Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 20 Նոյեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ, յաջորդական հանդիպումներ ունեցաւ հետեւեալ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ.- Գարակէօզեան Հաստատութեան յանձնաժողով — Քննարկուեցան յատկապէս Լիբանանի ու Սուրիոյ մէջ հաստատութեան մասնաճիւղերուն գործունէութեան առնչուած նիւթեր։ Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց ի տես մեր համայնքներու կեանքին մէջ Գարակէօզեանին տարած աշխատանքին եւ թելադրեց վերանորոգ թափով շարունակել հաստատութեան նիւթական…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԽՕՍՔԸ՝ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՔՆՆԱՐԿՄԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ

Երկուշաբթի, 20 Նոյեմբեր 2023-ին, միացեալ նախաձեռնութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միջ-եկեղեցական Խորհուրդին եւ Ս. Վլատիմիր աստուածաբանական դպրեվանքին, կայացաւ միջ-եկեղեցական հարցերու քննարկման նուիրուած հանդիպում մը յիշեալ դպրեվանքի յարկին տակ։ Ներկայ էին թէ՛ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի եւ թէ՛ Խորհուրդի գործունէութեան իրենց հետեւողական մասնակցութիւնը բերած ամերիկաբնակ հոգեւորականներ ու համալսարանական դասախօսներ։   Նկատի ունենալով Վեհափառ Հայրապետին երկար տարիներու փորձառութիւնը միջ-եկեղեցական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԱՐՑԱԽԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՌՆՉՈՒԱԾ ՀԱՐՑԵՐ

Երեքշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2023-ին, նախապէս ճշդուած ժամադրութեամբ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ Վատիկանի ներկայացուցիչ Կապրիէլ Գաչիա Արքեպիսկոպոսը։   Հայրապետին մօտէն ծանօթ ըլլալով, Վատիկանի ներկայացուցիչին հանդիպումը Նորին Սրբութեան հետ տեւեց շուրջ երկու ժամ, մտերմիկ մթնոլորտի մէջ։ Քննարկումներուն մէջ կարեւոր տեղ գրաւեցին Արցախի հարցը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը եւ…

ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՈՒ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄԸ ՈՒ ՎԵՐԱԿԵՆՍԱՒՈՐՈՒՄԸ ԱՌԱՆՑՔԸ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐՈՒՆ ՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐՈՒՆ

«Մեր եկեղեցւոյ ու համայնքին վերանորոգումը ու վերակենսաւորումը առանցքը պէտք է դառնայ արեւելեան Ամերիկայի մեր ժողովուրդի կեանքին»։ Այս շեշտաւորումը կատարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ի պատիւ իրեն տրուած պաշտօնական ճաշկերոյթին, որ կազմակերպուած էր Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին կողմէ, Կիրակի, 19 Նոյեմբեր 2023-ին, Նիւ Եորքի մէջ։   Շրջապատուած Ամերիկայի Արեւելեան ու Արեւմտեան հայոց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔԻՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Ամերիկային Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Հայոց Թեմին կատարած այցելութեան առիթով եւ նկատի ունենալով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին մասնակցութիւնը միջ-եկեղեցական շարժումին եւ ունեցած լայն կապերը, Ազգային Առաջնորդարանը միջ-եկեղեցական աղօթքի արարողութիւն մը կազմակերպեց Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ: Վեհափառ Հայրապետին կողքին արարողութեան մասնակցեցան Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանը եւ Արեւմտեան Հայոց…

ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԻՐ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ՈՒՂՂԵՑ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ

Կիրակի, 19 Նոյեմբեր 2023-ին, Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ եպիսկոպոսական Ս. եւ Անմահ Պատարագ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին: Պատարագիչն էր Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանը: Եկեղեցին լեցուն էր թէ՛ Նիւ Եորքէն եւ թէ այլ շրջաններէ հաւատացեալներով, որոնք եկած էին հաղորդուելու Ս. Պատարագի խորհուրդով եւ…

ՆԻՒ ԵՈՐՔ ԺԱՄԱՆԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ

Ուրբաթ, 17 Նոյեմբեր 2023-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Նիւ Պրիթընէն մեկնեցաւ Նիւ Եորք: Առաջին հերթին, ան այցելեց Ս. Սարգիս եկեղեցի եւ դիմաւորուեցաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Նարեկ Քհնյ. Թրթռեանին, հոգաբարձութեան, ազգային երեսփոխաններուն եւ մեծ թիւով հաւատացեալներու կողմէ:   Առաջնորդ սրբազան հայրը՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանը ջերմօրէն ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին կատարած երրորդ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՊԱՏՈՒՈՅ ՀԻՒՐԸ ԵՂԱՒ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՅՈՅՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԻՆ

