17 November, 2023

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԹՐՈՅԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ

Չորեքշաբթի, 15 Նոյեմբեր 2023-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր շքախումբին ընկերակցութեամբ, Նիւ Ճըրզիէն մեկնեցաւ Նիւ Եորքի մէջ գտնուող Թրոյ քաղաքը:

 

Հայ համայնքի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մուտքին համախմբուած գաղութի զաւակները դիմաւորեցին իրենց Հովուապետը, եւ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ կանոնական աղօթք։

 

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան, որուն կողքին ներկայ էր Գանատայէն ժամանած Գերշ. Տ. Սուրէն Արք. Քաթարոյեանը, ինչպէս նաեւ՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեանը եւ Սարգիս Վրդ. Աբրահամեանը, ողջունեց Հայրապետին ներկայութիւնը եւ հրաւիրեց զինք՝ փոխանցելու հայրական օրհնութեան խօսքը։

 

Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ սիրոյ հրամայականին վրայ՝ նշելով, որ եկեղեցին սիրոյ համայնք է. Քրիստոս ո՛չ միայն սիրեց մարդը, այլ նաեւ պատգամեց զիրար սիրել, յայտնեց ան: Արդարեւ, սիրելը զգացական վիճակ մը չէ. սէրը կ՚ենթադրէ՝ նուիրում, ծառայութիւն եւ օգնութիւն: Հետեւաբար, մեր սէրը գործնապէս պէտք է արտայայտենք՝ մեր փոքր ընտանիքը ու մեծ ընտանիքը՝ ազգը, սիրելով եւ օժանդակելով մեր եկեղեցւոյ ու համայնքի ծրագիրներուն, ըսաւ Նորին Ս. Օծութիւնը:

 

Եկեղեցական արարողութենէն եւ Նորին Սրբութեան խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ աջահամբոյր:

 

Նոյն օրը, Վեհափառ Հայրապետին իջեւանած պանդոկին մէջ կազմակերպուեցաւ ճաշկերոյթ՝ ի պատիւ Հայոց Հայրապետին: Յաջորդաբար խօսք առին Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Անդրանիկ Գարակէօզեանը եւ առաջնորդ սրբազան հայրը։ իր խօսքին մէջ Անուշաւան Արք.ը ուրախութեամբ յայտնեց, որ 25 տարիներ ետք երկրորդ անգամ ըլլալով Հայրապետը այցելութիւն կը շնորհէ եւ օրհնութիւն կը բերէ Թրոյի հայ գաղութին: Ապա, ան հրաւիրեց Սրբազնագոյն Հայրապետը՝ փոխանցելու Հայրապետական պատգամը։

 

Նորին Սրբութիւնը շեշտեց մեր աւանդութիւններուն ու արժէքներուն ամրօրէն կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը՝ միշտ համախմբուելով եկեղեցւոյ շուրջ: Եկեղեցին մեր տունն է՝ Աստուծոյ տունը ըլլալով հանդերձ: Պէտք է մեր եկեղեցին պահենք պայծառ՝ մեր մասնակցութեամբ, որպէսզի մեր ընտանիքները եկեղեցւոյ ճամբով պայծառանան եւ լեցուին Աստուծոյ օրհնութեամբ:

 

Յաջորդ առաւօտ, Հինգշաբթի, 16 Նոյեմբերին, Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեցին Թրոյ համայնքի քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները: Ինչպէս բոլոր գաղութներու պարագային, այստեղ եւս Նորին Սրբութիւնը թելադրեց միութիւններուն իրենց գործունէութիւնը ծաւալել ու վերակազմակերպել:

 

Հանդիպումէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը իր շքախումբով մեկնեցաւ Քընէքթիքըթ նահանգի Նիւ Պրիթըն քաղաքը: