Հինգշաբթի, 16 Նոյեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Թրոյէն մեկնեցաւ Նիւ Պրիթըն (Քընէթիքըթ) եւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մուտքին դիմաւորուեցաւ մօտակայ շրջաններէն ժամանած քահանայ հայրերու, հոգաբարձութեանց անդամներուն ու ազգային երեսփոխաններուն կողմէ:
Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Հրաշափառ»ի կանոնական արարողութիւնը, որուն աւարտին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանը ողջունեց Հայրապետին ժամանումը Նիւ Պրիթըն եւ մաղթեց, որ անոր օրհնաբեր այցելութիւնը նոր կենսունակութիւն բերէ եկեղեցւոյ ու համայնքի կեանքին մէջ: Ապա հրաւիրեց Հայրապետը՝ ներկաներուն յղելու հայրապետական պատգամը։
Նորին Սրբութիւնը հաւատացեալներուն ուղղած իր պատգամին որպէս բնաբան ընտրած էր «Ո՜վ Տէր, աւելցուր մեր հաւատքը, յոյսը եւ սէրը» երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին արտասանուող աղօթաբոյր խօսքերը: Ան ըսաւ, որ ամէն օր եկեղեցւոյ մէջ այս մաղթանքը կը վերառաքենք Ամենակալին, որպէսզի մեր հաւատքը, յոյսը եւ սէրը աւելցնէ եւ մեր կեանքը Աստուածահաճոյ արժէքներով լեցնէ։ Ընդհանուր գիծերով անդրադառնալէ ետք իւրաքանչիւր բառի իմաստին ու մեր կեանքին մէջ անհրաժեշտութեան, Նորին Ս. Օծութիւնը թելադրեց ժողովուրդին իրենց քրիստոնէական ու ազգային կեանքը շաղախելու հաւատքով, յոյսով ու սիրով: Իր պատգամի երկրորդ բաժինին մէջ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց եկեղեցւոյ դերը համայնքի կեանքին մէջ, իբրեւ մեր զաւակները համախմբող եւ անոնց կարիքներուն ծառայելու կոչուած հոգեւոր առաքելութիւն:
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ աջահամբոյր. ապա, եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ՝ ընթրիք, մասնակցութեամբ ծխայիններու ու զանազան շրջաններէն ժամանած հիւրերու:
Ընթրիքին, առաջնորդ սրբազանին բարի գալստեան խօսքէն ետք, Արամ Ա. Հայրապետը իր օրհնութեան խօսքին մէջ ընդգծեց եկեղեցին հոգեւոր ընտանիք ըլլալու իրողութիւնը: Որպէս Աստուծոյ ընտանիքը, եկեղեցին մեզ քով-քովի կը բերէ եւ իրարու կը կամրջէ նոյն հաւատքով, սիրով ու յոյսով, ըսաւ ան: Շարունակելով իր պատգամը՝ Հայրապետը յայտնեց, որ եթէ այս եկեղեցին՝ Ս. Ստեփանոս եկեղեցին, շրջանի ամենահին եկեղեցիներէն մէկը եղած է, չմոռնանք երբեք, որ հայ եկեղեցին աշխարհի ամենահին եկեղեցին է: Առաջին դարու վերջաւորութեան քրիստոնէութիւնը մուտք գործած է Հայաստան եւ 301 թուականին հռչակուած է իբրեւ պետական կրօնք: Մենք հպարտ պէտք է ըլլանք, որ առաջին քրիստոնեայ ազգն ենք, սակայն պատմական այս նշանակալից դէպքը մեզ պէտք է մղէ առաւել հաւատքով մասնակից դառնալու մեր եկեղեցւոյ կեանքին, շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը:
Ճաշկերոյթէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը առիթ ունեցաւ մտերմիկ հանդիպումներ ու զրոյցներ ունենալու այլ շրջաններէ ժամանած հոգաբարձուներու եւ ազգային երեսփոխաններու հետ:
Յաջորդ առաւօտ՝ Ուրբաթ, 17 Նոյեմբերին, Վեհափառ Հայրապետը, իր պատուիրակութեան անդամներուն հետ, մեկնեցաւ Նիւ Եորք (Մանհաթըն):