Շաբաթ, 11 Նոյեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ իր շքախումբին, այցելեց Ուաշինկթընի Ս. Խաչ եկեղեցի, ուր հայրապետական պատգամ ուղղեց ներկաներուն եւ ապա հանդիպեցաւ երիտասարդութեան հետ։
Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ հաւատացեալներու կողմէ ջերմ ընդունելութեան յաջորդեց Կանոնական աղօթքի կատարում, որմէ ետք Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց։ Ան ողջունեց Հայրապետին ներկայութիւնը՝ զայն նկատելով օրհնաբեր եւ հոգեւոր վերանորոգման առիթ ու հրաւիրեց Նորին Սրբութիւնը՝ հաւատացեալներուն փոխանցելու իր Հայրապետական պատգամը։
Հայրապետական պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց եկեղեցին Աստուծոյ տունը ըլլալու իրողութիւնը եւ թելադրեց հաւատացեաներուն, որ այս ըմբռնումով մօտենան եկեղեցւոյ։ Ան ըսաւ, որ եկեղեցին վայր մը չէ, ուր կ՚երթանք պարզապէս ներկայ գտնուելու ծիսական արարողութեան մը, այլ Աստուծոյ տունն է, որուն անդամներն ենք մենք։ Հետեւաբար, մենք ո՛չ միայն գործնապէս մասնակից պէտք է դառնանք եկեղեցւոյ կեանքին, այլ նաեւ մեր գիտակից ու հետեւողական մասնակցութեամբ պէտք է եկեղեցի՛ դառնանք։
Եկեղեցական արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ աջահամբոյր, որուն հետեւեցաւ երիտասարդներու հետ հանդիպում, եկեղեցւոյ սրահին մէջ։
Քաջալերական էր տեսնել մեծ թիւով երիտասարդներու ու անոնց ծնողներուն ներկայութիւնը այս հաւաքին։
Երիտասարդներուն հետ զրոյցը վարեց Ուաշինկթընի Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէն Արամ Համբարեանը։ Ան Հայրապետը ներկայացուց անոր ունեցած բազմակողմ փորձառութեանց առընթեր, նաեւ իբրեւ հոգեւոր պետ մը, որ միշտ քաջալերած է ու կը քաջալերէ երիտասարդներու մասնակցութիւնը հայ կեանքին մէջ։
Ապա, Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ յատկապէս ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է երիտասարդութեան հե՛տ խօսիլ եւ ո՛չ թէ՝ միայն թելադրել կամ հրահանգել, ու զրոյցը շարունակեց պատասխանելով երիտասարդներուն հարցումներուն, որոնք առաւելաբար առնչուած էին Սփիւռքի վերակազմակերպման, հայ եկեղեցւոյ վերանորոգման ու առաքելութեան եւ մեր ինքնութեան պահպանման՝ սփիւռքեան դժուարին պայմաններուն մէջ։
Հանդիպման աւարտին Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատական ու քաջալերական խօսքին մէջ հայրական կոչ ուղղեց երիտասարդներուն՝ դառնալու աշխոյժ ու գործօն ներկայութիւն հայ կեանքէն ներս՝ թէ՛ եկեղեցւոյ եւ թէ՛ մեր միութիւններուն ճամբով։