Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆՉԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԸ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 15 նոյեմբեր 2023-ին, Նիւ Ճըրզիի մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան կեդրոնատեղին։ Վեհափառ Հայրապետին կ՚ընկերանային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանը, առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեանը, Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեանը եւ Կաթողիկոսարանի Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական…

ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ԾԻՐԷՆ ՆԵՐՍ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻ

Երեքշաբթի, 14 Նոյեմբեր 2023-ի, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետն ու շքախումբը այցելեցին Նիւ Ճըրզի եւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ առջեւ  ջերմօրէն դիմաւորուեցան առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեանին, քահանայից եւ դպրաց դասերուն, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ մեծ թիւով հաւատացեալներու կողմէ։   Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Հրաշափառ»ի կանոնական աղօթքը, որմէ ետք խօսք առաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան…