ՆԻՒ ԵՈՐՔ ԺԱՄԱՆԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ

Ուրբաթ, 17 Նոյեմբեր 2023-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Նիւ Պրիթընէն մեկնեցաւ Նիւ Եորք: Առաջին հերթին, ան այցելեց Ս. Սարգիս եկեղեցի եւ դիմաւորուեցաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Նարեկ Քհնյ. Թրթռեանին, հոգաբարձութեան, ազգային երեսփոխաններուն եւ մեծ թիւով հաւատացեալներու կողմէ:

 

Առաջնորդ սրբազան հայրը՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանը ջերմօրէն ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին կատարած երրորդ այցելութիւնը յիշեալ եկեղեցին: Ան ըսաւ, որ այս եկեղեցին թեմի աշխոյժ ու կազմակերպ համայնքներէն մէկն է, ուր բոլոր կառոյցները ներդաշնակօրէն կը ծառայեն մեր ժողովուրդի զաւակներուն:

 

Իր Հայրապետական պատգամին մէջ, Նորին Սրբութիւնը նախ իր գնահատանքը յայտնեց առաջնորդ սրբազանին, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան ու շրջանի կառոյցներուն եւ ապա անդրադարձաւ եկեղեցւոյ կեանքին ու վկայութեան՝ իբրեւ Աստուծոյ տունը: Բոլորս այս տան զաւակներն ենք. այս տունը մեզ կը պաշտպանէ կեանքի բոլոր չարիքներէն. այս տունը մեր հաւատքը կը զօրացնէ. այս տունը մեզ կը մղէ սիրել զիրար եւ երբեք չի յուսահատիր կեանքի դժուարութիւններուն դիմաց: Հետեւաբար, հարկ է մասնակից դառնալ եկեղեցւոյ կեանքին, առաքելութեան ու ծառայութեան, շեշտեց Նորին Սրբութիւնը:

 

Ապա, եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին Նարեկ քահանան խօսք առնելով՝ հրաւիրեց ժողովուրդը իրենց մտահոգութիւնները եւ հարցումները ուղղելու Հայոց Հայրապետին: Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին Հայրապետը անհրաժեշտ բացատրութիւնները ու լուսաբանութիւնները տուաւ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին:

 

Յայտնենք, որ Նորին Ս. Օծութիւնը իր բոլոր պատգամները յղեց հայերէնով ու անգլերէնով եւ միշտ առիթ տուաւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն իրենց հարցումները ուղղելու եւ սպասումները ու մտահոգութիւնները յայտնելու իրեն:

 

Յաջորդ օրը՝ Շաբաթ, 18 Նոյեմբերին, տեղի ունեցաւ երիտասարդութեան ու Վեհափառ Հայրապետին միջեւ հանդիպում-զրոյց՝ մասնակցութեամբ Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ ու Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ եւ Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ երիտասարդութեան: Շուրջ 100 երիտասարդներու հետ երկու ժամ տեւած հանդիպումը փաստօրէն երկխօսութիւն մըն էր։ Հարցումները առաւելաբար առնչուած էին Սփիւռքի վերակազմակերպման, եկեղեցւոյ վերանորոգման եւ յատկապէս երիտասարդութեան դերակատարութեան հայ կեանքէն ներս։