրին մէջ, Հինգշաբթի, 16 Փետրուար 2023-ին, Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց տօնին առիթով մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիպում եւ աջահամբոյր։   Վեհափառ Հայրապետը այս առիթով շնորհաւորեց Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանը՝ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ ընտրուելուն առիթով եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԶՕՐԱԿՑԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը՝ Իր Թեմերով, Կառոյցներով, Մարմիններով, Իր Բոլոր Կարելիութիւններով Սուրիահայութեան Հետ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած աղէտալի երկրաշարժէն ետք, Հինգշաբթի, 16 Փետրուար 2023-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ, հովուապետական զօրակցական այցելութեամբ, շքախումբով ժամանեց Հալէպ, գօտեպնդելու սուրիահայութիւնը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան զօրակցութիւնը յայտնելու անոր:   Ս.…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԳՆԱՀԱՏԵՑ ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆԻ ՄԷՋ ՏԱՐՈՒՈՂ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

Հինգշաբթի, 9 Փետրուար 2023-ին, Թռչնոց Բոյնի խնամակալութիւնը այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, գլխաւորութեամբ հաստատութեան տեսուչ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեանի։ Հայր սուրբը ու խնամակալութիւնը լայն զեկոյց տուին Վեհափառ Հայրապետին՝ հաստատութենէն ներս իրագործուող աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին։   Ողջունելով տեսուչն ու խնամակալութիւնը՝ Վեհափառ Կաթողիկոսը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց ի տես Թռչնոց Բոյնէն ներս կատարուող…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻԱՑԵԱԼ ԱԶԳԵՐՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Երեքշաբթի, 14 Փետրուար 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (Մ.Ա.Կ.) ներկայացուցիչ դոկտ. Եոաննա Վրոնեցքան։   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր արժեւորում մը կատարելու Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներուն, Լիբանանի գծով Փարիզի (Ֆրանսա) մէջ վերջերս կայացած հանդիպումին, որուն մասնակցած էին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան, Սէուտական Արաբիան, Եգիպտոսը եւ Քաթարը, Լիբանանի տնտեսական ներկայ կացութեան եւ նախագահական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

 Երկուշաբթի, 13 Փետրուար 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Վատիկանի մօտ Լիբանանի Հանրապետութեան դեսպան Ֆարիտ Էլ-Խազէնը։ Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը արագացնելու գործընթացին, մասնաւորաբար այս գծով վերջերս Անթիլիասին կողմէ առնուած նախաձեռնութեան լոյսին տակ։

ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿԸ ՄԵԾԱՇՈՒՔ ԿԵՐՊՈՎ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին, Երկուշաբթի, 13 Փետրուար 2023-ին, Կաթողիկոսանիստ Վանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, մեծ շուքով նշուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակը, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ անդաստանի հոգեպարար արարողութիւնը, մեր Տիրոջ՝ Քրիստոսի կեանքի օրինակով մանուկներու տաճար ընծայումը եւ Քրիստոսի Լոյսը խորհրդանշող աւանդական խարոյկի հրավառութիւն։   Տեառնընդառաջի նախատօնակի առիթով ներկայ թէ առցանց հետեւող հաւատացեալներուն ուղղած…

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ՝ ՎԱՍՆ ՀՈԳՒՈՑՆ ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱՑՆ ՍՐԲՈՅ ԱԹՈՌՈՅՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ

Հայ ժողովուրդի գոյատեւման համար ամբողջ կեանք մը նուիրած մեր կղերական հայրերուն յիշատակը անթառամ կը պահենք միշտ՝ վերյիշելով անոնց կատարած ծառայութիւններն ու սխրագործութիւնները՝ մանաւանդ արտակարգ ու աղէտալի պայմաններու տակ։ Սուրբ Սահակ Պարթեւ հայրապետին յիշատակութեան Կիրակիին, Փետրուար ամսու երկրորդ շաբաթը, երջանկայիշատակ հայրապետներու եւ լուահոգի միաբան հայրերու հոգիներուն համար հոգեհանգիստ կը կատարուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նստավայրի Ս.…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՍՈՒՐԻՈՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԶՕՐԱԿՑՈՂ ՀԱՒԱՔԻՆ

