Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 20 Նոյեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ, յաջորդական հանդիպումներ ունեցաւ հետեւեալ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ.-

  1. Գարակէօզեան Հաստատութեան յանձնաժողով — Քննարկուեցան յատկապէս Լիբանանի ու Սուրիոյ մէջ հաստատութեան մասնաճիւղերուն գործունէութեան առնչուած նիւթեր։ Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց ի տես մեր համայնքներու կեանքին մէջ Գարակէօզեանին տարած աշխատանքին եւ թելադրեց վերանորոգ թափով շարունակել հաստատութեան նիւթական օժանդակութիւնները։
  1. Ազունիէի Ազգային Բուժարանի խնամակալութիւն — Լայնօրէն անդրադարձ կատարուեցաւ բուժարանին կողմէ վերջին շրջանին իրականացուած ու յառաջիկայի ծրագիրներուն մասին։ Հայրապետը գնահատելով նոր խնամակալութեան գործունէութիւնը՝ թելադրեց, որ ամսական նպաստին առընթեր, ան նաեւ ֆինանսաւորէ բուժարանին կարեւոր ծրագիրները։
  1. Ամերիկայի Միջին Արեւելքի Մարդասիրական Օժանդակութեան հիմնարկ — Յայտնենք, որ համաշխարհային առաջին պատերազմէն ետք հաստատուած այս հիմնարկին կը պատկանէր Անթիլիասի որբանոցը. ապա, 1930 թուականին, խորհրդանշական գումարով մը, փոխանցուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։ Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց հիմնարկին աջակցութիւնը մեր Ս. Աթոռին եւ շարունակուող գործակցութիւնը։
  1. Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կեդրոնական կոմիտէութիւն — Արամ Ա. Կաթողիկոսը ամփոփ գիծերով պարզեց Արցախի գծով Կաթողիկոսութեան կատարած աշխատանքները: Հանդիպման ընթացքին շեշտուեցաւ գաղութը վերակազմակերպելու հրամայականը։