Հիւսիսային Ամերիկային Արեւելեան շրջանին իր հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, Ուրբաթ, 17 Նոյեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը պատուոյ հիւրը եղաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յոյն ուղղափառ համայնքի հոգեւոր պետ Էլփիտոֆորոս Արքեպիսկոպոսին:   Նիւ Եորքի մէջ հաստատուած յոյն ուղղափառ հոգեւոր կեդրոնին մէջ ընդունելով Վեհափառ Հայրապետը եւ իր շքախումբը, արքեպիսկոպոսը ողջունեց Նորին Սրբութեան այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներ, ինչպէս…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՔՆԷԹԻՔԸԹԻ ՆԻՒ ՊՐԻԹԸՆ ՔԱՂԱՔԸ

Հինգշաբթի, 16 Նոյեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Թրոյէն մեկնեցաւ Նիւ Պրիթըն (Քընէթիքըթ)  եւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մուտքին դիմաւորուեցաւ մօտակայ շրջաններէն ժամանած քահանայ հայրերու, հոգաբարձութեանց անդամներուն ու ազգային երեսփոխաններուն կողմէ:   Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Հրաշափառ»ի կանոնական արարողութիւնը, որուն աւարտին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանը ողջունեց Հայրապետին ժամանումը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԹՐՈՅԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ

Չորեքշաբթի, 15 Նոյեմբեր 2023-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր շքախումբին ընկերակցութեամբ, Նիւ Ճըրզիէն մեկնեցաւ Նիւ Եորքի մէջ գտնուող Թրոյ քաղաքը:   Հայ համայնքի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մուտքին համախմբուած գաղութի զաւակները դիմաւորեցին իրենց Հովուապետը, եւ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ կանոնական աղօթք։   Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան, որուն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆՉԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԸ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 15 նոյեմբեր 2023-ին, Նիւ Ճըրզիի մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան կեդրոնատեղին։ Վեհափառ Հայրապետին կ՚ընկերանային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանը, առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեանը, Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեանը եւ Կաթողիկոսարանի Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական…

ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ԾԻՐԷՆ ՆԵՐՍ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻ

Երեքշաբթի, 14 Նոյեմբեր 2023-ի, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետն ու շքախումբը այցելեցին Նիւ Ճըրզի եւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ առջեւ  ջերմօրէն դիմաւորուեցան առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեանին, քահանայից եւ դպրաց դասերուն, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ մեծ թիւով հաւատացեալներու կողմէ։   Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Հրաշափառ»ի կանոնական աղօթքը, որմէ ետք խօսք առաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան…

ՖԻԼԱՏԵԼՖԻԱ ԺԱՄԱՆԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ

Երկուշաբթի, 13 Նոյեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Ուաշինկթըն տուած հովուապետական այցելութենէն ետք, ժամանեց Ֆիլատելֆիա: Նորին Սրբութիւնը համայնքի զաւակներուն կողմէ դիմաւորուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մուտքին, ուր ներկայ էին եկեղեցւոյ քահանայ հայրերը, հոգաբարձութիւնը, տիկնանց միութիւնը եւ քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները: Նորին Սրբութեան շքախումբին մաս կը կազմէին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԸ

Երկուշաբթի, 13 Նոյեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեանի, այցելեց Ուաշինկթընի մէջ երկար տարիներէ ի վեր հաստատուած Հայ Դատի գրասենեակը: Նորին Սրբութեան պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՆՈՐ ԿԱՌՈՒՑՈՒԵԻԼԻՔ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈՂԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՏԱՐԵՑ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 12 Նոյեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Ուաշինկթընի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, առընթերակայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի:   Թէ՛ եկեղեցւոյ ու թէ՛ համայնքին սրահը լեցուն էին հաւատացեալներով, որոնք Ս. Պատարագին հետեւեցան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ

