Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ, ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԹԵՄԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հինգշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2023-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան ու Արեւտեան եւ Գանատայի թեմերու առանորդ սրբազաններու՝ Գերշ. Տ. անուշաւան Արք. Դանիէլեանի, Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի եւ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ ազգային վարչութեանց դիւաններու հանդիպումը։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՏԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ

Հինգշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան կեդրոնատեղին, Ուաշինկթընի մէջ, եւ հանդիպում ունեցաւ Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Մայք Ճոնսընի հետ, ապա՝ Քալիֆորնիան ներկայացնող երեսփոխան Էտըմ Շիֆին հետ:   Երկու հանդիպումներէն ետք Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրուեցաւ խորհրդարանի սրահ, ուր, խորհրդարանի նախագահին հրաւէրով, Նորին Սրբութիւնը աղօթքով բացումը կատարեց խորհրդարանի նիստին: Իր…