Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 8 Նոյեմբեր 2023-ին, Ուաշինկթընի մէջ գումարուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ու Արեւմտեան եւ Գանատայի թեմերու հոգեւորականներու համագումարը: Թեմերը, առաջնորդ սրբազաններուն՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի (Արեւելեան Հայոց Թեմ), Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի (Գանատայի Հայոց Թեմ) եւ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի (Արեւմտեան Հայոց Թեմ) եւ հոգեւոր դասուն հետ, իրենց մասնակցութիւնը բերին յիշեալ համագումարին:

 

Համագումարին նպատակն էր հաւաքական քննարկումի ենթարկել ընկերաբարոյական կարգ մը հարցեր, որոնք անմիջականօրէն առնչուած են մեր համայնքներու առօրեայ կեանքին եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր առաքելութեան ու ազգային ծառայութեան:

 

Վեհափառ Հայրապետը բացումը կատարելով համագումարին՝ շեշտեց, որ սա եզակի երեւոյթ մըն է, երբ, ընդառաջելով իր թելադրութեան, առաջնորդ սրբազաններուն կազմակերպութեամբ, տեղի կ՚ունենայ նման նախաձեռնութիւն մը: Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, որ համագումարին նպատակը քննարկուելիք խնդիրներուն լուծում տալ չէ, այլ Աստուածաշունչին, մեր եկեղեցւոյ հայրերուն ուսուցումներուն եւ ներկայ իրականութիւններուն լոյսին տակ, միշտ հովուական տեսանկիւնէ դիտուած, փորձել յստակեցումներ կատարել եւ ապա հաւաքական մօտեցումներ ճշդել է:

 

Համագումարին առաջին բաժինը բաղկացած էր երկու դասախօսութիւններէ, որոնք տրուեցան բարոյագիտական հարցերու դասախօս ու հեղինակ դոկտ. Վիգէն Կիւրոյեանի եւ դատաւոր Տէյվիտ Էրիքսընի կողմէ: Առաջինը ընկերաբարոյագիտական հայեցակէտով իր վերլուծումը պարզեց կարգ մը խնդիրներու գծով, յատկապէս նկատի ունենալով Միացեալ Նահանգներու պարզած ընկերային միջավայրը: Երկրորդ դասախօսը նոյն հարցերուն մօտեցաւ իրաւական տեսանկիւնէ, իր կարգին ընդգծելով ընկերաբարոյագիտական հարցերուն պարզած բարդ հանգամանքը: Իւրաքանչիւր դասախօսութենէ ետք հոգեւորականները իրենց հարցումները ուղղեցին դասախօսներուն: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը իր եզրափակիչ խօսքը արտասանեց: Ակնարկելով եկեղեցիներու ներկայութեան Միացեալ Նահանգներու մէջ, ան ըսաւ, որ քրիստոնէութիւնը կը դիմագրաւէ շարք մը լուրջ մարտահրաւէրներ, որոնց կարգին են քրիստոնէութեան աշխարհայնացումը, ամերիկայնացումը եւ համաշխարհայնացման մշակոյթին աճող տիրապետութիւնը: Այս երեւոյթներուն բացասական հետեւեանքները եկեղեցիներու կեանքին, մտածողութեան ու վկայութեան մէջ հետզհետէ դարձած են տիրական: Արամ Ա. Հայրապետը ըսաւ, որ այս առանցքին վրայ պէտք է դիտուին ընկերաբարոյագիտական հարցերը: Ապա, ան իր տեսակէտները պարզեց երկու դասախօսներուն ներկայացուցած կարգ մը կէտերու շուրջ:

 

Երեկոյեան չորս դասախօսութիւններ տրուեցան յաջորդաբար Գերպ. Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէքեանի, Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանի, Արժ. Տ. Վահան Քհնյ. Գույումճեանի եւ Արժ. Տ. Նարեկ Քհնյ Թռթրեանի կողմէ, որոնք լայնօրէն անդրադարձան հետեւեալ հարցերուն.- վիժում, արհեստական յղացում, սեռային անբնական հակումներ, հոգեբանական խնդիրներ, դիակիզում ու հեշտամահ: Իւրաքանչիւր զեկոյցէ ետք հոգեւոր հայրերը դարձեալ առիթը ունեցան իրենց հարցումները ուղղելու դասախօսներուն, որոնք տուին համապատասխան լուսաբանական պատասխաններ։

 

Համագումարը յաջորդաբար վարեցին Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ Եմիշեանը եւ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեանը:

 

Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ երեք մարզերու.-

 

ա) Ընկերաբարոյական հարցերը բազմազան են ու այլազան եւ անոնք առաւել կամ նուազ չափով համամարդկային են եւ բնականաբար ունին տարբեր արտայայտութիւններ տարբեր ընկերութիւններու կեանքէն ներս: Անհրաժեշտ է, որ մեր քննարկումները շարունակուին: Մեր եկեղեցւոյ մօտեցումը պէտք է ըլլայ ո՛չ դաւանական ու տոկմաթիք, այլ՝ հովուական, եւ անհրաժեշտ է հասկացողութիւն ցուցաբերել յատուկ պարագաներու, միշտ մեկնելով եկեղեցւոյ ուսուցումներէն: Այս ծիրէն ներս հարկ է նկատի ունենալ ճարտարագիտական մարզին մէջ տեղի ունեցող զարգացումները եւ անոնց առնչութիւնը աստուածաբանական սկզբունքներուն ու հոգեւոր արժէքներուն:

 

բ) Նորին Սրբութիւնը թելադրեց երեք առաջնորդ սրբազաններուն, որ համագումարին քննարկուած նիւթերը ամփոփեն ու անոնցմէ յառաջացած առաջարկները ներկայացնեն իրեն, որպէսզի յառաջիկայ ամիս Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ կայանալիք Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովին ընթացքին յատուկ քննարկումներու ենթարկուին: Հայրապետը այս ուղղութեամբ նաեւ թելադրեց հոգեւոր հայրերուն լուսաբանական յօդուածներ գրելու եւ անհրաժեշտ տեղեկութիւնները ու ուղղութիւնները փոխանցելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն, իրենց կեանքին հետ սերտ աղերս ունեցող ընկերաբարոյական հայրցերուն մասին:

 

գ) Հայոց Հայրապետը անդրադարձաւ հոգեւոր հայրերուն առաքելութեան առնչուած շարք մը գործնական հարցերու, շեշտելով ծխային համայնքներու վերաշխուժացման հրամայականը՝ Սփիւռքի վերակազմակերպման աշխատանքներու ծիրէն ներս: Այս առիթով, ան իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց առաջնորդ սրբազան հայրերուն եւ բոլոր հոգեւորականներուն՝ իրենց կատարած նախապատրաստական աշխատանքներուն եւ համագումարին իրենց բերած գործօն մասնակցութեան համար:

 

Յայտնենք, որ համագումարը սկսաւ առաւօտեան ժամերգութեամբ եւ փակուեցաւ երեկոյեան ժամերգութեամբ: