ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՈՒ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄԸ ՈՒ ՎԵՐԱԿԵՆՍԱՒՈՐՈՒՄԸ ԱՌԱՆՑՔԸ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐՈՒՆ ՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐՈՒՆ

«Մեր եկեղեցւոյ ու համայնքին վերանորոգումը ու վերակենսաւորումը առանցքը պէտք է դառնայ արեւելեան Ամերիկայի մեր ժողովուրդի կեանքին»։ Այս շեշտաւորումը կատարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ի պատիւ իրեն տրուած պաշտօնական ճաշկերոյթին, որ կազմակերպուած էր Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին կողմէ, Կիրակի, 19 Նոյեմբեր 2023-ին, Նիւ Եորքի մէջ։

 

Շրջապատուած Ամերիկայի Արեւելեան ու Արեւմտեան հայոց թեմերու առաջնորդներով՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան ու Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, այլեւ Արեւելեան թեմէն ներս ծառայող միաբան հայրերով, պաշտօնական ճաշկերոյթի աւարտին Վեհափառ Հայրապետը եզրակացնելով աւելի քան երկու շաբաթներու վրայ տարածուած իր Հովուապետական այցելութիւնը, չորս կէտերու մէջ ամփոփեց իր եզրափակիչ պատգամը։

 

1) Կ՚ապրինք համաշխարհայնացած դարու մէջ։ Համաշխարհայնացումը էապէս մշակոյթ է՝ ճարտարագիտութեամբ տիրապետուած, որ թափանցած է բոլոր ընկերութիւններու կեանքէն ներս։ Արժէքներ քանդող, սահմաններ շրջանցող այս մշակոյթը նաեւ տիրական ներկայութիւն է մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Չենք կրնար պայքարիլ անոր դէմ, սակայն, միաժամանակ, համակերպումը վնասաբեր է։ Անհրաժեշտ է քննական երկխօսութիւն ունենալ՝ մէկ կողմէն օգտագործելով համաշխարհայնացումի դրական երեսները եւ միւս կողմէ ամրացնելով մեր ինքնութիւնը երաշխաւորող արժէքները։ Այս գծով էական է երիտասարդութեան դերը։

 

2) Մեր եկեղեցւոյ վերանորոգումը հրամայական է։ Վերանորոգումը սոսկ փոփոխութիւն չէ, այլ վերարժեւորում եւ ներկայ պայմաններու լոյսին տակ եկեղեցւոյ կեանքին ու վկայութեան վերանորոգում, բնականաբար պահպանելով մեր եկեղեցւոյ իւրայատկութիւնը։ Այս իմաստով բարոյագիտական արժէքներու գծով մեր եկեղեցւոյ տեսակէտին յստակացումը այլեւս դարձած է անհրաժեշտութիւն։

 

3) Ամերիկան ցեղային, մշակութային ու կրօնական համայնքներու ամբողջութիւն է՝ ընկերային-քաղաքական հասարակաց արժէքներու վրայ հաստատուած։ Մենք եւս մաս կը կազմենք այս ընկերութեան։ Սակայն, ինչպէս այլ համայնքներ յատուկ ճիգ կը թափեն պահպանելու իրենց մշակութային ու կրօնական ինքնութիւնը, նոյնը պէտք է կատարէ նաեւ մեր համայնքը։ Սա մնայուն մարտահրաւէր է մեր դիմաց։

 

4) Մեր ազգն ու հայրենիքը կ՚ապրին ճակատագրական դարաշրջանի մէջ։ Այս մասին յաճախ անդրադարձած ենք մեր պատգամներուն մէջ։ Աւելի քան երբեք կարիքը ունինք, աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմաններու լոյսին տակ, մշակելու նոր ռազմավարութիւն մը, որպէսզի կարելի ըլլայ պահել Հայաստանի գերիշխանութիւնը, ամբողջականութիւնը ու անվտանգութիւնը։ Մենք կարիքը ունինք այնպիսի ղեկավարներու, որոնք կարենան ներկայ ժամանակներու համապատասխան կերպով կեցուածքներ ճշդել եւ մեր ազգն ու հայրենիքը առաջնորդել ճիշդ ուղղութեամբ։

 

Ճաշկերոյթի աւարտին, ընդառաջելով Թեմի խնդրանքին, Նորին Ս. Օծութիւնը պարգեւատրեց երեք արժանաւորներ.- դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանը՝ «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով, Գառնիկ Ալաճաճեանը՝ «Կիլիկեան Ասպետ» շքանշանով եւ Ռիչըրտ Գարօլանը՝ «Կիլիկեան Իշխան» շքանշանով։ Իսկ Ազգային Առաջնորդարանի «Զապէլ Թագուհի» մետալով պարգեւատրուեցաւ նաեւ Ռիչըրտի մայրը՝ Թինա Գարօլանը։

 

Յայտնենք, որ ճաշկերոյթի ընթացքին գեղարուեստական յայտագիր մը հրամցուեցաւ ներկաներուն, որուն բացումը կատարեց Թամար Գանարեանը։ Խօսք առին նաեւ Հրանդ Պետրոսեանը, Արամ Համբարեանը, Արամ Սարաֆեանը եւ Ազգային Առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող երիտասարդներ։

 

Պաշտօնական ճաշկերոյթը իր աւարտին հասաւ Հայոց Հայրապետին «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» օրհներգի միաբերան երգեցողութեամբ։