Շաբաթ, 11 Նոյեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ իր շքախումբին, այցելեց Ուաշինկթընի Ս. Խաչ եկեղեցի, ուր հայրապետական պատգամ ուղղեց ներկաներուն եւ ապա հանդիպեցաւ երիտասարդութեան հետ։   Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ հաւատացեալներու կողմէ ջերմ ընդունելութեան յաջորդեց Կանոնական աղօթքի կատարում, որմէ ետք Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան բարի գալուստի խօսք…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, անցնող օրերուն, յաջորդաբար այցելեց լիբանանեան եւ հայկական դեսպանատուները: Լիբանանեան դեսպանատան մէջ Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ դեսպան Ուաէլ Հաշեմին կողմէ, ներկայութեամբ դեսպանատան անձնակազմին։ Ներկայ էին նաեւ Ուաշինկթընի մէջ հաստատուած հայ թէ՛ լիբանանցի անձնաւորութիւններ:   Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադարձ կատարելու ընդհանրապէս Լիբանանը յուզող հարցերուն, ինչպէս նաեւ՝ հարաւային Լիբանանի մէջ Իսրայէլի կողմէ շարունակուող…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ «ՃՈՐՃ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ» ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 10 Նոյեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը դասախօսութիւն մը տուաւ «Ճորճ Ուաշինկթըն» համալսարանին մէջ՝ «Կրօնքը Միջին Արեւելքի Աշխարհաքաղաքական Յարաբերութիւններու Ծիրէն Ներս» խորագրեալ։   Առաջին հերթին, Նորին Սրբութիւնը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց ներկայ աշխարհին մէջ հետզհետէ աճող կրօնքին ներկայութիւնը ընկերութեան կեանքէն ներս եւ անոր ունեցած ազդեցութիւնը աշխարհաքաղաքական յարաբերութիւններու մէջ: Ան ըսաւ, որ հին դարերէն սկսեալ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ, ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԹԵՄԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հինգշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2023-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան ու Արեւտեան եւ Գանատայի թեմերու առանորդ սրբազաններու՝ Գերշ. Տ. անուշաւան Արք. Դանիէլեանի, Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի եւ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ ազգային վարչութեանց դիւաններու հանդիպումը։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՏԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ

Հինգշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան կեդրոնատեղին, Ուաշինկթընի մէջ, եւ հանդիպում ունեցաւ Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Մայք Ճոնսընի հետ, ապա՝ Քալիֆորնիան ներկայացնող երեսփոխան Էտըմ Շիֆին հետ:   Երկու հանդիպումներէն ետք Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրուեցաւ խորհրդարանի սրահ, ուր, խորհրդարանի նախագահին հրաւէրով, Նորին Սրբութիւնը աղօթքով բացումը կատարեց խորհրդարանի նիստին: Իր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 8 Նոյեմբեր 2023-ին, Ուաշինկթընի մէջ գումարուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ու Արեւմտեան եւ Գանատայի թեմերու հոգեւորականներու համագումարը: Թեմերը, առաջնորդ սրբազաններուն՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի (Արեւելեան Հայոց Թեմ), Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի (Գանատայի Հայոց Թեմ) եւ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի (Արեւմտեան Հայոց Թեմ) եւ հոգեւոր դասուն հետ, իրենց մասնակցութիւնը բերին յիշեալ համագումարին:  …

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Եկեղեցական Ընտանիքներու Քարտուղարներու տարեկան համագումարը տեղի ունեցաւ 30 Հոկտեմբերէն 3 Նոյեմբեր, 2023-ին, Պոսէի էքիւնենիք հիմնարկին եւ Ժընեւի էքիւմենիք կեդրոնին մէջ։ Այս ժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ՝ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեանը։   Իր ներկայացուցած զեկոյցին մէջ Հայր Հրանդ առաւելաբար կեդրոնացաւ Արցախի հարցին՝ դիտել տալով, որ Արցախի էթնիկ…

ՅԱՆՈՒՆ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՄԵՍՐՈՊ ԵՊՍ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՄԻՋ-ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանը, յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, 6-7 Նոյեմբեր 2023-ին, մասնակցեցաւ Ապու Տապիի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) մէջ տեղի ունեցած միջ-կրօնական համագումարին։   Այս համագումարը կազմակերպուած էր Վատիկանի, Ա.Մ.Է.ի եւ իսլամ բանասէրներու միութեան միացեալ նախաձեռնութեամբ։ Համագումարին նպատակն էր քննարկում կատարել Ապու Տապիի մէջ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ԺԱՄԱՆԵՑ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ (ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ)

«Սփիւռքի Տարի Բ. — Ինքնաքննութենէ Վերակազմակերպում» այս տարուան Հայրապետական հռչակագրին լոյսին տակ, Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը տարւոյս ընթացքին հովուապետական այցելութեամբ եղաւ Յունաստանի, Կիպրոսի, Քուէյթի, Գանատայի ու Լիբանանի թեմերէն ներս, նպատակ ունենալով մեր թեմերուն ընդմէջէն Սփիւռքի կեանքը վերակազմակերպել՝ հոգեւոր, մշակութային, կրթական, վարչկան ու կազմակերպչական մարզերէն ներս։   Արդարեւ, Երկուշաբթի, 6 Նոյեմբեր…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Շաբաթ, 4 Նոյեմբեր 2023-ին, ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Հայոց Թեմի ազգային վարչութեան, գլխաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի։   Առաջնորդ սրբազանը խօսք առնելով՝ թեմին կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայրապետին, անցնող օրերու ընթացքին թեմին շնորհած յաջորդական երեք այցելութիւններուն համար։ Յիշեալ այցելութիւնները ու հանդիպումները, ազգային իշխանութեան ու ծխային շրջաններու մարմիններուն եւ գաղութէն ներս…