Ուրբաթ, 10 Փետրուար 2023-ին, Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ ժողովուրդին զօրակցող եւ արգելափակումները դատապարտող հաւաք մը, կազմակերպութեամբ Լիբանանի ազգային տեղեկատուական կառոյցին եւ իսլամ կրօնական հաստատութիւններուն: Հաւաքին ներկայ էին Լիբանանի կրօնական եւ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներ, քաղաքական գործիչներ, ընկերային ծառայողներ եւ իսլամ կրօնական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ:   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, հաւաքին ներկայ գտնուեցան Հոգշ. Տ.…

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԵՒ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՊՔԷՐՔԷԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՆ

Ուրբաթ, 10 Փետրուար 2023-ի երեկոյեան, մարոնիթ եկեղեցւոյ կեդրոնատեղի Պքէրքէի մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը պանդիպում ունեցաւ Ռայի Պատրիարքին հետ։ Հանդիպման ներկայ էին Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ պատրիարքական փոխանորդ Փօլ Սայյահ արքեպիսկոպոսը։   Այցելութեան հիմնական նպատակն էր, 27 Յունուարին 2023-ին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ կայացած երկու հոգեւոր պետերու հանդիպումէն բխած, քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու…

ԵՐԿՐԱՇԱՐԺ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԷՆ ՆԵՐՍ — 3

— Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը խոր ցաւով իմացաւ հայկական Եագուպիէ գիւղի հսկայ աւերներուն մասին, որոնց շարքին նաեւ, ցաւ ի սիրտ, Ս. Աննա եկեղեցին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք քանդումներէն պատկերներ։   — Վեհափառ Հայրապետը երէկ եւ այսօր կապ հաստատեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանի եւ համայնքային պատասխանատուներու հետ եւ մօտէն հետեւեցաւ երկրաշարժին…

ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐԱՅԻԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

Երեքշաբթի, 6 Փետրուար 2023-ին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ եւ պարզեց Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի (Լաջին) միջանցքի փակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական եւ ընկերատնտեսական ճգնաժամը եւ Արցախի իշխանութիւններուն կողմէ իրավիճակի յաղթահարման համար կատարուող աշխատանքները։ Նախագահը  նաեւ մեծ ցաւով ու ափսոսանքով անդրադարձաւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին…

ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԽԻՒԻՆ ՄԻՋԵՒ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ եւ քաջալերութեամբ, անցնող տարիներուն, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Հայաստանի Ազգային Արխիւին միջեւ համագործակցութեան յաջող փորձ կատարուած է: Այս գործակցութիւնը աւելի խորացնելու եւ արդիւնաւորելու հեռանկարով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» Մատենադարանին մէջ, Երկուշաբթի 6 Փետրուար 2023-ին, տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային Արխիւի եւ հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Արխիւին միջեւ «Փոխըմբռնման եւ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ

Կաթոլիկ եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ քոյր եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութեան յանձնախումբը իր 19-րդ նիստը գումարեց 30 Յունուարէն 5 Փետրուար 2023-ին, Գահիրէի (Եգիպտոս) մէջ։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ սոյն յանձնախումբին հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանը։   Յանձնախումբին հիմնական քննարկումը կեդրոնացաւ մարեմաբանութեան վրայ՝ Ս. Կոյս…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀ ՊԱՇՇԱՐ ԱԼ-ԱՍԱՏԻՆ

Երեքշաբթի, 7 Փետրուար 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ալ-Ասատին յղած ցաւակցագիրով, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, իր խորազգաց վշտակցութիւնը կը յայտնէ Սուրիան հարուածած ծանր երկրաշարժին հետեւանքով ինկած զոհերուն, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն՝ վերապրողներուն։   Վեհափառ Հայրապետը նամակին մէջ կը գրէ, որ կսկիծով կը հետեւի աղէտին պատճառած ահաւոր աւերին եւ պատրաստակամութիւն կը…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻՆ ՅԱՌԱՋԱՑՈՒՑԱԾ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՈՒ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՎՆԱՍՆԵՐՈՒՆ

