ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Շաբաթ, 4 Նոյեմբեր 2023-ին, ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Հայոց Թեմի ազգային վարչութեան, գլխաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի։ Առաջնորդ սրբազանը խօսք առնելով՝ թեմին կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայրապետին, անցնող օրերու ընթացքին թեմին շնորհած յաջորդական երեք այցելութիւններուն համար։ Յիշեալ այցելութիւնները ու հանդիպումները, ազգային իշխանութեան ու ծխային շրջաններու մարմիններուն եւ գաղութէն ներս…