Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԹՐՈՅԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ

Չորեքշաբթի, 15 Նոյեմբեր 2023-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր շքախումբին ընկերակցութեամբ, Նիւ Ճըրզիէն մեկնեցաւ Նիւ Եորքի մէջ գտնուող Թրոյ քաղաքը:   Հայ համայնքի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մուտքին համախմբուած գաղութի զաւակները դիմաւորեցին իրենց Հովուապետը, եւ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ կանոնական աղօթք։   Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան, որուն…