Երկուշաբթի, 6 Փետրուար 2023-ին, ամբողջ օրը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Սուրիոյ հայ համայնքի հոգեւոր ու աշխարհական պատասխանատուներուն հետ մնայուն կապի մէջ եղաւ՝ մօտէն հետեւելով երկրաշարժին յառաջացուցած վնասներուն ու աւերներուն։   — Ստացուած տեղեկութիւններուն համաձայն, ցարդ ունինք չորս զոհեր. յատկապէս Հալէպի մէջ բաւական նիւթական վնասներ արձանագրուած են։ Լաթաքիոյ եւ Քէսապի վնասները յարաբերաբար աւելի նուազ են։…

ԵՐԿՐԱՇԱՐԺ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԷՆ ՆԵՐՍ

Միջին Արեւելքի մեր ժողովուրդի զաւակները, 6 Փետրուար 2023-ի վաղ առաւօտեան, զգացին Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ արձանագրուած ահաւոր երկրաշարժին (7.8 աստիճան) ցնցումները, որոնց ալիքները տարածուեցան շրջանի զանազան երկիրներուն վրայ, յատկապէս՝ Սուրիոյ, Լիբանանի, Կիպրոսի եւ այլ շրջաններու։   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը անմիջապէս կապ հաստատեց յիշեալ շրջաններու հոգեւոր թէ համայնքային պատասխանատուներուն հետ՝ մօտէն իրազեկ…

ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, իր գահակալով՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետով, իր ուխտեալ Միաբանութեամբ եւ բոլոր թեմերով, խորապէս կը ցաւի ի տես երկրաշարժին ստեղծած մարդկային կորուստներուն ու նիւթական մեծ աւերին եւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն։

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ԼՈՒՍԱՀՈԳԻ Տ. ԵՓՐԵՄ ԱՐՔ. ԹԱՊԱԳԵԱՆԻ

Տ. Եփրեմ Արքեպիսկոպոս Թապագեան ծնած է 24 Հոկտեմբեր 1941 թուականին, Պէյրութ (Լիբանան)։ Աւազանի անունով՝ Յակոբ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Նոր Սիս թաղամասի Լուսինեան Ազգային Վարժարանին մէջ։ Հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք մուտք գործած է 1 Հոկտեմբեր 1955-ին։   Աւարտելէ ետք Դպրեվանքի Ժառանգաւորաց բաժինը, սարկաւագ ձեռնադրուած է 1960-ին, ձեռամբ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Տ. Խորէն…

ՎԵՐՋԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏ Տ. ԵՓՐԵՄ ԱՐՔ. ԹԱՊԱԳԵԱՆԻ

Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Չորեքշաբթի, 1 Փետրուար 2023-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիցագոյն միաբաններէն, Արեւմտեան թեմի վաստակաւոր նախկին առաջնորդ Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեանի (1941-2023) թաղման եկեղեցւոյ կարգն ու վերջին օծումը:   Այս առիթով Ս. Պատարագ մատոյց եւ վերջին օծման կարգին նախագահեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾՕՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ

Չորեքշաբթի, 1 Փետրուար 2023-ի երեկոյեան, մարոնիթ եկեղեցւոյ հոգեւոր կեդրոն Պքէրքէի մէջ կայացաւ Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպում մը։ Նշենք, որ մարոնիթ եկեղեցւոյ պետ Ռայի Պատրիարքին կողմէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելութեան ընթացքին քննարկումներուն ընդմէջէն ծնած էր քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպումին մասին առաջարկ մը, որմէ ետք պիտի հանդիպէին նաեւ քրիստոնեայ երեսփոխանները, որպէսզի կարելի ըլլար հաւաքական…

ՔԱԹԱՐԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Չորեքշաբթի, 1 Փետրուար 2023-ի յետմիջօրէին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Քաթարի նորանշանակ դեսպան Իպրահիմ Պըն Ապտ Ալ-Ազիզ Սահլաուիի այցելութիւնը: Հանդիպման ներկայ էին Միացեալ Արաբական Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսերէճեան:   Հանդիպումը տեւեց շուրջ երկու ժամ: Լայն քննարկումի ենթարկուեցան հայ եկեղեցւոյ…