Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ԺԱՄԱՆԵՑ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ (ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ)
«Սփիւռքի Տարի Բ. — Ինքնաքննութենէ Վերակազմակերպում» այս տարուան Հայրապետական հռչակագրին լոյսին տակ, Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը տարւոյս ընթացքին հովուապետական այցելութեամբ եղաւ Յունաստանի, Կիպրոսի, Քուէյթի, Գանատայի ու Լիբանանի թեմերէն ներս, նպատակ ունենալով մեր թեմերուն ընդմէջէն Սփիւռքի կեանքը վերակազմակերպել՝ հոգեւոր, մշակութային, կրթական, վարչկան ու կազմակերպչական մարզերէն ներս։ Արդարեւ, Երկուշաբթի, 6 Նոյեմբեր…