Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՆՈՐ ԿԱՌՈՒՑՈՒԵԻԼԻՔ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈՂԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՏԱՐԵՑ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 12 Նոյեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Ուաշինկթընի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, առընթերակայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի:   Թէ՛ եկեղեցւոյ ու թէ՛ համայնքին սրահը լեցուն էին հաւատացեալներով, որոնք Ս. Պատարագին հետեւեցան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ

Շաբաթ, 11 Նոյեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ իր շքախումբին, այցելեց Ուաշինկթընի Ս. Խաչ եկեղեցի, ուր հայրապետական պատգամ ուղղեց ներկաներուն եւ ապա հանդիպեցաւ երիտասարդութեան հետ։   Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ հաւատացեալներու կողմէ ջերմ ընդունելութեան յաջորդեց Կանոնական աղօթքի կատարում, որմէ ետք Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան բարի գալուստի խօսք…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, անցնող օրերուն, յաջորդաբար այցելեց լիբանանեան եւ հայկական դեսպանատուները: Լիբանանեան դեսպանատան մէջ Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ դեսպան Ուաէլ Հաշեմին կողմէ, ներկայութեամբ դեսպանատան անձնակազմին։ Ներկայ էին նաեւ Ուաշինկթընի մէջ հաստատուած հայ թէ՛ լիբանանցի անձնաւորութիւններ:   Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադարձ կատարելու ընդհանրապէս Լիբանանը յուզող հարցերուն, ինչպէս նաեւ՝ հարաւային Լիբանանի մէջ Իսրայէլի կողմէ շարունակուող…